• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Վարչապետի Լիբանանեան Այցի Կարեւորութիւնը

25.10.2018   00:15

Հոկտեմբեր 20-21ը ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այց կատարած է Լիբանանի Հանրապետութիւն, որուն ծիրէն ներս հանդիպումներ ունեցած է ԼՀ բարձրագոյն իշխանութեան ներկայացուցիչներուն՝ նախագահ Միշէլ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Փաշինեան հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Լիբանանի հայ աւանդական կուսակցութիւններուն (ՀՅԴ, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ), հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, Անթիլիասի մէջ այցելած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին, մասնակցած իր ձեռնադրման 50ամեակին նուիրուած Սուրբ պատարագին, ինչպէս նաեւ եղած է Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի եւ Զմմառի պատրիարքական միաբանութեան մէջ, հանդիպած է հայկական կրթական եւ հոգեւոր-մշակութային կեդրոններու ներկայացուցիչներուն հետ: 

Թէեւ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութեան Լիբանան այցի առաջնային առիթը Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսի ձեռնադրման 50ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն մասնակցութիւնն էր, այսուհանդերձ, այցը բաւական յագեցած էր եւ ունէր քաղաքական ու խորհրդանշական կարեւորութիւն: 

Ընդհանուր առմամբ, Լիբանանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները իրենց ձեւով եւ մակարդակով կը տարբերին ինչպէս մերձաւորարեւելեան, այնպէս ալ, ընդհանրապէս, այլ դերակատարներու հետ Երեւանի ունեցած յարաբերութիւններէն: Հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներու՝ հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող աշխոյժ փոխառնչութիւններու նորագոյն շրջափուլին՝ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման անցած 26 տարիներուն ընթացքին, գրանցուած են շուրջ 3 տասնեակ փոխայցելութիւններ, ստորագրուած տարբեր ոլորտներու վերաբերեալ նոյնքան փաստաթուղթեր, կողմերու միջեւ առկայ է լուրջ համագործակցութիւն միջազգային տարաբնոյթ կառոյցներու ծիրէն ներս: Միայն ընթացիկ տարուան ընթացքին 2 անգամ Հայաստան այցելած է Լիբանանի նախագահը, 2 անգամ ալ Լիբանան՝ ՀՀ կառավարութեան ղեկավարներ Կարէն Կարապետեանը եւ Նիկոլ Փաշինեանը: Իրենց բովանդակութեամբ, սակայն, յարաբերութիւններու քաղաքական, մշակութային բաղադրիչները անհամեմատելիօրէն կը գերազանցեն տնտեսականը: Վերջինս խթանելու միտուած էր ընթացիկ Մարտ ամսուան ընթացքին նախկին վարչապետ Կարապետեանի գլխաւորած բաւական ներկայացուցչական պատուիրակութեան այցը եւ բազմակողմանի հանդիպումները Լիբանանի մէջ: Յարաբերութիւններու տնտեսական բաղադրիչը խորացնելու կարեւորութիւնը շեշտեց նաեւ Փաշինեանը, յատկապէս Լիբանանի իր գործընկերոջ հետ հանդիպումին: Աւելորդ չէ նշել նաեւ, որ Լիբանանը միակ երկիրն է տարածաշրջանին մէջ, որ պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ Լիբանանի հարաւը՝ Իսրայէլի հետ սահմանին, ՄԱԿի ԵՈՒՆԻՖԻԼ խաղաղապահ առաքելութեան կը մասնակցի նաեւ Հայաստանը: 

Վերոնշեալի լոյսին տակ, այսուհանդերձ, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարի՝ լիբանանեան այցի գնահատման տեսանկիւնէն աւելի էական է անոր քաղաքական եւ խորհրդանշական նշանակութիւնը: Նախ եւ առաջ, անկախ այցի բովանդակութենէն եւ անոր իրականացման ոչ այնքան բարենպաստ ժամանակահատուածէն, կարեւոր էր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութենէն ետք՝ «յեղափոխական շրջանին», մինչեւ նոր իշխանութեան լիարժէք ձեւաւորումը մերձաւորարեւելեան որեւէ ուղղութեամբ այցի կազմակերպումը, քանի որ Հայաստանի նոր իշխանութիւններու արտաքին քաղաքականութեան այս ուղեգիծը համեմատաբար անգործունեայ էր: Միւս կողմէ՝ վերոշարադրեալի լոյսին տակ, անգնահատելի կարեւորութիւն ունի Լիբանանի ընտրութիւնը, քանի որ մերձաւորարեւելեան այս փոքր պետութիւնը իր անաչառ իւրայատկութիւններուն շնորհիւ կ’ամփոփէ տարածաշրջանի ցեղա-դաւանական կազմի, աշխարհաքաղաքական շահերու համադրման եւ բախման ուրոյն խճապատկերը: Նոյն տրամաբանութիւնը առկայ է նաեւ համահայկական հարթութեան վրայ: Որպէս երկրի ղեկավար՝ Նիկոլ Փաշինեանի արտաքին այցերու ծիրէն ներս հայ համայնքի հետ պարտադիր եւ բովանդակային հանդիպումներու շարքին հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ ներկայի առումով այս չափազանց կարեւոր տարածաշրջանի հայրենակիցներու հետ հանդիպումը խիստ կարեւոր էր: Իսկ Լիբանանի մէջ հայկական ներկայութիւնը իր հոգեւոր, մշակութային եւ քաղաքական նշանակութեամբ ու ազդեցութեամբ անհամեմատելի է Սփիւռքի այլ համայնքներու հետ, որ արժանիօրէն գնահատեց նաեւ Փաշինեանը Լիբանանի ղեկավարութեան եւ լիբանանահայութեան տարբեր շերտերու հետ ունեցած հանդիպումներուն: 

Այսպիսով, կարելի է փաստել՝ Լիբանան կատարած այցով Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատարը նաեւ հնարաւորինս ամփոփեց անցումային շրջանի արտաքին քաղաքական օրակարգը՝ այս ուղղութեամբ դնելով մեկնարկային անհրաժեշտ հիմքերը՝ արդէն յետընտրական Հայաստանի կողմէ բազմակողմանի յարաբերութիւններ զարգացնելու համար:

«Արմէնփրէս»

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր