• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

ՈՂՋՈ՛ՅՆ ԵՐԵՒԱՆԻ 2800-ԱՄԵԱԿԻՆ

26.10.2018   02:11

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 1950-ին, Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած զանգուածային ժայռաբեկորի սեպագիր արձանագրութեան վրայ կը կարդանք. «Խալդի Աստուծոյ մեծութեամբ Արգիշտին, Մենուայի որդին, այս հոյակապ ամրոցը կառուցեց, անուանեց Էրեբունի, Բիայնիլիի հզօրութեամբ, թշնամիներին ի սարսափ, Արգիշտին ասում է, հողը ամայի էր, ձեռնարկեցի այստեղ հզօր գործեր, Խալդի Աստուծոյ մեծութեամբ Արգիշտին, Մենուայի որդին, թագաւոր է հզօր, թագաւոր Բիայնիլիի, տէրը Տուշպա (Վան) քաղաքի»։

Ուրարտական վերոյիշեալ քաղաքը հիմնադրուած է 782-ին, Ք.Ա., Արգիշտի Ա.-ի օրով, Երեւանի հարաւ-արեւելեան մասի, Նոր Արէշ եւ Վարդաշէն քաղաքներուն միջեւ, շուրջը դէպի վեր խոյացող Արին-Բերդ բլուրին։ Անոր գագաթին պահպանուած են միջնաբերդին մնացորդները։ Ք.Ա. 6-րդ դարէն ետք, Աքեմէնեան-Իրանեան ձուլուած երկու մշակոյթները կը տիրապետեն Հայաստանէն ներս։

Մարդկային քաղաքականութեան հինաւուրց դարերէն սկսեալ, հայ ժողովուրդը ոչ միայն գոյատեւած է իր բնօրրանին՝ Հայկական Բարձրաւանդակին եւ Արարատեան դաշտավայրին մէջ, այլ՝ երբեմն ալ տարածուելով անկէ դուրս։

Այսպէս, ուրեմն, Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, Ք.Ա. 9-րդ դարուն ստեղծուեցաւ Ուրարտական պետութիւնը։ Օտարներու անուանակոչումով Արմենիան, սկսելով Երուանդունիներէն, շարունակուած է Արտաշիսեան թագաւորութեանց (Մեծ Հայք) – Ք.Ա. 189 թուականէն, եւ հելլենիստական թագաւորութեանց ատեն, Հռոմի եւ Իրանի միջեւ երբ բաժնուեցաւ երկու մասի, 387 թուականին։ Կը յաջորդեն Արաբական խալիֆայութեան ու թաթարներու տիրապետութիւնները մինչեւ 9-րդ դար, երբ Բագրատունիները իշխանութեան գլուխ եկան։ 11-րդ դարուն Հայաստան արշաւեցին նաեւ Սելճուք թուրքերը։ 12-րդ եւ 13-րդ դարերուն, Զաքարեաններու իշխանութիւնը կ՚ընդհատուի 1236-ին, Մոնկոլ-Թաթարական արշաւանքներու հետեւանքով։ Սակայն հայկական պետականութիւնը կը պահպանուի Կիլիկեան Հայաստանի մէջ։ Կը յաջորդեն Լենկթիմուրի ու Թուրքմէն ցեղախումբերու արշաւանքները (15-16-րդ դար)։ 1828-էն սկսեալ Արեւելեան Հայաստանը կը մտնէ ռուսական իշխանութեան տակ։

Օսմանեան կայսրութեան վերջալոյսին, Փոքր Ասիոյ մեծամասնական հայաբնակչութիւնը 1915-16-ին կ՚ենթարկուի զանգուածային տեղահանութեան ու ցեղասպանութեան (Մեծ Եղեռն), երբ 1918-ին կը ստեղծուի Արեւելեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ ապա Խորհրդային Հայաստանը (Նոյեմբեր 1920), որուն կը յաջորդէ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը (21 Սեպտեմբեր 1991)։

***

Այո՛, Երեւանը 29 տարիով աւելի հնադարեան է քան Հռոմը։ Անկախութեան յաջորդող 27 տարիները, ծանր երկրաշարժի աւերներէն ու տնտեսական տագնապալի տարիներէ ետք, որոշ բարելաւումներ արձանագրուեցան այլազան մարզերու մէջ։ Դժբախտաբար, սակայն, քաղաքական բնագաւառէն ներս տիրեց վաշխառու իշխանութիւն, բացայայտ անարդարութիւն, յառաջացնելով զանգուածային արտագաղթ դէպի Ռուսաստան եւ այլ երկիրներ, զգալիօրէն նուազեցնելով ընդհանուր բնակչութիւնը։

***

Այս տարուան Ապրիլէն սկսեալ տեղի ունեցաւ ժողովրդային աննախընթաց ընդվզում, առաջնորդութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի եւ իրեն համախոհ գործակիցներու։ Երեւանի հրապարակը ողողող հարիւր հազարէ աւելի այլազան խաւերու քաղաքացիները, երկրին բոլոր շրջաններէն, իրենց անվերապահ թիկունքը յայտնեցին Ն. Փաշինեանին, որ խորհրդարանին կողմէ առժամեայ վարչապետ նշանակուեցաւ։

Բազմաթիւ պետութիւններ ողջունեցին ժողովրդային ցոյցերու խաղաղարար բնոյթը։ Նոր պաշտօններու տակ, դիւանագիտութեան համակարգումը, տնտեսական գոյավիճակի աստիճանական վերականգնումը առանց շահարկումի, արդարութեան նախարարութեան ինքնավարութիւնը, զբօսաշրջիկութեան աւելի եւս զարգացումը, շօշափելի գրաւականները պիտի դառնան ժողովրդավարութիւնը ընդգրկած Հայկական Հանրապետութեան։ Վերոյիշեալ բոլոր բարեփոխումները պիտի նպաստեն Հայաստանի պետականութեան համաշխարհային վարկին։

Թամանեանի ստեղծած Երեւանի տպաւորիչ հրապարակը դարձած է ժողովուրդի բաղձանքներուն արտայայտութեան խորհրդանշական բեմավայրը։ Դեկեմբերին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի ամրապնդեն ժողովրդավարութեան յարաճուն նուաճումները։

Այս բոլորը կը կարօտին մտայնութեանց փոփոխութեան, եւ համբերատար, աստիճանական բարգաւաճումի։ Զուգահեռաբար նոր սերունդի դաստիարակութիւնը նոյնքան հիմնական է նոր կարգերու ամրապնդման համար։

Աղմկահարութիւնը, անմիջական արդիւնաւորման ակնկալութիւնները, պահանջատիրութիւնը փոխարինուելու են տրամաբանական առաջարկութիւններով։

Վերեւ յիշատակուած հելլենական, հռովմէական, իրանեան, արաբական, թաթարական, մոնկոլական տիրապետութեանց, եւ յատկապէս օսմանական կայսրութեան կողմէ կազմակերպուած տեղահանութեան ու ցեղասպանութեան արհաւիրքին դիմանալէ ետք, այսօր Արեւելեան Հայաստանի հայկական Հանրապետութիւնը կը թեւակոխէ ժողովրդավարութեան զարթօնքը։

Հոկտեմբեր ամսուան Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան 35-րդ Նախարարական համաժողովը եւ 17-րդ գագաթաժողովը 84 երկիրներու ղեկավարութեանց ներկայութեան, զուգադիպեցան Երեւանի 2800-ամեակի տօնակատարութեան։

Երեւանի 2800-ամեայ տարեդարձին զուգադիպող Հայաստանի Թաւշեայ յեղափոխութեան, սփիւռքահայութիւնն ալ իր հետեւողական, անմնացորդ զօրավիգը յայտնելու է։ Ընդհանրական նման կեցուածքը պիտի ամրապնդէ հայրենիքի մէջ կատարուած ժողովրդավարութեան բացայայտումը։

Մեր հայրենիքի բաբախուն սիրտը՝ բազմադարեան Երեւանը, ինքնուրոյն նոր տրոփումով վերանորոգուած, կը սուզուի յաւերժական ուղեւորութեանը մէջ մարդկային քաղաքակրթութեան։

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր