• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Փոխան Դամբանականի. Հրաժեշտի Խօսք Կրտսեր Եղբօրս՝ Գէորգ Քէշիշեանին

28.11.2018   00:01

ԳՐԻԳՈՐ ՔԷՕՍԷԵԱՆ

Սիրելի Սէսիլ, Ալեք, Ալին եւ Քիթհ,

Օր մը Յիսուս Երուսաղէմի մէկ փողոցին մէջ կը տեսնէ, թէ մէկը ապտակ մը կը զարնէ ուրիշի մը երեսին, իսկ միւսը փոխանակ բռունցքով մը հակադարձելու, միւս երեսը կը ներկայացնէ։ Այս զարմանալի, այլեւ իմաստալից օրինակով ան կը պատգամէ. «Ով որ ծնօտիդ կը զարնէ, միւսն ալ դարձուր իրեն»: Ո՛չ Նազովրեցին, ո՛չ ալ հետագային Ղուկաս Առաքեալ չեն տար այդ իւրայատուկ անձին անունը, այլ այս պատկերը կը նշեն որպէս խորհրդանիշ անոխակալութեան, ներողամտութեան, հեզութեան։ Նոր Կտակարանը չի տար այդ անձին անունը, բայց մենք վստահօրէն գիտենք, թէ ո՛վ էր ան. այդ անձը կը կոչուէր Գէորգ Քէշիշեան, մասնագիտութեամբ՝ բժիշկ։

Թող սխալ չհասկցուի։ Ասիկա ենթակային կողմէ տկարութեան կամ վեհերոտութեան նշան մը չէ, ոչ ալ գիտակցութեան եւ կամքի տկարութեան արտայայտութիւն։ Ընդհակառակը՝ նկարագրի բարձրութեան երեւոյթ մըն է ան, խաղաղասիրութիւն, հարցերը ներողամտաբար կարգադրելու ցանկութիւն, անյիշաչար հոգիի իսկական վեհութիւն։ Ահա այդպէս ճանչցած եմ Գէորգը առաջին օրէն, երբ երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք Հալէպէն Պէյրութ եկաւ Բժշկական համալսարանի մէջ շարունակելու համար իր ուսումը։ Եւ առաջին օրէն իսկ մաս կազմեց մեր ընտանիքին, այնքան որ մայրս զինք նկատեց իր երկրորդ մանչ զաւակը, անբաժան մեզմէ:

Տարիներու վերիվայրումները, կեանքի փորձառութիւնները, մինչեւ իսկ փայլուն յաջողութիւնները ոչինչ կրցան փոխել Գէորգին ընկերութեան եւ մարդոց հանդէպ այդ հիանալի, չըսելու համար երբեմն ինծի համար քիչ մը զարմանալի կեցուածքէն: Իր գործունէութեան ընթացքին պատահած է, որ ան շարունակէ բարեւել, ձեռքը թօթուել եւ նոյնիսկ գործակցիլ զինք չարախօսող այպանելի ոմանց հետ՝ ինծի բացատրելով, թէ պէտք է ձգել, որ նման ժխտական հոգիով մարդիկ իրենք անդրադառնան իրենց վանողական արտայայտութեանց եւ ինքնաբերաբար սրբագրուին։ Իրեն կ’ըսէի, թէ ինք սուրբ մըն է սատանաներու միջեւ, երկուստեք անփոփոխելի:

Կը հաւատար դրական աշխատանքին, անշահախնդիր նուիրումին։ Այսպէս բոլորեց իր ամբողջ կեանքը ազգային-ընկերային գետնի վրայ՝ առաջին օրէն ցոյց տալով հանրային ձեռներէց ոգի մը, երբ 14 տարեկանին Հալէպի մէջ կը հիմնէր Հայ երիտասարդաց ընկերակցութիւնը

Ա՛յս էր Գէորգ Քէշիշեանը. նախաձեռնել եւ ծառայել առանց ակնկալութեան, օգտակար ըլլալ առանց ցուցամոլութեան, պատասխանատու պաշտօններու տիրանալ առանց սոնքալու։ Բայց կը թուի նաեւ, թէ մեր ընկերութիւնը – ըլլայ բարեգործական, մշակութային թէ եկեղեցական – չի գիտեր եւ չ’ուզեր գործնապէս գնահատել կամ պատուել խոնարհամտութեամբ ծառայող վաստակաւորը, երբ ան՝ ընկերութիւնը, այնքան ալ ժլատ չէ շքանշաններ բաշխելու եւ պարբերաբար հանդէսներ կազմակերպելու ի մեծարանք իր անդամներուն։ Գէորգին մեծագոյն շքանշանը եղաւ շքանշան չունենալը, առանց նոյնիսկ որ իրեն նուիրուի գնահատանքի յոբելենական հանդիսութիւն մը իր գրեթէ 70-ամեայ բոլորանուէր ծառայութեան ընթացքին։

Գիտե, որ իր անխառն երջանկութիւնը եղաւ իր ընտանիքը, Սէսիլը, որ իր կինն էր, իր աջակիցը եւ պահապանը մինչեւ իր վերջին ժամը, իր շքանշանները եղան երկու զաւակները՝ Ալեքը եւ Ալինը՝ հանրածանօթ ամերիկեան ֆիլմաշխարհի հասարակութեան, որոնցմով ինք այնքան եւ արդարօրէն հպարտ էր, իր փեսան՝ Քիթհը, եւ երկու հայախօս թոռնիկները։ Անոնք կը կորսնցնեն բացառիկ ամուսին մը, հայր մը եւ մեծ հայր մը, իսկ ես, որ կը բաժնեմ ընտանեկան սուգը եւ որ այսօր կրկնապէս տխուր եմ անկարող ըլլալով ներկայ գտնուելու վերջին հրաժեշտի արարողութեան՝ անփոխարինելի կրտսեր եղբայր մը:

Ցտեսութիւն, Գէորգ։ Մեր կեանքի բնական ընթացքով օր մը դարձեալ բոլորս խմբովին պիտի հաւաքուինք, այս անգամ յաւիտեան։

Պոսթոն

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր