• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հաւատա՞մք, վստահութի՞ւն, թէ՞

22.11.2018   01:51

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Մինչեւ ե՞րբ հայ ազգը պիտի հաւատայ, վստահի եւ կուրօրէն հետեւի բոլոր, այո՛ բոլոր օտար երկիրներու, մեծ կամ փոքր, տիրակալ կամ «փրկարար», «օգնութիւն» երկարած ձեռքերուն:

Այնքա՞ն հեռու էին հայ ժողովուրդի ջարդի ու կոտորածի տարիներուն բերուած «բարիքները» հայ ազգին գլխուն, այդ նոյն «բարեսիրտ» կամ «ազատարար» պետութիւններուն կողմէ, ու այդ բոլորը մոռացութեան արժանի դառնալո՞ւ աստիճան, որպէսզի այսօր ըսենք՝ «մոռնանք անցեալը եւ նոր էջ բանանք»:

Հայաստանը այսօր կը պայքարի նոր իշխանութիւն ստեղծելու համար, համայն ժողովրդային աշխատանքով, ձերբազատուելու ամէն տեսակի անօրինութիւններէ, կազմելու իսկական եւ հարազատ ժողովրդավար հայրենի երկիր մը: Այսօր, խիստ խոցելի ժամանակաշրջան մըն է որ կ՚ապրի հայրենիքը, ուր այդ օտար երկիրներուն ներկայացուցած «խրատները», «օգնութիւնները» կամ «ներդրումները» հայ ազգի անպայման իսկական բարօրութեան համար չեն կրնար ըլլալ: Հայկական բարի առածը կ՚ըսէ՝ «մեր սեւ աչքերուն համար չեն անոնք» : Իսկ հայ ժողովուրդի անցեալի պատմութիւնը վկայ թող ըլլայ ասոր, յիշատակը թարմացնելու եւ զարթնելու սիրոյն:

Ֆրանքոֆոնը, Եուրօ Եունինը, Եու Էս Էյտը, ՀԱՊԿ-ն, Միջազգային դրամատուներ, Ասիական կամ Եւրոպական այլ կազմակերպութիւններ, NGO-ներ (ո՛չ կառավարական կազմակերպութիւններ, որոնք փոքր եւ անտէր ազգերու ամենամեծ չարիքներու աղբիւրներն են այս դարուն) եւ բոլոր օտար «մեծ տէրութիւններու»  «օգնութեան» ձեռք երկարածներէն ինչպիսի՞ բարիքներ կրնանք ակնկալել այսօր: Վերեւը յիշուած առածը եւ հայ ազգի պատմութիւնը մտաբերելով, կրնանք աղաղակել միայն չարիք: Իսկ այդ «օգնութիւններուն» հետեւանքնե՞րը, անխուսափելի ենթակայութիւն եւ տիրապետութիւն անոնց «սազած» օրէնքներուն:

Խիստ հրապուրիչ են այդ կազմակերպութիւններուն առաջարկած «ազատութիւններու» կանոնները իրենց խօսքի, պարի կամ երաժշտական ներկայացումներով, գինետուներու (Bar-երու), թատրոններու եւ հրապարակներու վրայ կամ թաքուն աշխատանքներով, որոնք ի յայտ կու գան որպէս՝ «շարժումներ», շահագործելու համար այն խոցելի անկիւնը կամ բացը որ կայ այսօր, հայրենի կառավարութեան վերակազմութեան ժամանակաշրջանին մէջ: Այսպիսի «շարժումներ», այսօր՝ կը ջանան ներկայանալ հանրութեան որպէս քաղաքական ուժ, ճնշում բանեցնելու համար քաղաքական հատուածներու վրայ, իրենց իտէալներու գործադրութեան նպատակով, որոնց հետեւանքները արդէն կը տեսնենք Եւրոպայի եւ արեւմտեան երկիրներու ներքին կացութեան նեխած դրութեանց մէջ:

«Յառաջադէմ» անուանուած սոյն երկիրներու նիւթական օգնութիւնները եւ անոնց ներդրած այն յառաջադէմ գաղափարները եւ խրատները, բոլորովին զուրկ են բարոյական որեւէ առումէ, ստորնացնելու եւ խառնաշփոթութիւն ստեղծելու միակ նպատակով հետապնդուած:

Մի քանի տարի առաջ, Եւրոմիութիւնը որոշ գումար «նուիրած» էր Հայաստանի կառավարութեան, «մարդկային իրաւունքներու» պաշտպանութեան եւ պահպանման համար: Իսկ ի՞նչ պատահեցաւ որպէս հետեւանք ծիլ տուին «ազատական» գաղափարախօսութիւններու  կարգ մը «շարժումներ»,  ի միջի այլոց՝ այսօր հրապարակ ելած (ԼԳԲՏ) շարժումը, որ անտարակոյս հետեւանք է օտար միջամխութեան, յարմար առիթը օգտագործելու ի շահ իրենց նպատակներուն:

Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը այսօր եւ դարերու ընթացքին, եղած են հաւատքի, կրօնական կամ աշխարհային, պապենական սովորութիւններու եւ ընտանեկան սրբութիւններու խորան: Հայրենիքը այսօր ունի Սահմանադրութիւն, կարգ ու օրէնք պարտադրելի բոլոր հպատակներուն անխտիր, անկախ անոնց գաղափարական, սեռական կամ հաւատքի պատկանելիութիւններէն: Իսկ այս բոլորէն տեղեակ են անոնք: Ուրեմն, ի՞նչ նոր կամ հին իրաւունքներու ճանաչումի կամ պահանջքի մասին է այս յայտարարուած հաւաքը, որ կրնայ գերազանցել մնացեալ ժողովուրդին իրաւունքները:

Հակառակ անոր որ նոյնամիտ յօդուածներ կը հրապարակուին այս ժամանակամիջոցին, սակայն անկարելի էր չանդրադառնալ վերջին օրերուն, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ արձակուած սին յայտարարութեան, նոյն նիւթին առնչութեամբ, ուր հարց կը տրուէր հայրենի կառավարութեան ոստիկանութեան (ԼԳԲՏ շարժումին) խաղաղ հաւաքի իրականացման իրաւունքներու կիրարկման մասին:

Շատ կարեւոր հարց տանք: ՄԱԿ-ը, իր ստեղծման օրէն ի վեր ի՞նչ արդար իրականացումներ իրագործած է մինչեւ այսօր արդեօք  ուրիշ ընելիք չունի՞ բացի միջամուխ ըլլալէ երկրի մը ներքին օրէնքներու խախտման գործով:

Եթէ այնքա՜ն հետամուտ է ՄԱԿ-ը նման օրէնքներու կիրարկման, կրնանք թուել երկիրներու անուններ ինչպէս՝ Սէուտական Արաբիա, արաբական, ափրիկեան, ասիական եւ այլ զանազան բազմաթի՜ւ երկիրներ, ուր կրնայ փորձել իր հմտութիւնը: Հասարակական առումով «ինչո՞ւ իր գործին չի խառնուիր»:

Սրտանց կը մաղթենք ներկայ անցողական եւ ապագային հաստատուած հայրենի կառավարութեանց, նկատի ունենալ վերոյիշեալ նկատառումները, պահպանելու համար հայրենիքի ժողովրդային, քաղաքական եւ տնտեսական կայունութիւնը եւ յառաջխաղացումը:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր