Ամերիկա Ամերիկա. ՆՈՅԵՄԲԵՐ 6-Ի ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆՑ ՎԱՂՈՐԴԱՅՆԻՆ

ՄՈԼԻ ՊՈԼ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նախագահ Տ Թրամփի երկու տարուան պաշտօնավարութեան գրեթէ աւարտին, Մ Նահանգներու Նոյեմբեր 6-ի ընտրութիւններուն, տեմոքրաթները նուաճեցին Ներկայացուցիչներու Տան (House of Representative) մեծամասնութիւնը, մինչ հանրապետականները պահեցին Ծերակոյտի (Senate) մեծամասնական հակակշիռը, քանի մը աթոռներու յաւելումով։ Այլ խօսքով, ձեւով մը «հաւասարակշռուած» եղաւ երկրին իշխանավարութիւնը։ Թէեւ, պնդողներ ալ կան, որ երկիրը աւելի երկփեղկուեցաւ։
Արդարեւ, յատկանշական երեւոյթ էր, որ առաջին անգամ ըլլալով, Ներկայացուցիչներու Տան մաս պիտի կազմեն 100-է աւելի իգական սեռի ներկայացուցիչներ, որոնցմէ երկուքը բնիկ ամերիկացիներ են, երկուքը իսլամ դաւանանքին կը պատկանին, հինգերորդ մը սեւամորթ ծերակուտական է, ու վեցերորդը՝ միասեռական (gay) կառավարիչ մը։
Նախընտրական շրջանի ամէնէն յատկանշական երեւոյթը, ընթացիկ տարուան Մարտին, կիներու միլիոններու աննախընթաց քայլարշաւն էր, բողոքելու համար Թրամփի առողջապահական հոգատարութեան, ու փարթամ եկամուտներ ունեցողներու պետական տուրքերու կրճատման դէմ, միաժամանակ ամբաստանելով Պրն նախագահը, կամ 6 միլիոն ստորագրութիւններով պահանջելով անոր ատենարկումը (impeachment)։
Նկատառութեան արժանի է, որ տեմոքրաթները յաղթանակներ տարին Միշիկընի, Ուիսքոնսընի ու Փենսիլվանիոյ մէջ նահանգներ, որոնք նահագահ Թրամփի յաղթանակին առաջնորդած էին։ Տեմոքրաթ թեկնածուներու 70 առ հարիւրը մերժեցին մեծ ընկերութիւններու նուիրատուութիւնները։ Նաեւ, անոնք իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին տեղական կարիքներու վրայ, փոխանակ կառչելէ զուտ գաղափարապաշտ սկզբունքներէ։ Պրն նախագահին քաղաքականութիւնն էր հրահրել իր կողմնակիցները իսլամ գաղթականներու դէմ պայքարելով։ Մէկ խօսքով, Հանրապետական կուսակցութիւնը մարմնաւորուած էր նախագահով, եւ ոչ թէ՝ աւանդական ցած տուրքերու նուազ կարգաւորումով (regulation)։
Դիմագրաւելու համար գաղթականներու կարաւան մը, Պրն նախագահը հարաւային սահման ուղարկեց մեծ թիւով բանակայիններ, աւելի՛ քան ԻՍԻՍ-ի դէմ կռուած զինուորները։ Անիկա ծաղրեց կիները, որոնք Բարձրագոյն դատարանի թեկնածու Պրէթ Քևընոն ամբաստանած էին sexual assault-ով։ Անիկա պախարակեց մամուլը, որ անդրադարձած էր կարգ մը տեմոքրաթ ղեկավարներու pipe-bomb-եր ղրկող ահաբեկիչին։ Տ Թրամփ ծաղրական մխիթարանքներ կատարեց ա՛յն հանրապետականներուն, որոնք իր օգնութեան չդիմելով, պարտութեան մատնուած էին այս վերջին ընտրութեանց։ Այլազան քուէարկողներ եւ երիտասարդ քաղաքացիներ տեմոքրաթներուն ի նպաստ քուէարկած էին։ Հանրապետական գործիչները մտահոգ են Թրամփի խաւարամիտ ու բաժանարար պատգամէն, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 2020, եւ անկէ անդին։
Այսուհետեւ, խորհրդարանին մէջ հակամարտութիւնը պիտի շարունակուի, Հանրապետական կուսակցութիւնը կորսնցուցած ըլլալով, իսկ իր չափաւորական անդամները պիտի դառնան աւելի գաղափարախօսական ու Թրամփի հաւատարիմներ։ Ռայընի հրաժարումով, Թրամփի բարեկամներէն Քևին ՄըքՔարթի, առանձին մնացած Քալիֆորնիոյ ներկայացուցիչը, պիտի գլխաւորէ հանրապետական փոքրամասնութիւնը խորհրդարանին մէջ։
Նոյեմբերի վերջաւորութեան, տեմոքրաթները գաղտնի քուէարկութեամբ պիտի ընտրեն Ներկայացուցիչներու տան իրենց առաջնորդը։ Ցարդ ոչ մէկը առարկած է Նենսի Փըլոսիի ղեկավարութեան դէմ։ Խորհրդարանի մեծամասնական Տեմոքրաթ Կուսակցութեան թեման պիտի ընդգրկէ համարատուութիւնը, սկսելով օրէնսդրութենէն, որ առաջին հերթին նկատի պիտի ունենայ ընտրարշաւի նիւթական օժանդակութեանց բարեփոխումը, ընտրական այլ իրաւասութիւններ ու վարուելակերպ։ Այլ բարեփոխումներ պիտի ըլլան կառուցուածքը, ու պայքար թմրանիւթերու սղութեան դէմ։ Այսուհանդերձ, տեմոքրաթները ամէնէն աւելի պիտի արգելակեն նախագահին նախասիրած հանրապետական ծրագիրները, առանձնաբար՝ գոյութիւն ունեցող ապականութիւնը։ Հաւանականօրէն թիրախ պիտի դառնան նախագահին տուրքերու հաշուետուութիւնը, իր փեսային ապահովութենէ զերծ ըլլալը (security clearance), «Թրամփ կազմակերպութեան» խառնշտկումը (entanglement) կամ շահարկումները՝ նախագահին իշխանութեան շնորհիւ։ Այս բոլորը պիտի հետապնդուին պատասխանատուութեամբ։
Հիմա որ տեմոքրաթ մեծամասնութիւն գոյացած է Ներկայացուցիչներու տունէն ներս, Թրամփի դահլիճին մէկէ աւելի գործունէութիւնները քննարկման առարկայ պիտի դառնան, ամբաստանուած ըլլալով այլազան գայթակղութիւններով։ Յատկապէս խնդրոյ առարկայ են Միջավայրի (environment) պահպանութեան գործակալութիւնը, Բնակավայրի քաղաքային զարգացումի ու վաճառականութեան գրասենեակները, այս բոլորին պատասխանատուն ըլլալով Պրն նախագահը։
Իսկ հարցերէն մեծագոյնը ռուսական էլեքտրոնիք միջամտութիւնն է վերջին նախագահական ընտրութիւններուն։ Հարցը նախագնման իրաւունքով (preemptively) «փակուած» նկատուած է, մինչ այս հարցի մասին Ռապըրթ Մուլըրի քննարկումները աւարտած չեն, ու կրնայ այս մասին եզրակացութեան մը յանգիլ։ Կայ նաեւ նախագահին ամբաստանութեան (impeachment) կամ «պատժում»ի հարցը։
Խորհրդարանական Նոյեմբեր 6-ի ընտրութիւններէն ետք, Քոնկրէսը ներկայիս բեւեռացուած է արդարեւ, Նոյեմբեր 9-ին, հետեւեալ պատկերը կը պարզէր-
Ներկայացուցիչներու տուն՝ 222 տեմոքրաթ եւ 196 հանրապետական, 17-ն ալ՝ անորոշ, Ծերակոյտ՝ 44 տեմոքրաթ, 51 հանրապետական, երկու անկախ եւ երեք անորոշ իսկ կառավարիչներէն՝ 23-ը տեմոքրաթ ու 26-ը հանրապետական։ Փոքր սրբագրութիւններ կամ լրացումներ պիտի կատարուին կարգ մը շրջաններու քուէները վերաքննութեան ենթարկուած ըլլալով բայց ընդհանուր պատկերը հիմնական փոփոխութիւն պիտի չկրէ։ Զգալի յաւելում կրած են իգական սեռի եւ երիտասարդութեան ներկայացուցիչները։
Յետ այս վերջին ընտրութեանց, երկիրը այսքան բաժանուած չէր եղած։ Հակամարտութիւնը կողմերու միջեւ սուր բնոյթ պիտի կրէ։ Մաղթենք որ «մենատիրական» իշխանավարութիւնը կ՚արգելակուի, ու ծայրայեղական կարգ մը միջոցառումներ բարեկարգումի կ՚ենթարկուին, ու գործակցութիւնը ընդհանուր առմամբ կը վերահաստատուի երկու գլխաւոր կուսակցութիւններուն միջեւ, յօգուտ ընդհանուր ժողովուրդի բարօրութեան։
Ազատ թարգմանութիւն՝ լայն յապաւումներով
ՍԱՐԳԻՍ Յ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Թայմ» շաբաթաթերթ, 19 Նոյեմբեր 2018
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

