• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ – 11 – «Տպագիր Մամուլը Մեռած Չէ». Սեւակ Յակոբեան (լուսանկարներ, տեսերիզներ)

27.11.2018   01:29

«Լրատուադաշտի Դերը Փոխուող Աշխարհի Մէջ». Երեւանի մէջ Տեղի Ունեցաւ Լրատուական Միջազգային Համաժողով

Քրիսթինա Աղալարեան

«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից

Նոյեմբեր 23ին «Արմէնփրես» պետական լրատուական գործակալութեան եւ ԱՊՀ երկիրներու լրատուական հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակի գործակցութեամբ Երեւանի Օփերա Սուիթ հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ «Լրատուադաշտի դերը փոխուող աշխարհի մէջ» միջազգային լրատուական համաժողովը: Համաժողովի հիւրերու շարքին էին Հայաստանի, Սփիւռքի եւ միջազգային տպագիր ու ելեկտրոնային մամուլի ներկայացուցիչներ, լրագրողական հասարակական կազմակերպութեան անդամներ, ԵՊՀ լրագութեան բաժանմունքի դասախօսներ եւ ուսանողներ:

Համաժողովի նպատակն է քննարկել եւ վերլուծել լրատուադաշտի դերը արագ փոխուող ու զարգացող աշխարհի մէջ: Համաժողովին ներկայ տպագիր մամուլի ներկայացուցիչները բարձրաձայնեցին նոր լրատուամիջոցներու սրընթաց զարգացման կիզակէտին տպագիր լրատուամիջոցի առջեւ ծառացած խնդիրներուն եւ տագնապներուն մասին, խօսեցան լրատուադաշտի փոխակերպման, ապագայի ձեւերու ստեղծման անհրաժեշտութեան, թուային դարաշրջանի իրողութիւններուն, լրատուադաշտ-հանրութիւն կապի ու տպագիր մամուլի ապագային մասին:

Համաժողովի Բացում

Համաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկան «Արմէնփրես»  լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանը, ԱՊՀ երկիրներու լրատուական հիմնարկի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Ալեքսանդր Մարգարովը եւ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Սարգիս Խանդանեանը:

«Արմէնփրես» պետական լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանը իր խօսքին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն մասնակցութեան համար, նշեց, որ «Լրատուադաշտի դերը փոփոխուող աշխարհի մէջ» թեմայով քննարկումը բաժնած են երեք մասի, որուն վերջին հատուածին մէջ կը նախատեսեն կլոր սեղան՝ նուիրուած տպագիր լրատուամիջոցի ապագային: «Այս տարուան քննարկումի առանցքը կը կազմէ լրատուամիջոցներու եւ տեղեկատուական հարթակներու փոխակերպումը՝ ապագայի լոյսին տակ։ Ժամանակակից լրագրութեան առջեւ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ ծառացած են, միեւնոյն ժամանակ, այսօր լրատուական գործունէութեան ու գործակցութեան համար հսկայական հնարաւորութիւններ կան։ Որպէսզի մենք ըլլանք ժամանակի զարգացումներուն համապատասխան, այլեւ մեր մրցակցային հետքը ունենանք մրցակցային աշխարհի մէջ, նման քննարկումները ուղղակի անհրաժեշտութիւն են: Այսօր, երբ մենք կը խօսինք լրատուադաշտի մասին, լրագրութեան ապագայի մասին, մենք կը խօսինք ոչ միայն մասնագիտական եզրերով, այլեւ դատապարտուած ենք դիտարկելու թէ՛ արհեստագիտական յառաջընթացը, թէ՛արհեստական բանականութեան ձեւաւորումը, թէ՛ այդ ամէնուն ազդեցութիւնը մեր գործունէութեան վրայ: Մի քանի միտումներ, որոնք մեր մօտ ակնյայտ են, այն է, որ մեր ընթերցողները հակուած չեն լսելու մեր մեկնաբանութիւնները տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերեալ, այլ յաճախ կը փափաքին այստեղ ու հիմա ռեժիմով ստանալ տեղեկութիւններ»,- ըսաւ Արամ Անանեանը, ապա աւելցուց, որ ատիկա որոշակիօրէն կ’ազդէ լրագրութիւն մասնագիտութեան վրայ:

ԱՊՀ երկիրներու լրատուական հիմնարկի հայաստանեան մասնաճիւղի տնօրէն Ալեքսանդր Մարգարովի խօսքով՝ նոր լրատուադաշտը աւելի փոխազդեցիկ է, աւելի շատ հնարաւորութիւն կու տայ մարդոց ներգրաւուած ըլլալուԸստ իրեն՝ նոր լրատուադաշտի խնդիրներէն մէկը ազդել է ժողովրդավարացման վրայ, այսինքն՝ ժողովրդավարացում իրականացնել նաեւ լրատուադաշտի միջոցով, ազդել գործընթացներուն վրայ: Հասարակութիւնն ու լրատուադաշտը արագ փոփոխուող աշխարհի մէջ ունին փոխազդեցութիւն իրարու վրայ:  

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Սարգիս Խանդանեանն ալ խօսեցաւ լրատուադաշտի կարեւորութեան, տարածուող լուրերը մի քանի աղբիւրներով ստուգելու անհրաժեշտութեան, կեղծ նորութիւններու նպատակային տարածման խնդրին մասին: Իր խօսքով՝ պէտք չէ սպասել, որ տեսանելի կամ անտեսանելի ձեռք մը կարգաւորէ լրատուադաշտը, պէտք է ձերբազատուիլ անցեալի աւանդոյթներէն: Խանդանեանի կարծիքով՝ լրատուադաշտը պէտք է շարունակէ հաւատարիմ մնալ հանրային վերահսկողութեան կարեւորագոյն դերակատար ըլլալու գործին:

Առաջին Նիստ

Համաժողովի առաջին՝ «Լրատուադաշտի փոխակերպումը. ապագայի ձեւերու քննարկում» անուանումով նիստը վարեց Արամ Անանեան:  

Ելոյթ ունեցաւ TACC գործակալութեան ԱՊՀ եւ Պալթեան երկիրներու բաժնի ղեկավար Պորիս Գրուշին: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՀ լրագրողներու միութեան նախագահ Սաթիկ Սեյրանեանը իր խօսքին մէջ ցաւալի փաստ արձանագրեց՝ այսօր կեղծ լուրերու տարածումը դարձած է խնդիր Հայաստանի մէջ ալ: «Թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն «ֆեյք» բառը դարձաւ ամենայաճախակի գործածուողը: «Ֆեյք» լուրերը ոչ միայն կը մոլորեցնեն մարդիկ, այլեւ լուրջ վնասներ կը հասցնեն մասնագիտացուած, իրենց լսարանին նկատմամբ պատասխանատու լրատուամիջոցներուն»,- կարեւորեց Սաթիկ Սեյրանեանը, այնուամենայնիւ շեշտելով, որ նոյնիսկ հիմա նոր լրատուամիջոցներու, թուային արհեստագիտութիւններու զարգացման դարաշրջանին տպագիր մամուլը, վստահելի լսարան ունեցող մամուլը կը շարունակէ ըլլալ ժողովուրդի ձայնը:

Զեկուցաբեր ՀՀ Հանրային ռատիոյի փոխտնօրէն Լիլիթ Թումանեանի կարծիքով՝ լրատուութեան փոխանցման աւանդական միջոցները պէտք չէ ստորադասուին: Իր կարծիքով՝ այսօր նոր լրատուադաշտի գործիքները, կայքերը կրնան վաղը չըլլալ, իսկ աւանդական լրատուադաշտը՝ ռատիօն, թերթերը կը շարունակեն տեղեկութեան փոխանցման իրենց գործառոյթը իրականացնել: Լիլիթ Թումանեանը, սակայն, նշեց, թէ իրենք լաւապէս կը գիտակցին, որ պէտք է փոխակերպուիլ, պէտք է արդիականանալ: «Մենք կը հասկնանքոր անընդհատ կը փոխուինքԸնկերային ցանցերն ու թուային արհեստագիտութիւններըանկախ ամէն ինչէ, պիտի զարգանան եւ մենք ուզենք թէ չուզենք պիտի տեղաւորուինք անոնց մէջ»,- շեշտեց ան: Յաջորդաբար ելոյթներ ունեցան «Արմինֆօ» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Էմանուէլ Մկրտչեան եւ Հայ-Ռուսական համալսարանի լրագրութեան ամպիոնի վարիչ՝ Մարինա Ալեքեան:

Երկրորդ Նիստ

 «Լրատուադաշտ եւ հանրութիւն. թուային դարաշրջանի իրողութիւնները» անուանումով երկրորդ նիստի ընթացքին, որ վարեց Ալեքսանտր Մարգարով բանախօսները խօսեցան լրատուադաշտի անվտանգութեան, անոր կրթական ու դաստիարակչական գործառոյթներուն, քարոզչական նոր հնարաւորութիւններուն մասին: Բանախօսներէն՝ լրատուական ոլորտի փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեանի կարծիքով՝ նոր լրատուադաշտերը յառաջացուցած են լուրջ խնդիրներ՝ կապուած լրագրութեան հետ: «Երբ նոր ստեղծուած էին նոր լրատուադաշտերը, մեծ խանդավառութիւն յառաջացած էր, որովհետեւ հասկնալի դարձած էր, որ խօսքի ազատութիւնը կը ստանայ ահռելի հնարաւորութիւն մը, որոնք անցեալին չէին եղած: Սակայն երբ անցաւ  քանի մը տարի, պարզուեցաւ, որ քարոզչութիւնն ու ձեռնածութիւնները ստացած այն հնարաւորութիւնները, զորս երբեք չունէին: Մարդոց մէկ մասը կը համարէ, որ նոր լրատուադաշտերը ժողովրդավարացման ուղին են, իսկ միւս մասը կը կարծէ, որ ասոնք ուղին են համապարփակ վերահսկողութեան»,- ըսաւ Մարտիրոսեանը՝ յաւելելով, որ Հայաստանի մէջ այս պահուն խնդիրը այն է, որ լրագրողները մտած են քաղաքական դաշտ՝ մէկ մասը բացայայտ, միւս մասը լծուած է քարոզչութեան գործին: Սամուէլ Մարտիրոսեանը կարեւորեց դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը դեռ նախադպրոցական եւ դպրոցական տարիքէն: «Ինթեկրացիա եւ զարգացում» ՀԿ նախագահ Արամ Սաֆարեանն ալ կը կարծէ, որ պէտք է միջազգային առաջատար լրատուամիջոցներու զինանոցէն փոխ առնել դրականը, կարեւորը: Ըստ իրեն՝ քաղաքական առճակատումներու ժամանակ լրատուութիւնը պէտք է գործուն վիճակի մէջ դնել: 106.5 FM լրատուական ռատիոյի ծրագիրներու տնօրէն Գարեգին Խումարեանն ալ այն տեսակէտին է, որ լսարանը վճարովի լրատուական բովանդակութիւնը աւելի լաւ կ’ընդունի: Հիմա լսարանը կը վճարէ զիրենք լսելու, դիտելու համար, այսինքն՝ իրենք պահանջուած են, մարդիկ չեն զլանար գրանցուիլ ու վճարել, այսպէս ըսած, ապրանքը ստանալու համար: Այս բաժնով ելոյթներ ունեցան նաեւ պատմաբան եւ փորձագէտ Միքայէլ Յալանուզեան, Հայկական PR միութեան նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան, Կովկասի Հիմնարկի գիտաշխատող Հրանդ Մելիքեան եւ փորձագէտ՝ Վարդանոյշ Մինասեան:

Երրորդ Նիստ – Կլոր Սեղան

Աւելի բուռն ու հետաքրքրական էր կլոր սեղան քննարկումը՝ նուիրուած տպագիր մամուլի ապագային: Քննարկումը վարող, Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ տպագիր մամուլը մեռած չէ: Ան իր նախաբանով հորիզոններ բացաւ թերթերու զարգացման, գոյատեւման գործին մէջ:

«Ժողովուրդ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Արման Գալոյեանը իր խօսքին մէջ նշեց, որ պէտք է յարմարիլ նոր իրողութիւններուն: Ան նոյնպէս համակարծիք է, որ տպագիր մամուլի մահուան մասին կարծիքները չափազանցուած են, քանի որ անոնք մշտապէս եղած են, բայց մամուլը կը շարունակէ մնալ իր դիրքին վրայ: Արման Գալոյեանի խօսքով՝ ելեկտրոնային մամուլին մէջ կարելի է որեւէ սխալ տեղեկութիւն փոխել, ուղղել, բայց տպագիր թերթին մէջ այդ մէկը կարելի չէ, հետեւաբար, կը մեծնայ պատասխանատուութիւնը ընթերցողին նկատմամբ:

Գալոյեանի խօսքը շարունակելով՝ երկու տարուան կեանք ունեցող «Փաստ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արտակ Ճաղարեանը օրինակ բերաւ, որ ելեկտրոնային լրատուամիջոցները առաւօտեան իրենց նորութիւնները կը սկսին մամուլի տեսութիւնով՝ կայքերուն մէջ տեղադրելով թերթերու մէջ տեղ գտած բացառիկ նորութիւններն ու վերլուծականները: Հետեւաբար խօսիլ տպագիր մամուլի դիրքերու թուլացման մասին անտեղի է: «Տպագիր մամուլը ունի որոշ առաւելութիւններ: Առաջին առաւելութիւնը պատասխանատու ըլլալն է: Սա կը կաղայ, սակայն, ելեկտրոնային լրատուամիջոցներուն մօտ: Տպագիր մամուլը շատ պատասխանատու է, մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ բովանդակութեան»,- նման տեսակէտ յայտնեց «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Արմէն Յովակիմեանը:

«Ռեսբուպլիքա Արմէնիա» թերթի գլխաւոր խմբագիր Էլենա Քիւրտեանի կարծիքով՝ ելեկտրոնային լրատուամիջոցները երկար կեանք չունին՝ թէկուզ այն պատճառով, որ իւրաքանչիւր լոյս տեսած նիւթ փոփոխման ենթակայ է, իսկ թուղթի վրայ եղած նիւթերը կը մնան արխիւներու մէջ, եւ դարեր ետք պատմաբանները թերթերէն կը ստանան ներկայիս պատկերը:

Լիբանանէն տեսակապով քննարկումին կը մասնակցէր նաեւ «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանը, որուն խօսքով՝ 21րդ դարուն տեղեկացուած ընթերցողը պէտք է փոխազդեցիկ կապի մէջ ըլլայ լրատուամիջոցի հետ:

«Եթէ ելեկտրոնային նիւթին համաձայն կամ դէմ ըլլալու պարագային ընթերցողը կրնայ իր կարծիքը յայտնել, ապա տպագիր մամուլը շատ աւելի փոխազդեցիկ ըլլալու խնդիր ունիԱյս պարագային պէտք չէ սահմանափակուիլ միայն թերթ տպագրելովայլ պէտք է յաճախակի քննարկումներ կազմակերպել»,- շեշտեց Շահան Գանտահարեանը:

Ան կը կարծէ, թէ մարդոց մօտ հոգեբանութիւն կայ, որ տպագրուածը շատ աւելի մնայուն ու լուրջ է, այդ իսկ պատճառով կը նախընտրեն տպագիր թերթերը: Շահան Գանտահարեանը որպէս տպագիր մամուլի զարգացման ուղի մատնանշեց մանկապատանեկան տարիքէն տպագիր մամուլի աշխատանքներուն մէջ մարդոց ներգրաւումը:

Պոլսոյ՝ երկար տարիներու պատմութիւն ունեցող «Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գոչունեան վստահ է, որ սփիւռքահայ թերթերը կարեւոր դերակատարում ունին հայապահպանութեան գործին մէջ, քանի որ, բացի հանրութեան հետ շփում ունենալէ, անոնց ուսերուն դրուած է ինքնութեան պահպանման խնդիրը:

Գոչունեանի կարծիքով՝ պէտք է լրագրողներու նոր սերունդ պատրաստել, պէտք է օգտագործել Հայաստանի մէջ առկայ ներուժը եւ գործակցիլ հայրենիքի մէջ գործող լրագրողներու հետ, ինչ որ հիմա կ’ընեն իրենք: Ըստ թերթի խմբագիրին՝ պէտք է պատրաստել լրագրողներու այնպիսի սերունդ, որ կը կարողանայ, օրինակ, Երեւանի մէջ նստած պատկերացում կազմել Պէյրութի կամ Լոս Անճելըսի կենցաղին մասին, Փարիզի մէջ նստած կարողանան Պոլսոյ կեանքը պատկերացնել եւ այլն: «Մենք պէտք է կարողանանք մարդկային ներուժը օգտագործել, որուն կարիքը այսօր Սփիւռքի հայկական տպագիր մամուլը ունի»,- յաւելեց ան: Արա Գոչունեանին համամիտ է նաեւ «Զարթօնք»ի խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը, որ նշեց, թէ իրենք հայրենիքի մէջ կը գործակցին ու կ’օգտագործեն մարդկային ներուժը: «Մենք երէկ հնարաւորութիւն ունեցանք հանդիպում ունենալ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի ուսանողներուն հետ ու տեսանք, որ խնդիր կայ ոչ միայն մարդուժի, այլեւ լեզուի հետ կապուած: Պէտք է ստեղծել արեւմտահայերէնի բաժանմունք եւ բարձրացնել այդ մարդուժի որակը»,- ըսաւ Սեւակ Յակոբեանը:

Տպագիր թերթերու խմբագիրները միակարծիք են՝ թերթի վախճանը բաւականին հեռու է, այժմ անցումային փուլ է, ինչը պէտք է յաղթահարել ու գտնել լուծումներ, սակայն խօսիլ թերթերու վախճանին մասին, ըստ Սեւակ Յակոբեանի, առասպել է:

Համաժողովի փակման խօսքին մէջ «Զարթօնք»  օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը յոյս յայտնեց, որ այս համաժողովէն ետք ներկայացուած առաջարկներն ու տպագիր մամուլը, այսպէս ըսած, փրկելու ուղղուած քայլերը ի կատար կ’ածուին գործակցութեան ու համախմբման միջոցով: «Մենք պէտք է միասին աշխատինք: Անցած են այն տարիները, որ մենք պէտք է անպայման զիրար խծբծէինք: Առեւտրական մրցակցութեան մէջ մտնենք: Մենք պէտք է հարթակ գտնենք, ուր կարելի է փոխադարձ շահաւէտութեամբ աշխատինք: Ես չեմ հաւատար, որ տպագիրը մեռած է, այդ մէկը առասպել է»:

Հետաքրքրական ու արդիւնաւէտ համաժողովը աւարտեցաւ նոր ծրագիրներու իրականացման պատրաստակամութեամբ ու յառաջիկային նախատեսուող գաղափարներու իրագործման, անոնց միս ու արիւն տալու պայմանաւորուածութեան ձեռքբերմամբ ու ՀայաստանՍփիւռք գործակցութեան մակարդակի բարձրացմամբ:

 

 

«Տպագիր Մամուլը, Թէկուզ Քիչ Տպաքանակով, Բայց Պէտք Է Շարունակուի». Յակոբեան

ԵՊՀ Լրագրութեան Բաժանմունքի Ուսանողները Հանդիպեցան Միջազգային Ու Սփիւռքահայ Մամուլի Ներկայացուցիչներուն Հետ

 

Նոյեմբեր 21-24 «Արմէնփրես» պետական լրատուական գործակալութեան եւ ԱՊՀ երկիրներու լրատուական հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակի գործակցութեամբ Երեւանի մէջ կայացաւ «Լրատուադաշտի դերը փոխուող աշխարհի մէջ» միջազգային լրատուական համաժողովը: Համաժողովի ծիրին մէջ Նոյեմբեր 22ին «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանը, Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը եւ Ռուսիոյ «ТАСС» գործակալութեան ԱՊՀ եւ պալթեան երկիրներու բաժնի ղեկավար Պորիս Կրուշինը հանդիպում ունեցած են Երեւանի Պետական Համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի ուսանողներուն հետ:

 

Հանդիպումին նպատակն էր ապագայ լրագրողներուն ներկայացնել լրատուադաշտի զարգացման միտումները, արտասահմանեան եւ Սփիւռքի հայկական մամուլի գոյատեւման հիմքերը, լրագրութիւն մասնագիտութեան կարեւորութիւնը եւ լրագրողի առաքելութիւնը:

Ուսանողներուն հետ հետաքրքրական զրոյցի ժամանակ «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը նախ ուսանողներուն հակիրճ ներկայացուց օրաթերթի ստեղծման ու զարգացման պատմութիւնը, առաքելութիւնը, խօսեցաւ հայապահպանման ու հայազարգացման գործին մէջ ունեցած աւանդին մասին: Սեւակ Յակոբեանի խօսքով՝ տպագիր մամուլը, թէկուզ քիչ տպաքանակով, բայց պէտք է շարունակուի, քանի որ անիկա սոսկ լրատուական միջոց մը ըլլալէ անդին՝ սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի ու արեւմտահայերէնի պահպանման գործիքներէն մէկն է: Օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը նշեց, որ իրենց վերջին տարիներուն օրաթերթի գործունէութեան մէկ մասը տեղափոխած են Հայաստան, որովհետեւ հայրենադարձութիւնը չ’ենթադրեր անպայման ֆիզիքական պարտադիր վերադարձ: «Մեր թերթի պարագային կրնամ ըսել, որ հայրենադարձուեցաւ, քանի որ գործի մէկ մասը մենք այստեղ կ’ընենք, գրասենեակ ունինք, աշխատակիցներ ունինք, մեզի ելեկտրոնային փոստով կ’ուղարկեն այստեղ տեղի ունեցող միջոցառումները, լուրերը: Առօրեայ սրբագրութեան եւ ձեւաւորումի աշխատանքը եւս այստեղ տեղափոխած ենք: Թերթի ելեկտրոնային տարբերակի տարածումը, կայքէջի թարմացումը, նիւթերու տեղադրումը կը կատարենք այստեղի աշխատակիցներուն միջոցով: Մենք յաջողեցանք Հայաստանի մէջ ապրողներուն հետ գործակցիլ, իրենց եկամուտ ապահովել, իսկ մեր կողմէ այդ մէկը խնայողական է: Այստեղի աշխատավարձերը մեր քաղաքի աշխատավարձերուն հետ համեմատած աւելի դիւրին է վճարել: Թերթը ունի որոշակի պիւտճէ, որով մենք պէտք է զայն լոյս ընծայենք ու կեանքի սղութեան պատճառով ան այլեւս Պէյրութի մէջ բաւարար չէ: Մենք այսպէս սկսած ենք նաեւ խնայողութիւն ընել»,- մանրամասնեց «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիրը:

Սեւակ Յակոբեանը շեշտեց, որ Հայաստանէն ալ կը սորվին որոշ բաներ, մասնաւորապէս այժմ թերթին մէջ հարցազրոյցները, յօդուածները կարելի է ոչ միայն կարդալ, այլեւ դիտել անոնց տեսանիւթը: Իսկ ի՞նչպէս. Օրինակ QR ծածկագիրի միջոցով, որ կը տեղադրուի իւրաքանչիւր տեսանիւթով յօդուածի ստորին մասը: «Մենք մտածեցինք նաեւ, որ տպագիր կարդացողին կարելի է նոյն ատեն կապել նաեւ տեսանիւթի հետ: Անոր համար ես կ’առաջարկեմ, որ դուք ալ ձեր գիտելիքները, ձեր փորձառութիւնը, նորարարութիւնը գործի դնէք ու աւելի լայն ընթերցող ունենաք»,- դիմելով ԵՊՀ ուսանողներուն ըսաւ Սեւակ Յակոբեանը:

Ըստ Յակոբեանի՝ ճիշդ է, որ արհեստագիտական զարգացումները սկսած են խանգարել տպագիրը, սակայն ամէն վատ բանի մէջ լաւ բան կայ: «Մեր թերթին տպագիրը կը բաժնուի Լիբանանի մէջ, «Զարթօնք»ի պատմութեան մէջ ամենալաւ օրը մենք ունեցած ենք մինչեւ 5000 տպաքանակ: Լիբանանը Հայաստան չէ, այնտեղ ամբողջ բնակչութիւնը հայ չէ, կայ հայ համայնք, որ 250 հազար եղած է ատենին, այսօր, լաւագոյն պարագային 50-60 հազար է, որոնց պէտք է թերթ հասցնել:  Այսօր մեր տպագիր թերթին տպաքանակը 1000 է: Ինչո՞ւ կ’ուզեմ խօսիլ հասանելիութեան մասին: Այսօր մեր տպագիր թերթը չէ միայն որ կ’ընթերցուի, այլ նաեւ ելեկտրոնայինը: Մենք այսօր ունինք աւելի քան 25000 անուն հաշուող ելեկտրոնային հասցէացանկ, որուն կ’ուղարկենք լոյս տեսած թերթի PDF տարբերակը: Հետեւաբար, մենք Լիբանանանի սահմաններէն դուրս եկած  ենք: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ թերթին յօդուածները նաեւ կը տեղադրուին մեր կայքէջին վրայ: Այսպիսով ան հասանելի կը դառնայ հսկայական թիւով ընթերցողներու». ներկայացուց Սեւակ Յակոբեանը:

Ռուսիոյ «ТАСС» գործակալութեան ԱՊՀ եւ պալթեան երկիրներու բաժնի ղեկավար Պորիս Կրուշինն ալ իր խօսքին մէջ ներկայացուց գործակալութեան աշխատելաոճը, գործակցութիւնները, քանի որ գործակալութիւնը մեծ տարածում ունի ոչ միայն ՌԴի, այլեւ Հայաստանի մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նման հնարաւորութեան համար: «Մենք յառաջիկայ տարի պիտի տօնենք մեր 115ամեակը: Մենք կը համարուինք ռուսական ամենահին լրատուական գործակալութիւններէն մէկը: «ТАСС»ը, ԵՈՒՆԵՍՔՕի տուեալներով, կը համարուի աշխարհահռչակ չորս գործակալութիւններէն մէկը, որովհետեւ մենք ունինք թղթակիցներու մեծ թիւ ամբողջ աշխարհի մէջ: Մենք այս պահուն ունինք 68 նեկայացուցիչ աշխարհ տարբեր երկիրներու մէջ: Մենք 5000 բաժանորդ ունինք, որոնց շարքին հազարաւոր լրատուամիջոցներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ, ինչը շատ կարեւոր է»,- ընդգծեց գործակալութեան ԱՊՀ եւ պալթեան երկիրներու բաժնի ղեկավարը:

ԵՊՀի մէջ ուսանող ապագայ լրագրողները զիրենք հետաքրքրող հարցերը ուղղեցին բազում տարիներու փորձ ունեցող խմբագիրներուն, լսեցին հետաքրքրական տեղեկութիւններ թերթերու, միջազգային ու սփիւռքահայ մամուլի մասին: Ընդանուր առմամբ, հանդիպումը անցաւ բաւական կառուցողական ու արդիւնաւէտ մթնոլորտի մէջ:

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր