Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Ասուլիս Հրաւիրած Է
*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
Ապրիլ 14-ին, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը հանդիպած է լրագրողներու հետ, ներկայացուցած՝ Պաշտպանի 2016 թուականի գործունէութիւնը եւ 2017-ի առաջնահերթ խնդիրները:
2016-ին Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները կանխորոշած է Ապրիլեան պատերազմը: Այդ թեմայով՝ ամենածաւալուն եւ տարբեր աղբիւրներով հիմնաւորուած զեկոյցը ներկայացուած է նոյնինքն Թալիշի մէջ 9 Դեկտեմբեր 2016-ին՝ հիմնաւորելով եւ ապացուցելով, որ Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին Ազրպէյճանի զինուժը թոյլ տուած է մարդու իրաւունքներու խախտումներ, որոնք կ’ընդգրկեն ընդհուպ մինչեւ ցեղասպանութեան տարրեր։ Այդ զեկոյցը ուղարկուած է նաեւ միջազգային իրաւապաշտպան կառոյցներուն: Ամփոփիչ ասուլիսին՝ Ռուբէն Մելիքեան ներկայացուցած է նաեւ դրուագ մը այդ ուղղութեամբ տարուած ջանքերու արդիւնքներէն: Հիւմըն Ռայթցը իր զեկոյցին մէջ յղում կատարած է նաեւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի զեկոյցին: «Անցումային պետութիւններէն մէկուն, այս պարագային Հայաստանի մասին անդրադարձ կատարուած էր մեր զեկոյցին մէջ»,- ամենաթարմ օրինակը կը բերէ Ռուբէն Մելիքեան: Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը արձանագրած է այն փաստը, որ Պաքուն հայատեացութիւնը պետական մակարդակով կը քարոզէ նաեւ այսօր։ Պիտի աշխատին հակազդելու կառուցակազմեր մշակել՝ առանց մանրամասնելու. «Սփիւռքեան մեր կառոյցներուն հետ, այս պահուն, կ’աշխատինք յատուկ զեկոյցի վրայ»: Նաեւ, այս ծիրէն ներս, Ռուբէն Մելիքեան կարեւոր համարած է Սփիւռքի հետ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: 2017-ի սկիզբը, եւրոպական ու ամերիկեան իր շրջագայութիւնը ունէր նաեւ այդ նպատակը: Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը կը վստահեցնէ, որ արդիւնքներ կան, զարգացման հեռանկարներ` նոյնպէս: Պիտի փորձեն աւելի համակարգուած աշխատիլ՝ յատկապէս իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու հետ:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը միայն արտաքին լսարանի համար չէ աշխատած: Արցախցիներու անվտանգութեան եւ կեանքի իրաւունքի պաշտպանութիւնը առաջին հորիզոնականին է, բայց պաշտպանը դիմումներ ստացած է նաեւ այլ առօրեայ թեմաներով: Լրագրողներուն տեղեկացուցած է Ռուբէն Մելիքեան ըսելով. «2016-ին ստացած ենք 114 դիմում՝ 155 անձէ: Դիմումներուն թիւը 2015-էն ի վեր պակաս է երեքով, իսկ դիմումատուներուն թիւը՝ 2015-էն աւելի շատ է»: Ստացած են հասարակական ապահովութեան, ազատ տեղաշարժելու, քաղաքացիութեան, կրթութեան եւ շարք մը այլ իրաւունքներու հետ կապուած դիմումներ: Ամենաշատ դիմումները` մօտ 16 տոկոսը, աշխատանքային իրաւունքի ոլորտէն են: Պաշտպանին ուղղուած դիմումներուն 22 տոկոսը Ստեփանակերտէն է: Ռուբէն Մելիքեանը զայն հիմք կը համարէ՝ շրջաններուն մէջ պաշտպանի գրասենեակի աշխատանքը աշխուժացնելու: «2017-ին կը նախատեսենք նախապէս յայտարարութիւն տալով՝ ըլլալ շրջկեդրոններուն եւ խոշոր բնակավայրերու մէջ, որպէսզի տեղւոյն վրայ ծանօթանանք խնդիրներուն, մարդիկ իրենց հարցերը տեղւոյն վրայ ներկայացնեն»,- մանրամասնած է Ռուբէն Մելիքեան:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ առկայ խնդիրներու համալիր լուծումը՝ Ռուբէն Մելիքեան կը պատկերացնէ մարդու իրաւունքներու ազգային ռազմավարութեան ընդունման շրջանակներուն մէջ: Պաշտպանը խօսած է ե՛ւ անոր անհրաժեշտութեան մասին, ե՛ւ յայտնած է ռազմավարութեան մշակման մասնակցելու իր պատրաստակամութիւնը:
Ստեփանակերտ
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

