• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ապրիլեան Պատերազմի Ժառանգութիւնը՝ Մէկ Տարի Անց

11.04.2017   07:28

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*

Մէկ տարի առաջ, 5 Ապրիլ 2016-ին,  Մոսկուայի մէջ ձեռք բերուած բանաւոր համաձայնութեամբ` Ապրիլեան պատերազմի մէջ հաստատուեցաւ հրադադար։ Անիկա, թէեւ, յետագայ օրերուն բազմիցս խախտուեցաւ եւ այսօր ալ կը խախտուի, հարցին միւս, այս պարագային` երկրորդ կողմն է: Առաջինը այն է, որ նոյնիսկ ամէն օր պատերազմով սպառնացող կողմը լաւ կը հասկնայ` ռազմական ճանապարհով հակամարտութեան լուծումը հնարաւոր չէ: Եւ ատիկա Ապրիլեան պատերազմէն մնացած ամենակարեւոր դասն է: Բայց ոչ միակը:

Ապրիլեան պատերազմի պաշտօնական աւարտը յայտարարուեցաւ Մոսկուայի մէջ: Ռազմական աշխոյժ գործողութիւններուն չորս  օրը ապացուցեց, որ կողմերուն դիրքորոշումները 1994-էն ի վեր չեն փոխուած: Ազրպէյճանը պիտի փորձէ իւրաքանչիւր առիթի հակամարտութեան լուծումը ռազմական հարթութիւն տեղափոխել, Արցախն ալ ամէն գնով պիտի պաշտպանուի` ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան եւ համայն հայութեան աջակցութիւնը, կ’ընդգծէ ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան: Պաքուն հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծելու կողմնակիցը չդարձաւ, բայց հասկցաւ` այսօր պատերազմով յաջողութեան հասնելու հնարաւորութիւն չունի: Պատերազմը սկսելէն 4 օր անց` Մոսկուայի մէջ էր Ալիեւի ներկայացուցիչը` հրադադարի մասին պայմանաւորուելու համար: Ապրիլեան պատերազմը ոչինչ փոխեց հակամարտութեան ձեւաչափին մէջ: Հաւանաբար նաեւ Պաքուի նկրտումները գիտնալով` միջնորդները ամենաբարձր մակարդակով յայտարարեցին, որ կարգաւորման գործընթացին հիմքը կը մնան 1994-95 թուականներուն ստորագրուած եռակողմ փաստաթուղթերը` Երեւանի, Ստեփանակերտի եւ Պաքուի մասնակցութեամբ: Դաւիթ Բաբայեան զայնկ’ընդունի իբրեւ բանակցութիւններու ամբողջական ձեւաչափը վերականգնելուն ուղղուած քայլ. «Միջնորդ երկիրներու ներկայացուցիչները արդէն բացէիբաց կը յայտարարեն, որ առանց Արցախի ժողովուրդին մասնակցութեան՝ հարցը չի կրնար վերջնական լուծում ստանալ: Ատիկա ե՞րբ կ’ըլլայ՝ դժուար է ըսել: Բայց որ զայն անխուսափելի կը համարեն ոչ միայն հայկական կողմերը, այլեւ միջնորները՝ փաստ է»:

Ռազմական առումով ոչինչ փոխելով` Ապրիլեան պատերազմը լուրջ հարուած էր հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին համար: Այս պահուն օրակարգի վրայ ոչ թէ բանակցութիւններուն բովանդակութիւնն է, այլ պարզապէս բանակցութիւններուն համար պայմաններու ապահովումը: Հայկական կողմերը բազմիցս յայտարարած էին նաեւ մինչեւ Ապրիլեան պատերազմը: Միջազգային հանրութիւնը ներկայացնող միջնորդները այդ համոզման եկան պատերազմէն ետք. «Այսօր քննարկումները կը ծաւալուին յատկապէս հրադադարը կայունացնող կառուցակազմերուն կիրառման շուրջ: Մինչեւ գոնէ համեմատաբար կայունութիւն չըլլայ՝ անհնար է խօսիլ իրական բանակցութիւններու մասին»,- կ’ընդգծէ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետը: Այս զարգացումներուն հաշուարկով` Ստեփանակերտի ներկայացուցիչը հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ էական տեղաշարժ մօտ ապագային չի կանխատեսեր: Յատկապէս Ապրիլեան պատերազմէն ետք` հայկական կողմերը հիմնաւորուած թերահաւատութիւն ունին` արդեօք Ազրպէյճանի այսօրուան իշխանութեան հետ հնարաւոր պիտի ըլլայ խաղաղութեան հասնիլ. խաղաղութիւնը Ազրպէյճանի իշխող գերդաստանին պարզապէս պէտք չէ:

Թերահաւատութիւնը համոզմունքի կը վերածէ Պաքուի ղեկավարութիւնը: Ապրիլի սկիզբը Իլհամ Ալիեւը հրամանագիր ստորագրած է «Ռազմական դրութեան մասին» խորհրդարանին մէջ Փետրուար 14-ին ընդունուած նոր օրէնքը եռամսեայ ժամկէտով իրագործելու մասին: Հայկական կողմերուն համար այդ օրէնքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները նորութիւն չեն ենթադրեր: Իսկ ահա ազրպէյճանցիներուն համար,  կան բաւական լուրջ մարտահրաւէրներ: Վերահսկողութեան կառուցակազմերը աւելցած են:  Նոր օրէնքին համաձայն` ռազմական դրութեան յայտարարման պարագային կը նախատեսուի սահմանել ռազմական գրաքննութիւն` ոչ միայն աւանդական լրատուամիջոցներու, այլեւ ընդհուպ մինչեւ անձնական նամակագրութեան վրայ: «Օրէնքի փոփոխութիւններով՝ Ազրպէյճանի իշխանութիւնը հնարաւորութիւն կը ստանայ նաեւ հասարակական լրատուադաշտը վերահսկողութեան տակ առնելու: Ասիկա այն ոլորտն է, որ վերջին տարիներուն աշխուժացած է եւ համեմատաբար ազատ է: Ոչ այն պատճառով, որ իշխանութիւնները արտօնած էին զայն, պարզապէս հսկողութեան կառուցակազմեր չկային: Օրէնքի փոփոխութիւններով՝ այդ հնարաւորութիւնը ստեղծուեցաւ»,- կը գնահատէ Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան:

Բաւական դիւրացած է նաեւ օրէնքը կիրառելու գործընթացը: Փետրուարին կատարուած փոփոխութիւններով յստակ կը սահմանուի, որ ռազմական դրութիւն կրնայ յայտարարուիլ Ազրպէյճանի տարածքին որեւէ մէկ հատուածի փաստացի բռնագրաւման, օտարերկրեայ պետութեան կողմէ Ազրպէյճանին պատերազմ յայտարարելու եւ այլ պարագաներու: Առանց շարքը շարունակելու` Ազրպէյճանը նոյնիսկ այս պահուն կրնայ ռազմական դրութիւն յայտարարել ու կիրառել ներքին խռովութիւնները ճնշելու հնարաւորութիւնները` հիմք յայտարարելով, որ Արցախը Ազրպէյճանի ենթակայութեան տակ չէ, կը նկատէ Տիգրան Աբրահամեան:

Բոլոր հիմքերը կան ենթադրելու, որ այդ օրէնքը կիրառելու անհրաժեշտութիւնը մօտ ապագային պիտի զգացուի. հասարակական-տնտեսական դժուարութիւններուն նաեւ աւելցած են ազգային փոքրամասնութիւններուն դժգոհութիւնները եւ նաեւ քաղաքական դժգոհութիւնները` Մեհրիպան Ալիեւայի Ազրպէյճանի առաջին փոխնախագահ նշանակուելէն ետք:

Ստեփանակերտ

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր