• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Արցախը Հեռու Պահեցէ՛ք Աժան Ամբոխավարութենէ

05.12.2018   01:41

Վերջին քանի մը ամիսներուն ինչպէս այլ ազգային արժէքներ, Արցախն ալ թիրախ եղաւ ներքին նետարձակումներու եւ աւելորդաբանութեան:

Այսօր մինչ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները կը մօտենան, Արցախը դարձեալ կը յայտնուի աժան ամբոխավարութեան հորիզոնին վրայ:

Մինչ Արցախը արժէք մըն է մեզի համար, որ կը  խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի զինուորական յաղթանակը, պապենական հողերու վերատիրացումը եւ հողային ընդլայնումը, որ չէ պատահած Մեծն Տիգրանի օրերէն ի վեր, մարդիկ կան, որ նսեմացնել կը փորձեն հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան հետ կապուած ու արեան գնով ձեռք բերուած յաղթանակը՝ զայն նուազ կարեւոր համարելով մերօրեայ, տակաւին իրավիճակն ու յաջողութեան համայնապատկերը անորոշ ու չուրուագծուած ինչ-որ յեղափոխութենէ մը: Կան ուրիշներ, որ այս այպանելի գործընթացը որդեգրած են՝ փորձելով անոր ղեկավարութեան հասցէին շատ յաճախ անստոյգ եւ կասկածելի ապատեղեկութիւն տարածելով: Ցաւալին այն է, որ այս ապատեղեկութիւնն ու բամբասանքը կը կատարուի ոչ թէ միայն դեղին մամուլով կամ ընկերային համացանցի կեղծ հաշիւներով, այլ երկրին ամենաբարձր աստիճանի ղեկավարութեան գլուխը անցած մարդոց պաշտօնական յայտարարութիւններով:

Վերջերս, Արցախի կամ ղարաբաղցի ղեկավարները կ’ամբաստանուի՛ն՝ յայտարարուելով, որ անոնց որդիները հայոց բանակին չեն ծառայած, մինչ գրեթէ չկայ Արցախի մէջ գործած ու գործող ղեկավար, որ ինքը նաեւ իր որդին կամ որդիները չեն ծառայած Արցախի ազատագրման կամ անոր սահմաններու պահպանման գործին լծուած հայոց բանակին: Իսկ եթէ խօսքը Հայաստանի ղեկավարութիւնը ատեն մը ստանձնած ղարաբաղցի ղեկավարներու մասին է, ապա անոնցմէ մէկուն, ո՛չ թէ մէկ, այլ երկու զաւակներն ալ ծառայած են ինչպէս նաեւ ինք, իսկ միւսին մեղքը չէ, որ տղայ զաւակ չէ ունեցած, սակայն փոխարէնը ինք անձամբ եւ պատուով ծառայած է բանակին, ղարաբաղեան մարտերու ամենաթէժ օրերուն:

Իսկ եթէ ղարաբաղցի ղեկավարներուն զաւակները լուռ ու մունջ ծառայած են ու կը ծառայեն ու անոնց ծնողները ինքնաթիռներով ու մեծ փրոփականտով չեն այցելած իրենց զաւակներուն ծառայած զօրակայանները կամ դիրքերը, այս չի նշանակեր, որ անոնք չեն ծառայած:

Եթէ կատարուածը ամբոխավարութիւն է, անշուշտ կը ցաւիմ անոր համար, սակայն եթէ տեղեկութիւններու անբաւարարութիւն է ու պատկերացումներու արդիւնք, ապա տասնապատիկը կը ցաւիմ:

Ի միջի այլոց, ամօթ է հայրենիքի ծառայութեան համար իր ամենաթանկագինը տրամադրած ոեւէ մարդ խօսի անոր մասին կամ որպէս ժողովրդականութեան կամ ընտրապայքարի նիւթ ծառայեցնէ զայն այնպէս մը, որ կարծէք ան  լաւութիւն կամ ողորմութիւն կ’ընէ իր ազգին…:

Ազնուութիւնն ու մեծութիւնը կը պահանջեն, որ նման յայտարարութիւններ ընող մարդիկ յիշեն ու անդրադառնան, թէ իրենց կը լսեն մայրեր, որոնց որդիները գացած են ծառայութեան եւ… չեն վերադարձած: Ի՞նչ ընեն այդ հերոս տղաքը, որ ղեկավար հայրեր չեն ունեցած, որ իրենց մասին փրոփականտէ կամ բեմերուն վրայ բարձրաձայնէ յեղափոխութենէ-յեղափոխութիւն կամ ընտրութենէ-ընտրութիւն:

Յարգանք այդ տղոց, որ ո՛չ միայն լուռ ու մունջ ծառայած են հայոց բանակին, այլեւ իրենց կեանքը տուած են հայրենիքի համար:

Իսկ դո՛ւք, լաւ իմացէք, որ Արցախը կարմիր գիծ է: Հեռու պահեցէ՛ք զայն ամէն տեսակի ամբոխավարութենէ ու քաղաքական արկածախնդրութենէ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

 

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր