Մայրենի Լեզու

Քիչ Մը Լեզուաբանութիւն
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Պէտք է նկատած ըլլաք, որ մենք ընդհանրապէս կ’ըսենք զանց առնել, իսկ երբեմն ալ կ’ըսենք կամ կը հանդիպինք զանց ընել ըսողներու, ինչպէս ես վերջերս հանդիպեցայ յօդուածի մը մէջ, եւ ճիշդ այս հանդիպումս էր, որ մղեց զիս քիչ մը զրուցելու բարեկամներուս հետ:
* *
*
Մեր հեռաւոր նախնիները, ըսենք՝ Արտաշէս Աշխարհակալը, Տիգրան Մեծը, Սահակ Պարթեւն ու Մեսրոպ Մաշտոցը ըսած են զանց առնել, եւ այսպէս ալ կը վկայէ «Նոր հայկազեան»-ը, որ գրաբարի բառարանն է եւ հայոց լեզուի հիմնաքարը:
Ուրեմն պէ՞տք է մտածել, թէ մենք այսօր զանց առնել ըսելով հաւատարիմ մնացած կ’ըլլանք մեր հեռաւոր նախնիներուն…Ո՛չ,– եւ ճիշդ այստե՛ղ է պահուած շան գլուխը. ֆրանսացին պիտի ըսէր՝ c’est là le hic, իսկ անգլիացին պիտի ըսէր՝ there is the rub[1]:
Ինչո՞ւ…
Որովհետեւ գրաբարի մէջ առնել կը նշանակէր ընել, դարձնել, շինել, ստեղծել (to do, to act, faire, oevrer): Օրինակ՝ երբ ծանօթ առածը կ’ըսէ «Գինի ուրախ առնէ զմարդ»,– սա կը նշանակէ՝ «Գինին ուրախ կ’ընէ մարդս» (կ’ընէ՝ կը դարձնէ): Եւ ոչ թէ՝ «Գինին ուրախ կ’առնէ մարդս»,– որ ոչ մէկ իմաստ ունի:
Ուրեմն մեր նախնիները ըսել կ’ուզէին,– մեր աշխարհաբարեան մտածողութեամբ,– զանց ընել, եւ ոչ թէ զանց առնել: Այլ խօսքով՝ մենք սխալ կիրարկած ենք առնել բայը, սխալ մեկնաբանութիւն տուած ենք անոր, գրաբարէն աշխահաբար անցումը ճիշդ ու հեզասահ չենք կատարած:
Անցեալէն ժառանգած ենք «զանց առնել» եւ, իբրեւ տափակաթաթ աշխարհաբարեաններ, «զանց առնել» ձեւով ալ շարունակած ենք կիրարկել՝ առանց անդրադառնալու, թէ մեր շուրջը լեզուական իսկական յեղափոխութիւն մը կատարուած է գրաբարի՝ աշխարհաբար դառնալովը:
Բայց որո՞ւ հոգը:
Այս նոյն սխալը գործած ենք ամառն-ամրան, ձմեռն-ձմրան, դուռն-դրան, լեառն-լերին, մատուռն-մատրան հոլովումի առթիւ, որ նոյնութեամբ փոխադրած ենք արդի աշխարհաբարի մէջ, քիչ մըն ալ աւելիով, քանի գրաբարը լերան չունէր, բայց մեր հոսհոսները ա՛յս եւս նոյն ոգիով ուղղագրած ենք, եւ այս սխալները խարանի մը պէս մնացած են մեր քերականութեան ճակատին, հակառակ լաւագոյն մասնագէտներու՝ Այտընեանի, Բագրատունիի, Զոհրապեանի, Աբեղեանի, Աճառեանի զգուշացումներուն, որ աշխարհաբարը կը հոլովէ ամառ, ձմեռ, լեռ, դուռ, մատուռ բառերը՝ առանց «ն»-ի, որոնք պէտք է տան ամռան, ձմռան, դռան, լեռան, մատռան[2]: Սակայն ո՞ր արեւմտահայը մտիկ կ’ընէ անոնց: Մի՞թէ անոնք իրմէ աւելի գիտեն, որպէսզի ելլեն ու դաս տան: Քաւ լիցի: Աշխարհի վրայ մեզմէ աւելի լաւ գիտցող կա՞յ, կրնա՞յ ըլլալ:
Բայց վերադառնանք մեր փարախը՝ մեր ոչխարներուն:
* *
*
Լեզուներու մէջ կայ թաքուն, անգիր օրէնք մը, որ յարատեւ կը գործէ եւ հետեւեալն է ան. երբ սխալ մը յամա՛ռօրէն ու մանաւանդ հա՛նրօրէն կը կրկնուի, ահա այդ սխալը կ’ընկալուի իբրեւ ճիշդ, իբրեւ «նուիրական սխալ», իսկ երբեմնի ճիշդը՝ իբրեւ սխալ: Շարունակելէ առաջ՝ նորէն շատ մատչելի օրինակ մը տամ՝ առանց Ձեր թանկագին գլուխները ցաւցնելու «անիմաստ» բաներով:
Մեր նոյն նախնիները կ’ըսէին՝ մեծացուցանել (մեծացուսցէ անձն իմ զՏէր…):
Այս հիգ վանկանի բայը դարեու ընթացքին մաշելով-մաշելով դարձած է, մեր մէջ՝ մեծցնել, արեւելահայերէնի մէջ՝ մեծացնել, այինքն՝ երկու վանկ եւ բազմաթիւ հնչիւններ կորսուած են: Բայց ահա մեզի համար այլեւս ճիշդը այս վերջին՝ աղաւաղեալ ձեւն է, որուն տեսքէն Մեսրոպ պիտի սարսափէր, եթէ յանկարծ օր մը Օշականի գերեզմանէն դուրս գար եւ յօժարէր մտիկ ընել արդի հայու բերնին մէջ հազարաւոր այսպիսի «աղաւաղումներ», որոնց գումարը աշխարհաբար կը կոչուի:
Թերեւս ալ կ’ընէ կոր…ո՞վ գիտէ, եւ որքա՜՜՜ն կը տառապի կոր խեղճը…
Ողջերս օր մ’օրանց մտածա՞ծ ենք մեռեալներու ցաւին մասին:
Ահա յիշեալ օրէնքի հիմամբ ալ նուիրականացած են զանց առնել, զանցառութիւն բառերը, հոն՝ ուր պէտք է ունենայինք զանց ընել, զանցարութիւն, քանի որ առնել (այսինքն՝ ընել) բային արմատը ար է. այս արմատին իրաւացիութեան կը հանդիպինք անոր անցեալ կատարեալի խոնարհումի ատեն. արդարեւ առնել կու տար՝
արարի-արարեր-արար[3]
Կը նկատէ՞ք, ռ-ի հետքն իսկ չկայ, իսկ բայի մը իսկական պատկերը, արմատական կառոյցն ու ուղղագրութիւնը անցեալ կատարեալի մէջ երեւան կ’ելլեն:
Քանի մինչեւ այստեղ կարդացիք ու տոկացիք, օրինակ մըն ալ տամ՝ հաստատելու համար այս վերջին իրողութիւնը. բոլորս կ’ըսենք կը զարնեմ-կը զարնէի եւ այլն: Մտածա՞ծ էք երբեք կամ երբեմն, թէ ի՞նչ է այս բային արմատը: Կ’երգեմ-ին արմատը երգ է, աղէկ, կը զարնեմ-ին արմատը ի՞նչ է,– զա՞րն…:
Ահա նման պարագաներու անոր կատարեալն է, որ կը լուսաբանէ մեզ, իսկ կատարեալը զարկի-զարկիր-զարկաւ է…տեսա՞ք ինչպէս երեւան ելաւ զարնել– զարնեմ բային իսկական արմատը՝ զարկ-ը: Կ’ըսենք՝ կ’ըլլամ-կ’ըլլաս-եղայ,– ուրեմն արմատը եղ է, եւ բային բուն պատմական ձեւը իրապէս ալ եղանիլ է:
Գանք գրաբարեան առնել, աշխարհաբարեան ընել բային:
Ասոնք նո՛յն բայն են: Երկրորդը առաջինին ձագուկն է, որ քիչ մը հեռացած է մօրմէն կամ այնպէս կը ձեւացնէ: Բայց ADN-ին քննութիւնը ամէն բան երեւան կը հանէ:
Առնել տուած է նախ այնել, սա իր կարգին տուած է էնել, անել, հուսկ ապա ընել:
Վերջընթերը կը կիրարկուի արեւելեան, իսկ վերջինը՝ արեւմտեան աշխարհաբարի մէջ:
Կայ սակայն աւելի կարեւորը՝ կատարեալի մէջ ընել կու տայ՝ ըրի-ըրիր-ըրաւ՝ր-ով, եւ ոչ թէ ըռի-ըռիր-ըռաւ՝ռ-ով, այլ խօսքով՝ կը պահէ իր ծագումնաբանական «ր» հնչիւնը: Ճիփ ու ճիշդ առնել-ն ալ կը պահէր այդ ր-ն՝ արարի-արարեր-արար:
Իսկ ո՞րն է այս բոլորին մայրը կամ մեծմայրը՝ հա՛ւը. ծանօ՞թ էք այս բառին:
* *
*
Շատ հեռաւոր անցեալին, գիրերու գիւտէն թերեւս հազարաւոր տարիներ առաջ, երբ տակաւին հայերէնը նոր-նոր կ’անջատուէր հնդեւրոպական մայր լեզուէն եւ ինքնուրոյն տուն-տեղ կ’ըլլար, ունեցած ենք արանել արտասանութեամբ բայ մը, որուն շեշտը կ’իյնար բառին սկիզբը՝ ա՛րանել: Լեզուներու մէջ կը գործէ մնայուն օրէնք մը. այն ձայնաւորը, որ չի շեշտուիր, վտանգուած է եւ կրնայ կորսուիլ: Մեր բային երկրորդ ձայնաւորը շեշտէ զուրկ մնալուն՝ կորսուած է, եւ այդպէս է որ ան դարձած է ա՛րնել: Եւ որովհետեւ «ն»-էն առաջ հայուն բերանը ռ կ’արտասանէ, ուստի ա՛րնել դարձած է ա՛ռնել:
Սակայն, երբ ռ եւ ն կը հեռանան իրարմէ, առաջինը կը վերադառնայ իր բնիկ արտասանութեան, եւ առնել կու տայ արարի, արարք, մեծարել:Այս տուեալներու հիմամբ՝ մենք պէտք է ունենայինք զանցարել, զանցարու, զանցարում, զանցարութիւն եւ այլն: Սակայն մեր ռամիկին լեզուական հանճարը այդքան խոր չէ կրցած թափանցել, ոչ ալ անոր մտաւորականութեան (որ թերեւս պարզապէս ենթարկուած է կացութեան)…. այլ մտածած է՝ քանի ունէինք եւ ունինք (՞՞՞) զանց առնել, ուրեմն նաեւ աներկբայօրէ՜՜՜ն պիտի ունենանք զանցառու-զանցառութիւն, զանցառում եւ նմանները՝ բոլո՛րը ռ-ով, որոնք այսպէս ալ նուիրականացած են:
Հարցում՝
Պէտք կա՞յ ասոնք հիմա փոխելու:
Ո՛չ, պէտք չկայ, սակայն լաւ է, որ երբեմն-երբեմն մտածենք այս բաներուն մասին, մտիկ ընել սորվինք, այլ նաեւ սորվինք փնտռել ճիշդը ու չկառչինք սխալներուն, մա՛նաւանդ նոր սխալներ չաւելցնենք եղածներուն վրայ:
Այս սրբազան աւանդը արժանի է նման վերաբերումի:
Համլետի մենախօսութեան մէջ կը հանդիպինք այս դարձուածքին՝ «To sleep, perchance to dream: ay, there’s the rub»,– որ Յովհ. խան Մասեհեան թարգմանած է՝ «Ա՜յ, ցաւն այդտեղ է», իսկ ուրիշ մը՝ «Ա՜յ, խայթը հէնց ա՛յդ է»:
Արեւելահայերը այս ճիշդ ձեւով ալ կ’ուղղագրեն յիշեալ հինգ բառերը: Կը մնայ, որ արեւմտահայ խմբագիրը, մտաւորականը, քերականագէտը զիջի՜ն իրենց բարձունքներէն քիչ մը իջնել ու բան մը սորվիլ…արեւելահայէն: Անո՞նք մնացին մեզի ուղղագրութիւն սորվեցնող:
Ախարհաբարի առնել (to take, to got, prendre, saisir) բային դիմաց գրաբարը կ’ըսէր առնուլ, եւ կը խոնարհէր՝ առի-առեր-առ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

