Նոր Սերունդին Ուշադրութեան. Զգօնութեան Հրաւէր Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Հարցով

Դ. ԶՐՈՅՑ
Դոկտ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
Մեր նախորդ զրուցաշարքին մէջ փորձեցինք ներկայացնել ՀԲԸՄ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան (ՀԲԸՄ ՄԿՀ) կատարած վիթխարի դերը սփիւռքի եւ հայրենիքի կեանքին զանազան բնագաւառներէն ներս։ Այս շարքը տակաւին աւարտած չէ, այլ կը սպասենք մեր հայրենակիցներէն եւ շրջանաւարտներէն, որ մեր ուշադրութեան յանձնեն այլ երախտաւորներու անուններ եւ անոնց կատարած գործերուն մասին տեղեկութիւններ։ Մեր նպատակն է յիշել ԲՈԼՈՐԸ։
Ստորեւ երեք դրուագներ, որոնք պիտի մնան յիշողութեանս մէջ, դրուագներ, որոնք կ՚արտացոլացնեն մելգոնեանցիի ոգին։
ա.- ՄԿՀ-էն ներս մարզական կեանքը նոյքան կարեւոր նկատուած է, որքան ուսումը։ Այս հաստատութենէն ներս նկատած եմ հինգ բնագաւառներ, որոնք աշկերտութեան կեանքին հայեցի կրթութեան հիմնասիւները եղած են։ Առաջինը, ի հարկէ, դասերն են (հայերէն լեզու եւ գրականութիւն, գիտական դասեր, օտար լեզուներ), երկրորդը՝ մարզական կեանքը, երրորդը՝ երգչախումբը, չորրորդը՝ արի-արենուշական շարժումը եւ հինգերորդը՝ մատենադարանը (գրադարան եւ ընթերցասիրութիւն):
Ուսուցչութեանս առաջին տարիս էր՝ 1978-1979: Բացի մարզական զանազան խաղերու հանդէպ աշակերտութեան ցուցաբերած մոլի խանդավառութենէն (ոտնագնդակ, վոլիպոլ, կողովագնդակ-պասքէթպոլ, գունդ եւ սկաւառակ նետել, բարձրացատք, հեռացատք, երեք քայլ ոստում, ինչպէս նաեւ փինկ-փոնկ եւ թենիս), կարեւոր կը նկատուէին միջ-դասարանային մրցումները՝ կրտսերներ եւ երէցներ։
Ինծի յանձնուած էր երկրորդական Ա. Դասարանի դաստիարակի պարտականութիւնը։ Այսինքն՝ ոչ միայն իրենց ուսուցիչի հանգամանքը ունէի, այլ պիտի զբաղէի նաեւ անոնց հոգեկան եւ անձնական կեանքի դաստիարակութեամբ։ Պէտք է ըլլայի իրենց երէց եղբայրը, խորհրդականը, հայրը։ Երկրորդական Ա. Կարգի աշակերտները նոր ընդունուածներն էին՝ մեծ մասը առաջին անգամ կը բաժնուէր իր ծնողքէն, երկիրէն ու հարազատներէն։ Ուրեմն պէտք է յարմարուէին ու ընտելանային նոր միջավայրին։ Այդ տարին իմ դասարանիս մէջ կային 13 հայագաղութներէ ժամանած երկսեռ աշակերտներ՝ 12-13 տարեկան։ Բնականաբար տարբեր միջավայրներէ ղրկուած աշակերտները կը կրէին իրենց ապրած երկիրներու կենցաղի զօրաւոր կնիքը, բայց այդ բոլորը կը հարթուէին, կը ծալլուէին, երբ հայցը կու գար «դասարանային» մրցոյթներու, յատկապէս միջ-դասարանային մարզական խաղերու։
Տարին աւարտելու վրայ էր։ Սկսած էին մրցումները։ Հերթը հասաւ դրօշարշաւին։ Մարզիչը ըստ իր հայեցողութեան ու փորձառութեան այնպէս մը դասաւորած էր որ իմ դասարանիս ամէնէն տոկուն վազողը՝ Ալեքս Ջաղացպանեանը (Ատիս Ապեպայէն) պէտք է սկսէր վազքը, որպէսզի մեծ բաց մը գոյանար մեր դասարանին եւ միւս՝ Բ. եւ Գ. դասարաններու միջեւ։ Օգտուելով դաստիարակի իրաւունքէս եւ քիչ մըն ալ գաղափար ունենալով դրօշարշաւէն, Ալեքսը տեղաւորեցի չորրորդ եւ վերջին վազողին տեղը, որպէսզի իր կէս եթովպացիի եւ կէս հայու սրունքները օգտագործէր, եթէ մեր դասարանը ետ մնար միւսներէն։
Սկսաւ արշաւը։ Աղջիկները կը ճչային ու ամբողջ հոգիով կը քաջալերէին իրենց դասարանի մասնակիցները։ Դրօշարշաւի երրորդ վազողին համեմատութեամբ իմ դասարանս բաւական ետ կը մնար։ Դրօշը յանձնուեցաւ Ալեքսին, որ մինչեւ իր կարգը գալը կ՚եռար իր տեղը։ Ալեքսը դրօշը առնելն ու պոկուիլը մէկ եղաւ։ Համակ մկան էր այդ պահուն ինք։ Սկսանք մեր կոկորդին ներած չափով ճչալ, քաջալերել, ուժ տալ հէք տղուն։ Տասը մեթր չմնացած Ալեքսը անցաւ իր ախոյեանին ու ձեռքերը յաղթական վեր բարձրացնելն ու … գետին փռուիլը մէկ եղաւ։ Աղջիկները բնականաբար վայնասուն բարձրացուցին եւ մենք ջուր հասցուցինք քիթին բեռնին վրայ փռուած Ալեքսին։
– Ալե՛քս,- կը գոռայի յանցաւորի զգացումով,- լա՞ւ ես…
Ալեքս սրսկուած ջուրին ազդեցութեան տակ կենդանութեան նշաններ սկսաւ ցոյց տալ եւ կիսամեռ ձայնով ու շնչասպառ դուրս տալ.
– Պարո՛ն, յաղթեցինք, յաղթեցինք։
Յաջորդ օրը Ալեքսը մեր դասարանի հերոսն էր ու դպրոցի խօսակցութեան առարկան։
Ալեքս Ջաղացպանեանը այսօր կ՚ապրի Ատիս Ապեպա, ամուսնացած է եւ ունի երկու զաւակներ՝
Մելգոնեանցիին համար կարեւոր յաղթե՛լն էր, հոգ չէ ի գին ուժասպառ գետին փռուելու։ ***
Մելգոնեանցիները միջ-դպրոցական (Անգլիական վարժարան, Ամերիկեան Աքատեմի) խաղերուն կը սկսէին պատրաստուիլ առնուազն շաբաթ մը առաջ։ Մեր տղաքը երբեմն ստիպուած էին քանի մը մարզաձեւերու մասնակցիլ՝ մեր թիւին համեստ ըլլալուն պատճառով։ Տղաքը պէտք է լաւ սնուէին ու մարզուէին, որուն համար օգնութեան կը փութային…աղջիկները։ Մեր իգական սեռի հեզաճկուն օրիորդները իրենց տղաքը խաղերու կը ղրկէին այնպէս ինչպէս «տիկնայք փափկասունք Հայոց աշխարհի» իրենց եղբայրները, հայրերն ու ամուսինները կը ղրկէին ռազմադաշտ։ ՊԷՏՔ Է ՅԱՂԹԵԼ։ Այս էր մտասեւեռումը։
Մելգոնեանցիին համար ամէնէն շատ սպասուած օրը ամսուան մէջ Չորեքշաբթի օրերն էին, երբ մատակարարը (իմ շրջանիս Ստեփան Պաղչէճեան) հայապատկան փուռէն կը բերէր լահմաճունը, զոր Պրն. Սեպուհ Աբգարեան հայացնելով կոչած էր մսաշոթ։
Լահմաճուն-մսաշոթի օրը խօսակցութեան առարկան այս ճաշատեսակն էր։ Տղաքն ու աղջիկները խենթ կ՚ըլլային այդ «հայկական փիծծային» համար։ Իւրայատուկ առեւտուր մը կը սկսէր սան-սանուհիներուն միջեւ։ Ոսկիէն աւելի թանկ էր ատիկա։ Բայց ահաւասիկ եկուր տես որ միջ-դպրոցական խաղերուն պատճառով կը խախտուէր այդ առեւտուրը, որովհետեւ աղջիկները կը սկսէին «տուրք» հաւաքելու պէս լահմաճունները հաւաքել ու ղրկել…մարզիկներուն, որպէսզի անոնք աւելի լաւ սնուած ու զօրացած մասնակցէին խաղերուն։
ՊԷՏՔ ԷՐ ՅԱՂԹԵԼ։ Այս էր օրուան հրամայականը։ Հայերը պէտք է յաղթէին, մելգոնեանցին պէտք է ցոյց տար որ ինք աւելի ուժեղ էր, գերազանց ու մի՛շտ յաղթական։
Ա՜խ այդ լահմաճունը, որուն համը մինչեւ օրս կը գրգռէ մելգոնեանցիին քիմքն ու յիշատակները, պարտութեան պիտի մատնէին մեր ախոյեանները օտար խաղավայրերու վրայ։
Ինքնազրկում յանուն ՄԿՀ-ի պատուին։
***
ՄԿՀ-ը տուած է շրջանաւարտներ, որոնց անունները կ՚արտասանուին խոր յարգանքով։ Այդ անձերէն շատերուն անունները տուած ենք մեր նախորդ զրոյցներուն մէջ, բայց անոնցմէ մէկուն հետ առնչուող դէպք մը կայ, որուն ականատես եղած եմ 1980-ականներու կէսերուն, ՄԿՀ-ի տղոց բաժնի պուրակին մէջ։
Մինչեւ օրս, երեսուն տարի ետք տակաւին, ամենայն մանրամասնութեամբ կը յիշեմ այդ դրուագը, որ իւրայատուկ կերպով կ՚արտացոլացնէ մելգոնեանցիի ոգին։
Այսպէս, լուր հասաւ թէ հայրենի զբօսաշրջիկներու հետ միօրեայ այցելութեամբ Կիպրոս պիտի գայ Կարպիս Սարկաւագեան-Սուրէնեան 1944-45)։ Ան ՄԿՀ-ը աւարտելէ ետք վերադարձած էր Յունաստան եւ ծնողներուն հետ ներգաղթած էր Հայրենիք։ Կը պատմուէին այնպիսի դրուագներ իր մասին, որ սովորական մարդուն կը թուէին թէ առասպելներ են։ Ան իր լեզուական եւ արտասանական թերութիւնը յաղթահարած էր կամքի ուժով, այնպէս ինչպէս յոյն մեծ հռետոր Դեմոստենեսը կրցեր էր լեզուին տակ խճաքար դնելով բուժել իր թերութիւնը։ Նոյն ըրած էր Սարկաւագեան…ՄԿՀ-ի ֆութպոլի դաշտին շուրջ պտըտուելով…։ Ան հայերէնի թարգմանած էր Դոստոեւսկի, անգլիացի բանաստեղծներ անգերազանցելիօրէն բարձր ճաշակով ու հարազատութեամբ։ Յետագային ան հեղինակեց բազմաթիւ արժէքաւոր գիրքեր։
Կարպիսի տարեկից կիպրացի դասընկերները գացեր էին զինք դիմաւորելու։ Լուր հասաւ թէ ո՛ր ժամուն պիտի ժամանէր ՄԿՀ։ Ես ազատ ըլլալով այդ ժամերուն անհամբեր կը սպասէի ինքնաշարժէն իջնելուն եւ տեսնելու իր ապրումները։ Ան քառասուն տարի ետք կրկին անգամ կը մտնէր ՄԿՀ-ի դարպասէն ներս…: Քառասո՜ւն տարի ետք։
Ինքնաշարժը մտաւ մեր դարպասէն ներս եւ կեցաւ Բարերարներու դամբանին դիմաց։ Մինչ ներկաներս կը ծափահարէինք ու կ՚ողջունէինք իր ներկայութիւնը, ան շուրջը զննեց ուշադրութեամբ եւ տղոց բաժնի պուրակը մտնելով կարեւոր բան մը փնտռողի նման սկսաւ ծառերը դիտել ու յանկարծ.
– Ահաւասիկ այս գամը ե՛ս գամած եմ հոս,- գրեթէ բղաւեց Կարպիս,- ճիշդ քառասուն տարի առաջ, երբ կը պատրաստուէի Աթէնք վերադառնալ. ասիկա իմ գամս է, որ ամբողջ անցնող տասնամեակներուն երազած եմ տեսնել։
Ա՛յս է մելգոնեանցին։ Ան ոչ միայն իր դպրոցի չի մոռնար, այլ կը յիշէ նոյնիսկ իր հասարակ մեխը, ի՛ր մեխը:
Այդ երկաթի կտորը զինք կապող ոսկէ կամուրջը եղած է պանծալի վարժարանին հետ։ ***
Քանինե՝ր իրենց մեխ-յիշողութիւնները ունին այսօր աշխարհի չորս կողմերը։
Յանուն ինչի՞ մեր ղեկավարները պատճառ կ՚ըլլան որ նոր սերունդները չունենան իրենց յիշողութիւնները։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

