«Գաւառը» Լուսարձակի Տակ. Վանաձորեան Մէկ Շքամուտքի Վիճակագրութիւն

ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Ընթերցողին որոշ պատկերացում տալու համար ամփոփ ըսեմ, որ իմ բնակած հինգ յարկանի շէնքն ունի հինգ շքամուտք եւ կը պարփակէ վաթսուն յարկաբաժին: Առաջին եւ վերջին շքամուտքերն ունին իւրաքանչիւր յարկի վրայ երեք յարկաբաժին, իսկ մէջտեղի երեք շքամուտքերը` երկու յարկաբաժին: Մեր ընտանիքը կը բնակի երկրորդ շքամուտքի երրորդ յարկը:
Այժմ մեր յարգելի ընթերցողի հետ այցելութիւն մը կատարենք մեր շքամուտքի առաջին յարկէն մինչեւ հինգերորդ յարկ՝ տեսնելու համար, թէ ո՛վ կայ եւ ո՛վ չկայ, եւ կազմենք մէկ վիճակագրական ցուցակ, որ կրնայ մէկ մանրանկարը հանդիսանալ ամբողջ Հանրապետութեան:
Սկսինք առաջին յարկէն: Այստեղ կը բնակի Ս.ը իր կնոջ եւ աղջկան հետ: Ունի մէկ զաւակ, որ ներկայիս կ’աշխատի եւ կ’ապրի Մոսկուայի մէջ: Ս.ն ունի երեք եղբայր, որոնցմէ երկուքը իրենց ընտանիքներով Ռուսաստան են: Եթէ մէկ ընտանիքի անդամներու քանակը նուազագոյնը չորս անձ հաշուենք, ապա կ’ունենանք Ս.ի գերդաստանէն ինը անձ Հայաստանէն դուրս. Կողքի յարկաբաժինը տիկին Վ.ինն է, որ իր երեք զաւակներով Ռուսաստան կը գտնուի, բայց բնակարանը պահած է եւ տարին մէկ կամ երկու անգամ կու գայ այցելութեան: Երեք զաւակներն ալ ամուսնացած են. հաշուենք որ տասներեք հոգի ալ այդ ընտանիքէն բացակայ են երկիրէն:
Բարձրանանք վերեւի յարկերը: Ձախ կողմի դուռը Փ.ենք են: Ներգաղթած են Իրանէն: Ունին չորս զաւակ: Աւագ որդին ընտանիքով հաստատուած է Մ. Նահանգներ: Մխիթարական է, որ միւս երեք զաւակները այստեղ են իրենց ընտանիքներով: Աջ դուռը նոյնպէս Իրանէն ներգաղթեալի ընտանիք է: Կնոջ հարազատները` մայրը, քոյրը եւ եղբայրը, տեղափոխուած են Հոլանտա:
Երրորդ յարկը մեր վեց հոգինոց ընտանիքն է, կողքի մեր դրացիները չորս հոգի են, իսկ հինգերորդը` անդրանիկ որդին, իր ընտանիքով հաստատուած է Մոսկուա: Իրենց վերի դրացիները նոյնպէս ունին մէկ երիտասարդ ընտանիք՝ Ռոստով տեղափոխուած: Մեր վերի յարկաբաժինը բոլորովին դատարկ է, քանի որ երկու եղբայր իրենց ընտանիքներով տարիներ առաջ հաստատուած են Մոսկուա:
Հինգերորդ յարկէն բարեբախտաբար մէկ հոգի կը պակսի, որ հարս գացած է Մ. Նահանգներ:
Պարզ թուաբանական հաշուարկը ցոյց կու տայ, որ մեր շքամուտքը այժմ կայ 39 բնակիչ, բայց տեսականօրէն կրնայինք ունենալ 87ը: Միայն մեր շքամուտքէն 48 մարդ հայրենիքէն դուրս է: Այս համեմատութիւնը եթէ տարածենք ամբողջ Հանրապետութեան վրայ, ինչքան տխուր պատկերի առաջ կը կանգնինք: Տարբեր տարիներու մարդահամարի տուեալներու վրայ հիմնուելով՝ այսօր Հանրապետութիւնը պէտք է ունենար աւելի քան 5 միլիոն բնակչութիւն, իսկ նախկին նախագահը օդին մէջ կրակելով անգամ մը յայտարարեր էր, որ 2040 թուականին երկիրը կ’ունենայ 4 միլիոն բնակիչ:
Ստեղծուած այս իրավիճակի համար երեք նախկին նախագահներն ալ պատասխանատու են:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

