Մահախօսական. Խօսք ի խորոց սրտի յաւերժի ճամբորդին՝ Տոքթ. Գէորգ Քեշիշեանին

ՊԵՐՃ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ .- Յարգելի սգակից հարազատներ եւ բարեկամներ,
Խոր ցաւով իմացայ մահուան ցնցիչ գոյժը Տոքթ. Գէորգ Քեշիշեանին, եւ ուշ գիշերուան հեւքին մէջ, յուշերով օրօրուն ու կիսարթուն, հոգի ալեկոծող զգացումով ու խոնաւ աչքերով, կը փորձէի թուղթին յանձնել մտորումներս անցեալի… ու երեկոն դարձաւ «տխուր եւ ամայի՝ ինչպէս թաղար մը առանց ծաղիկի…»։
Այսօր, հակիրճօրէն կը փափաքիմ մտքիս պրիսմակէն ձեզի փոխանցել Տոքթ. Գէորգ Քեշիշեանի մարդկայնական յատկանիշները, համոզումները ու մանաւանդ սիրոյ գաղափարին նկատմամբ ունեցած իր կեանքի փիլիսոփայութիւնը, որ կը կազմէր իր էութեան խորքն ու կորիզը։
Բարձր բարոյական սկզբունքներով ու մտաւորական լի պաշարով օժտուած անձ մըն էր Տոքթ. Գէորգ Քեշիշեան։ Ոչ միայն մարմնի, այլ նոյնիսկ հոգիի բժիշկ էր, սրտի ու մտքի խուզարկող, սիրոյ ու բարիութեան մարմնացում, ազնուական եւ ուղղամիտ ու սուրբի մը նման անսայթաք նկարագրի տէր։ Ունէր պատկերաւոր հարուստ բառապաշար, վկայ՝ հեղինակած չորս բժշկագիտական հատորները, որոնք լուսաւորեցին միտքերն բոլոր ընթերցասէր հայութեան ի սփիւռս եւ ի Հայաստան աշխարհի…։
Ճշմարտախօսութիւնը անջնջելիօրէն դրոշմուած էր իր հոգիին մէջ ու դարձեր բնաւորութեան հիմնական յատկանիշներէն մէկը։ Նկարագրով՝ գաղափարապաշտ ու խորապէս սկզբունքային համոզումներու տէր, սիրալիր եւ ազնուասիրտ՝ հաճելի խօսակից մըն էր։
Չէր սիրեր աւելորդ փառաբանութիւնը եւ յաճախ կը կրկնէր աշխարհահռչակ հնդիկ փիլիսոփայ Ռապինտրանաթ Թակորի խօսքը. «Անտեղի գովասանքը վիրաւորանք է…»։
Այնքան մաքրամաքուր էր նկարագրով, որ երբեմն սակայն, զոհը դարձաւ պարկեշտութեանը… Բայց լաւագոյնս գիտէր գնահատել արժէքներ… Եւ երբ զայրանար, արցունքը ոչ թէ աչքերէն, այլ հոգիէն ու սիրտէն կը հոսէր։
Բնաւ չզիջեցաւ վասն շահի ու փառքի… տարակարծութիւններ տեսակէտի՝ հաւանաբար, բայց թշնամիներ՝ երբեք…։ Տիպար մըն էր համեստութեան ու մարդկային առաքինութիւններու։ Շնորհիւ իր անբասիր նկարագրին ու նուիրուածութեան, կը վայելէր սէրն ու համակրանքը իր շրջապատին։
Տոքթ. Քեշիշեան այն ինչ որ կը խորհէր եւ կը զգար՝ անվերապահօրէն կ՚արտայայտէր…։ Բնաւորութեամբ լայնախոհ ու համբերող էր, փափկանկատ եւ թոյլատու, բայց եւ սկզբունքային՝ իր մտածելակերպով, ճշմարտախօս եւ պարկեշտ՝ նկարագրով։ Ոչ փառասէր էր եւ ոչ ալ փառամոլ, ու բնաւ չեղաւ «շքանշանի մուրացկան մը», կամ համբաւի գնորդը, այլ մնաց միշտ համեստ եւ զգայուն ՄԱՐԴ-ը, խորաթափանց մտաւորականը որ անկաշառ խղճմտանքով կը դիմադրէ ընկերային կեանքի բոլոր զեղծումներուն ու պաշտպան կը կանգնէր բոլոր անոնց, որոնք զոհերն էին անարդարութեան։
Իբր ամուսին, իբր հայր, իբր մեծ հայր, իբր հայ անձ, գլխագիրով իսկական ՄԱՐԴ-ն էր, բարոյական բարձր սկզբունքներով։ Գերագոյն ու հաճելի վայելք էր զինք տեսնելն ու խօսակցիլը… Կեանքը ամբողջութեամբ եղած էր սիրոյ եւ ճշմարտութեան զոհաբերող ծառայութիւն։
Տոքթ. Գէորգ Քեշիշեան ամուսնանալով Սէսիլին հետ բախտաւորուած էր երկու պատուական զաւակներով յանձինս Ալէքին եւ Ալինին, ու վեց տասնեակ երկար տարիներու ընթացքին, սիրով ու տենդով եւ հեզասահ ընթացքով կազմեցին հոյակապ եւ սքանչելի ընտանիք մը։ Բնաւորութեամբ յարգալիր էր Գէորգ եւ կնամեծար ու Սէսիլը՝ պահապան հրեշտակի մը նման եւ օրինակելի հոգատարութեամբ, անսահման սիրով ու գուրգուրանքով խնամեց իր երկրորդ կէսը՝ մինչեւ իր ամուսնոյն կեանքի աղջամուղջը։
Տոքթ. Քեշիշեան բնակ մինակ չէր զգար, յաճախակիօրէն կ՚ընթերցէր եւ տեղին է շեշտել թէ՝ առանձնութիւնը մտաւորական մարդուն իւրայատուկ պահանջքն ու հաճոյքն է միանգամայն, քանզի հոգեկան ու մտային արժէքներու ամբարումով է որ կը կերտուի գաղափարներու հսկայական համալիրը։
Անհունօրէն կը հաւատար սիրոյ գերագոյն զօրութեանը։ «Սէրը կուռքն էր իր կեանքին, վսեմագոյն ապրումը…»։ Ատելութիւն բառը գոյութիւն չունէր իր բառարանին մէջ… Կը սիրէր նոյնիսկ հակառակորդն անգամ, սիրոյ գաղափարը պաշտողն էր ան, ու կը հաւատար որ «Ոչ ոք պէտք է ատէ՝ ինչ որ կրնայ սիրել իր հոգին»։
«Ու կեանքի նեկտարը ըմպած սիրոյ գաւաթով», անժամանակօրէն հեռացաւ մեզմէ անձ մը, որուն «ձեռքէն ինկող քարն իսկ՝ կը դառնար հունտ, կու տար ծաղի՜կ ու բուրմունք…»։
Հակառակ որ մարեցաւ ճրագը բոցավառող՝ հնչեց զանգը վերջին ու շիջեցաւ շողացող աստղ մըն ալ սփիւռքահայութեան երկնակամարէն։ Ան պիտի մնայ փայփայուած գանձ մը՝ մեր հոգիներու թանգարանին մէջ…։
Կարօտով զինք պիտի փնտռենք ու յիշենք…։
Բիւր յարգանք եւ յաւիտենական հանգիստ հոգիիդ ու փայլփլող լո՛յս յիշատակիդ։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

