Աներեսութեան Գագաթնակէտը

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Այն կեղծիքը, որ ընտրական նոր օրէնքի հարցով կը կատարուի երկրին մէջ՝ անսահմանելիօրէն ամօթալի երեւոյթ է:
Նման իրավիճակ աւելի կը համապատասխանէ աշիրէթի, քան ինքզինք յարգող հանրապետութեան:
Ո՞ւր լսուած է որոշ ժամանակաշրջանի մը համար ընտրուած մարմին մը ինքզինք վերընտրէ «երկարաձգելու» պիտակին տակ: Իրականութեան մէջ եւ ինչպէս նախորդ երկու անգամներու յետաձգումի բեմադրութեան, այսօրուան՝ խորհրդարանի (բարեբախտաբար չեղեալ) նիստը եթէ իրականանար, լաւագոյն պարագային զայն կարելի էր կոչել խումբ մը մարդոց կողմէ խորհրդարանի բռնագրաւումին երկարաձգում ցնոր տնօրինում… կամ մինչեւ ալլա եըֆրըժհա…:
Մետասաներորդ վայրկեանին երկրին նախագահին միջամտութիւնը խորհրդարանական նիստը յետաձգելու՝ ցաւազրկիչ դեղահատ մըն է սակայն անշուշտ, որուն ազդեցութիւնը ամիսէ մը կրնայ կորսուիլ եւ մենք գտնուինք միեւնոյն խայտառակութեան գիրկը:
Ո՛վ ըսաւ, որ տարիներէ ի վեր չիրագործուած օրէնքի մը նախագիծը ամիսէ մը կրնայ մէջտեղ գալ ու վաւերացուիլ այն նոյն մարդոց կողմէ, որոնք այս խայտառակութեան պատասխանատուներն են:
Խայտառակին խայտառակն ալ կայ, սակայն, որ երկարաձգումի ծրագիրը արդարացնելու համար տրուած պատճառաբանութիւններն են…: Լիբանանեան ասացուածք մըն ալ կայ, որ կ’ըսէ. «Պատճառաբանութիւնը աւելի տգեղ է, քան ինքնին՝ յանցանքը»…
Ինչպէ՞ս կարելի է Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւններ յետաձգել, օրինակի համար սուրիական արհաւիրքը պատճառաբանելով, մինչ խնդրոյ առարկայ Սուրիան ինքը երեսփոխանական ընտրութիւններ կայացուց իր դիմակալած թոհուբոհին մէջ…:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

