Վանաձորցիները Դժգոհ Են

«Գաւառը» Լուսարձակի Տակ – 6 –
ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
«Զարթօնքի»ի աշխատակից
Ատենօք գործարաններով հարուստ Վանաձորի բնակիչները, որոնք անկախ Հայաստանի երեք նախագահներուն պատճառով կորսնցուցին իրենց աշխատատեղերն ու տնտեսապէս խեղճացան, ունին նաեւ կենցաղային այլ խնդիրներ, որոնք նոյնպէս դժգոհութիւն կը պատճառեն իրենց, քանի որ աշխատանքի գացող-եկող չկայ, օթոպիւսի կարիք ալ չկայ, քաղաքացիներուն կը սպասարկեն երթուղային թաքսիներ` առաւելագոյնը 15 ուղեւոր փոխադրող ինքնաշարժներ: Բնակիչները, սակայն, գոհ չեն այս փոխադրամիջոցի սպասարկութենէն: Այս երթուղային թաքսիները չունին կանոնաւոր ժամանակացոյց. մարդիկ յաճախ 10-15 վայրկեան կը սպասեն կայարանները, եւ յանկարծ 3 կամ 4 թաքսի մէկ շարք կազմած կը յայտնուին կայարանի առջեւ, եւ կը սկսի ուղեւորներու հրմշտկոցը: Ուղեւորը պաշտպանուած չէ քամիէն ու անձրեւէն, քանի որ կայարանը ծածկ չունի: Անձրեւի տակ մարդիկ կը թրջուին ու կը մսին: Նստարան ալ չկայ, որ տարեց մարդը կամ յոգնած կինը կարողանայ նստիլ: Քաղաքապետարանը երբեմն յենքին վրայ տախտակներ ամրացնելով կը նորոգէ նստարանները, բայց կարճ ժամանակ անց փայտերը կ’անհետանան: Ժողովուրդը կը բողոքէ նաեւ վարորդներու կամայականութեան դէմ: Վարորդը երեկոյեան երբ կ’ուզէ, կը դադրեցնէ իր գործը, իսկ ուղեւորը երկար կը սպասէ, այն յոյսով, որ երթուղային թաքսին ուր որ է կը յայտնուի:
Վարորդներն ալ իրենց բողոքները ունին, քանի որ քաղաքի փողոցները մեծ մասով քանդուած են, բազմաթիւ փոսեր յառաջացած են, եւ վարորդը ստիպուած է ղեկը աջ ու ձախ դարձնելու՝ ինքնաշարժը անփորձանք տեղ հասցնելու համար: Անձրեւոտ օրերուն անձրեւաջուրը կը ծածկէ փոսերը եւ վարորդի համար նոր դժուարութիւն կը յառաջացնէ: Նոյեմբերին սեփական կազմակերպութիւն մը ասֆալտապատման համար ամենացած գինը առաջարկելով, շահեցաւ մրցոյթը եւ վերանորոգեց դէպի երկաթուղիի կայարան տանող փողոցը: Սակայն շաբաթ մը ետք այդ նոր փռուած ասֆալտը փշրուեցաւ՝ փողոցը երկրորդ անգամ նորոգելու պահանջ յառաջացնելով: Վարորդները բողոքեցին նաեւ շրջանցներու մօտ յատուկ լոյսերու բացակայութեան համար:
Լոռուայ նոր նշանակուած մարզպետ Անտրեյ Ղուկասեանը իրաւացի գտաւ բողոքները եւ խոստացաւ յառաջիկայ գարնան վերսկսիլ վերանորոգման աշխատանքները՝ խոստանալով նաեւ չեղեալ յայտարարել մրցոյթը շահած կազմակերպութեան հետ կնքած պայմանագիրը:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

