Չեմ Վախցած, որ Ինծի Կրնան Ճիշդ Չհասկնալ․․․ Զրոյց՝ Նկարչուհի ԱՐՄԻ (Արմինէ Յարութիւնեան)ի Հետ

Զրուցեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Այսօր կը հրատարակենք «Զարթօնք» Հայրենիքի մէջ մեր նոր շարքին երրորդը:
Ինչպէս նախապէս նշած էինք, սոյն շարքով մենք մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք Հայրենիքին առնչուող իրադարձութիւններ եւ հարցազրոյցներ:
Մեր տպագիրը ժամանակակից պայմաններու հետ յարմարցնելու ջանքով, մեր այս շարքին պիտի ընկերանայ նաեւ տուեալ նիւթին վերաբերող տեսանիւթը, որ, մեր առցանց հրատարակութեան զուգահեռ, մեր տպագիրի ընթերցողին տրամադրութեան տակ պիտի դնենք կողքին զետեղուած QR ծածկագրին միջոցաւ:
«Խմբ.»
Համարձակ, ներդաշնակ ու ինքնատիպ: Հոկտեմբեր 23ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է նիւտ-արթ (nude-art)՝ մերկարուեստի ոճի նկարչուհի Արմի Յարութիւնեանի առաջին անհատական ցուցահանդէսը, որ անցած է բաւական ջերմ ու տրամադրող մթնոլորտի մէջ։ «Համարձակութիւնդ կը գնահատեմ հազար միաւոր․․»․ այսպէս արձագանգեց ցուցասրահ այցելած քաղաքացիներէն մէկը, որ իւրաքանչիւր կտաւ խնամքով ու մեծ ուշադրութեամբ կ’ուսումնասիրէր։
Կտաւները մերկութեան պատկերման նորովի մատուցման՝ մերկարուեստի ժանրով են: Կտաւներուն մէջ նկարչուհին փորձած է ներկայացնել մերկ կինը՝ իր ապրումներով, զգացումներով ու զգայական աշխարհով հանդերձ։ Արմի Յարութիւնեանը կը ստեղծագործէ աւելի քան 17 տարի։ Չի պատկերացներ կեանքը առանց նկարչութեան։ Ցուցահանդէսներ շատ ունեցած է, բայց որպէս անհատական ցուցահանդէս սա առաջինն է, բայց ոչ վերջինը, վստահ է նկարչուհին։
Երեւանեան այցելուներու համար այս ցուցահանդէսը իր ոճի մէջ առաջինն է։ Նկարչուհին կը պատմէ, թէ ինչպէս որոշեց նոյն այս ոճով հանդէս գալ։ «Եկաւ պահը, երբ պէտք է կայանալ որպէս վարպետ նկարչուհի եւ ընտրել այն ոճը, որով մարդիկ պէտք է ճանչնան քեզ, եւ ես ընտրեցի նիւտ-արթը։ Սա Հայաստանի մէջ առաջինն է, որ միաժամանակ ցոյց կու տաս այն ինչ կայ բնութենէն տրուած»,- կ’ըսէ նկարչուհին։
Ցուցահանդէսի այցելուները տպաւորուած էին նկարչուհիի համարձակութեամբ, այդ ոճով ստեղծուած կտաւներու ամէն օր չէ, որ կարելի է Հայաստանի մէջ հանդիպիլ։ Արմիի համար շատ կարեւոր է մարդոց արձագանգները իր ստեղծագործութեան, եւ այս առումով Արմիի սպասելիքները արդարացած են։ «Այն ինչին ես հոգիիս մէջ սպասած եմ, իրականացաւ։ Ես կը մտածէի, որ կու գան-կ’ըսեն՝ միօրինակ ցուցահանդէս է, ինչպէս բոլորը, բայց այդպէս չեղաւ»,- ուրախութեամբ կ’ըսէ նկարչուհին, ապա կ’աւելցնէ՝ ինչ խօսք, հայաստանեան հասարակութիւնը դեռ պատրաստ չէ ընդունելու ամէն ինչ առանց քօղի, առանց վարագոյրի։ Արմի Յարութիւնեանը նոյն այդ վարագոյրը կը փորձէ իջեցնել ու ցոյց տալ կեանքը եւ կինը այնպէս ինչպէս կան։
Ըստ իրեն՝ այսօր հայաստանեան մշակութային կեանքին մէջ նոր շունչ, թարմութիւն հաղորդելու կարիք կայ եւ ինքը կը փորձէ ըլլալ նոյն այդ մէկը։ Անընդհատ պէտք է փոխուիլ, առաջ երթալ, նորն ու գեղեցիկը ստեղծել: Նիւտ-արթ ոճով նկարիչը ինքը պէտք է իրեն համար ստեղծէ սահմաններ, իր աշխարհահայեացքին, ընկալումներուն, պատկերացումներուն համահունչ։ Նկարչուհին կը նշէ, որ, սկսելով ստեղծագործել այս ոճով, վախ չէ ունեցած, որ իրեն կրնան ճիշդ չհասկնալ, սակայն կարծիքները տարբեր եղած են։
Ցուցահանդէսի ժամանակ, տեսնելով մարդոց հիացումը, դրական արձագանքները, նկարչուհին համոզուած է, որ զուր չէ ստեղծած այդ կտաւները, իր հոգեվիճակն ու ապրումները զուր չէ փոխանցած անոնց, ի զուր չէ ընտրած այդ ոճը։ Իւրաքանչիւր մարդ Արմի Յարութիւնեանի ցուցահանդէսին ներկայացուած կտաւներուն մէջ գտած է զինքը հետաքրքրող, իր էութեան ու բնութեան մօտ պատկերը։
Նկարչուհիի կտաւները ուսումնասիրող ոեւէ մարդ հնարաւորութիւն կը ստանայ իր երեւակայութեան չափով ստեղծագործելու, պատկերացնելու, գտնելու կամ չգտնելու իրեն տուեալ կտաւին մէջ։ Այս առումով ցուցահանդէսը նոյնպէս յաջող կը համարուի: Սիրոյ իւրայատուկ դրսեւորում է «Սիրում եմ» անուն ունեցող կտաւը, կամ երեւակայելու լայն հորիզոն կու տայ «Պատկերացրու» անուանումով կտաւը: Նկարչուհիին համար կեանքի մէջ ամէն պահ նոր է, չկրկնուող, աննկարագրելի, ինչպէս իր կտաւներն են, որոնց ստեղծման վրայ կը ծախսէ 3-4 օր։ Կ’ըսէ, որ եթէ անկէ աւելի աշխատի կտաւի վրայ, զայն կրնայ մէկ կողմ նետել, քանի որ, ինչպէս կը բացատրէ Արմին, այդ պարագային նկարը չի դառնար այն ինչ կ’ուզես կամ այն ինչին կը ձգտիս, թերեւս շատ զգացումներ փոխանցելն ալ իր բացասական կողմը ունի։
Ի դէպ, նկարչուհիին շատ ուրախացուցած էր իր ցուցահանդէսին հայ ճարտարապետ, երաժիշտ, երաժշտահան, բանաստեղծ, երգիչ, նկարիչ Արթուր Մեսչեանի անսպասելի ներկայութիւնը, որ եւս տպաւորուած էր նկարչուհիին կտաւներով։
Արմի Յարութիւնեանի «Կինը Ափի Մէջ» խորագրով անհատական ցուցահանդէս-վաճառքը այցելուներուն համար հասանելի կ’ըլլայ «Royal Classic House» սրահի մէջ Երեւան, Բիւզանդ փող., 3/23 շէնք, մինչեւ 28 Հոկտեմբեր 2018։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

