• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հոգատար Հասարակութեան Մէջ Պիտակներ Չեն Փակցներ Եւ Ներքին Թշնամիներ Չեն Փնտռեր

06.12.2018   00:04

ԱՆԱՀԻՏ  ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Այս տարուան գարունէն ի վեր մեր երկրին մէջ կը թեւածէ մերժումի ուրուականը, որ վերէն վար, աջէն ձախ հասարակութիւնը համակած է բացասական եռանդով:

Սկիզբը երկիրը կը շնչէր «Մերժի՛ր Սերժին» կարգախօսով: Երբ նախկին նախագահը անսաց այդ կոչին եւ հեռացաւ ու տեղնուտեղը կարգախօսը փոխարինուեցաւ «Նիկոլ վարչապետով», կը թուէր, թէ այդ մերժող ու հպարտացած հասարակութիւնը, հրապարակներուն վրայ երգ ու պարով տօնելով իր յաղթանակը, ձերբազատուեցաւ բացասական եռանդէն եւ պիտի լծուի իր հռչակած «Նոր Հայաստան»ի կառուցումին: Մանաւանդ որ մերժելու կարգախօսը շարունակ կ’ընդմիջուէր «սիրոյ եւ հանդուժողականութեան» կոչերով:

Աւաղ, տեղի ունեցաւ ճիշդ հակառակը: Բացասական եռանդը աւելի խտացաւ՝ ուղեկցուելով յաղթած ու իշխանութեան եկած քաղաքական ուժի ջղաձգումներով, որ ժամանակ առ ժամանակ կը վերաճի լարուած գործողութեան: Եթէ երկրի ամէնօրեայ անցուդարձէն ու կարեւոր իրադարձութիւններէն տեղեակ չըլլաս, դատելով իշխանութենէն հեռացածներու եւ իշխանութեան եկածներու հոգեվիճակով՝ այնպիսի տպաւորութիւն կ’ունենաս, թէ յաղթողը նոյնինքն պարտուածներն են: Առ այսօր յեղափոխական հասարակութիւնը կը քնանար-կ’արթննար «Նիկոլ վարչապետ» կարգախօսով, թէպէտ ան շատոնց արդէն վարչապետ էր:

Ոչ միայն հանրութեան մաղձը նուազեցնելու ջանքեր չէին գործադրուիր, այլեւ ամէն ինչ կը կատարուէր, որ այդ ջղագրգիռ տրամադրութիւնը յովտ մ’իսկ չմարի: Եւ հրապարակ նետուեցան մոգական բառերը՝ «ընտրակաշառքն» ու «հակակաշառակերութիւնը»: Կը թուէր, թէ որոշ անձեր բանտերը նետելէ, պաշտօնանկ ընելէ ու վարկաբեկելէ եւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններէն ետք գոնէ կը հանդարտինք, բայց սկսան խորհրդարանի լուծարման գործընթացները, եւ հասարակութիւնը հիմա ալ ինկաւ կարծեցեալ «վրիժառուներու» դէմ պայքարի ցնցումներուն մէջ:

Այդպէս ցնցումներով եկանք-հասանք արտահերթ ընտրութիւններու շեմին եւ մեծ յոյս ունէինք, որ այդ ամէնուն վերջ կտրուի: Ալ ի՞նչ պէտք է: Բոլորը համոզուած են, որ պիտի յաղթէ իշխող յեղափոխական ուժը եւ իշխանութեան ղեկին մնալու առնուազն հինգ տարուան հեռանկարը ապահոված է: Ո՜ւր էր թէ: Հիմա ալ նախընտրական ամբողջ պայքարը կ’ընթանայ ընդդիմադիր կարծեցեալ ուժերու շուրջը: Թէ՛ իշխող կուսակցութիւնը, թէ՛ միւս քաղաքական ուժերը (մէկ-երկու բացառութիւններով), որոնք կը յաւակնին զբաղեցնելու ընդդիմադիրներու տեղերը, կը պայքարին մէկ բանի համար, որ յանկարծ նախկին իշխող կուսակցութիւնը խորհրդարան չմտնէ: Ամբողջ քարոզարշաւը վերածուած է ՀՀԿի դէմ քարոզչութեան: Միայն այս երեւոյթէն յստակ կ’երեւի, որ իրենք զիրենք ընդդիմադիր հռչակող կուսակցութիւնները ընդամէնը շղարշ են եւ խորքին մէջ լծուած են երկիրը դէպի միահեծան իշխանութեան տանող քաղաքական ուժի սայլին:

Շատ աւելի տխուր է այն հանգամանքը, որ իշխող կուսակցութեան քարոզարշաւը, միանգամայն զուրկ գաղափարական հէնքէ, դարձեալ նուիրուած է հեռացած քաղաքական ուժը մերժելու բացասական կիրքը բորբոքելուն: Եւ սա արդէն աղաղակող ծայրայեղութեան հասած է: Չբաւարարուելով հասարակութիւնը սեւի ու սպիտակի բաժնելով՝ հիմա ալ կը փորձեն, ընտրութիւններուն առաջադրուած ՀՀԿին «մերժուածներ» պիտակը փակցնելով, ծնունդ տալ նոր խաւի մը», որուն զուգահեռները կը տանին-կը հասցնեն սպարտացիներու ժամանակները կամ Հին Հնդկաստանի պատմութեան խորքերը:

Սա արդէն բնաւ նման չէ քաղաքական մրցապայքարի եւ անյարիր է XXI դարուն, անյարիր է ինքզինք քաղաքակիրթ ու ժողովրդավարական համարող որեւէ երկրի, վերջապէս անյարիր է մեզի:

Այո՛, անցած 27 տարիներուն քաղաքական առումով հպարտանալու շատ բան չունինք, բայց այսքան ամչնալու ալ առիթ չենք ունեցած: Այո՛, եղած են ընտրութիւններու կեղծումներ, բայց մինչ այդ կեղծումները ընթացած է իրապէս բնականոն քաղաքական պայքար՝ հիմնուած սեփական գաղափարներով ընտրազանգուածը համոզելու կամ գրաւելու սկզբունքներուն վրայ: Այո, իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը պայքարած են իրար դէմ՝ երբեմն տեղերը փոխելով, բայց մեղադրողի, քննադատողի, ձաղկողի դերին մէջ ընդդիմութիւնը եղած է, ինչպէս, ի դէպ, որեւէ սովորական ժողովրդավարական երկրի մէջ է: ՀՀՇն պայքարած է համայնավարներու դէմ, յետոյ համայնավարները սկսան պայքարիլ ՀՀՇի դէմ, ԱԺՄն, ՀՅԴն կը պայքարէին ՀՀՇի դէմ եւ այլն: Բայց այսպիսի պիտակներ չեն փակցուած, ո՛չ ՀՀՇն համայնավարներուն, ՀՅԴին կամ ԱԺՄին մերժուած համարած է, ո՛չ ալ հակառակը: Ի՞նչ է, ՀՀՇն պակա՞ս մեղքեր գործած էր 90ականներուն, որոնց հետեւանքով ալ 98ին իշխանութենէն հեռացուեցաւ, բայց այդ պարագային ալ ոչ ոք եւ ոչ մէկ քաղաքական ուժ իրեն թոյլ տուաւ «մերժուած» պիտակը փակցնել, նաեւ այն ժամանակ, երբ ՀԱԿի վերակազմաւորուած ՀՀՇն նորէն քաղաքական պայքարի մէջ մտաւ ու ընտրութիւններու մասնակցեցաւ: Թոյլ չտուին, քանի որ խորքին մէջ քաղաքական ճամբայ անցած, քաղաքական պայքարի մէջ թրծուած գործիչներ էին, որոնց համար ժողովրդավարութիւնը, մարդու իրաւունքները եւ արդի քաղաքակրթութեան միւս արժէքները սոսկ դատարկ կամ իրենց հռետորաբանութիւնը պճնող բառեր չէին:

Ընտրութիւնները քաղաքական գործընթաց են, քաղաքական ասպարէզ, ուր «մերժուածներ» ու «սիրելիներ» գոյութիւն չունին, այլ կան յաղթողներ ու պարտուողներ: Եւ այդ յաղթողներն ու պարտուողները յայտնի կը դառնան միայն ընտրութիւններէն ետք՝ ձայները հաշուելով, ոչ թէ ընտրութիւններէն առաջ պիտակներ փակցնելով: Եւ երբ ընտրախցիկին մէջ քուէարկողը թռչնակի նշանը կը դնէ ոչ թէ xի, այլ yի դիմաց, սա կը նշանակէ, որ ան յոյսեր կը կապէ yի հետ, ոչ թէ անպայման կը մերժէ xն: Այս իրավիճակին մէջ ի՞նչպէս չյիշեցնես այս պարզ ճշմարտութիւնները:

Եւ արդեօք վերջին սակաւաթիւ քայլարշաւները ցոյց չտուի՞ն իշխող կուսակցութեան, որ միշտ միեւնոյն հնարքներով կարելի չէ յաջողութեան հասնիլ եւ մանաւանդ կարելի չէ շարունակ սեփական ձախողումներն ու անգործութիւնը թշնամիի կերպարով արդարացնել: Դարերէ ի վեր ստուգուած իմաստութիւն կայ. վերջնահաշիւին կը շահէ ան, որ կը կարողանայ սխալները իր իսկ անձին մէջ փնտռել եւ զանոնք չկրկնել:

«Երջանիկ անհատ, հոգատար հասարակութիւն, հզօր հայրենիք»: Սա է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կարգախօսը: Նիկոլ Փաշինեանի կարգախօսն ալ նոյնն է: Այս ուժի իշխանութեան երթալով երջանիկ, ի հարկէ, չդարձանք: Անշուշտ, ակնյայտօրէն կան մարդիկ, որոնք Նիկոլ Փաշինեանի բոցաշունչ ճառերը լսելով եւ հակակաշառակերութեան քրէական քրոնիկը կարդալով կամ դիտելով՝ իրենք զիրենք երջանիկ կը զգան: Բայց կան նոյնքան եւ թերեւս աւելի քաղաքացիներ, որոնք օրը-օրին սաստկացող սղութիւններէն, գործազուրկներու բանակի ստուարացումէն, նոյնը մնացած խղճուկ աշխատավարձէն ու թոշակէն, տնտեսական անկումէն, ազատ խօսքի սահմանափակումներէն եւ ուրիշ երեւոյթներէ բնաւ երջանիկ չեն դարձած եւ պատկերացում արդէն չունին՝ կը հասնի՞ն այդ օրուան, թէ ոչ: Հզօր հայրենիքի մասին, ինչպէս կը տեսնենք, երեւակայելը շատ կանուխ է, քանի որ հզօրանալու նշաններ չկան, մինչդեռ արտաքին քաղաքականութեան առումով աւելի թուլցած ենք: Կարելի էր, չէ՞, որ գոնէ պարզունակ ու քաղաքական որեւէ պարտաւորութիւն չենթադրող «հոգատար հասարակութիւն» կարգախօսը փուչիկ չ’ըլլար: Ա՜խ, հոգատար հասարակութեան մէջ պիտակներ չեն փակցներ եւ ներքին թշնամիներ չեն փնտռեր:

Բնագիրը՝ արեւելահայերէն

Աղբիւրը՝ ankakh.com

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

«Զարթօնք»ի աշխատակից

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր