• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Քարթերը Կը Վերախառնուի՞ն

25.03.2017   19:53

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Ըստ երեւոյթին միջազգային եւ շրջանային խաղաթուղթերու վերախառնութիւն կը պատահի Սուրիոյ մէջ այս օրերուն, որուն հիմնական նշոյլներն են Դամասկոսի վերջին օրերու իրադարձութիւնները, Համայի գործողութիւնները, Ղաֆրինի շրջանին մէջ Ռուսական բանակի վերադասաւորումը, Թրքական ռմբակոծումները եւ ամերիկեան դաշտային միջամտութիւնը, որ կատարուեցաւ անկարգելաւորներու վայրէջքով Թապաքա շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հիւսիսը Քրտական ինքնավարութեան կամ ֆետերասիոնի նշոյլները…:

Այս արագընթաց զարգացումները զուգադիպութիւններ չեն անշուշտ: Այս իրավիճակը կը նշանակէ, որ սուրիական հարցը նոր հանգրուան մը կ՛անցնի:

Հակառակ վերոյիշեալ վտանգաւոր իրադարձութիւններուն Դամասկոսի ապահովական վիճակի աննախնթաց անկումը ամենամտահոգիչն է երկրին միասնականութեան իմաստով: Դամասկոս ի վերջոյ Սուրիոյ մայրաքաղաքն է ու պետութեան նստավայրը:

Ի՞նչ է պատահածը: Արդեօք Դամասկոս ռազմականօրէն տկար օղա՞կն է Սուրիոյ, թէ կարգը եկած է Հալէպէն ետք Դամասկոսն ալ հիմնայատակ կործանելու:

Ի՞նչ սատանայական ծրագիր է, որ զուգահեռաբար կը կատարուի Սուրիոյ մէջ: Որո՞նք պիտի ըլլան յետպատերազմեան շրջանի վերաշինութենէն տնտեսապէս օգտուողները:

Ի՞նչ ահաւաոր անմարդկութիւն է զէնք ու զինամթերք արտադրողներու ու շինարարական հսկաներու թաքուն դաշնակցութիւնը, երբ իրենց նիւթապաշտ անյագութիւնը չափ ու սահման չի ճանչնար ու կը սնանի անմեղ մարդկանց արիւնով:

Շատ յաճախ նմանօրինակ իրավիճակ մը փորձութիւնը կ’ունենամ նմանցնելու մեծ հողակտորի մը, ուր ընկերութիւն մը ծրագիր ունի շէնքեր բարձրացնելու: Մինչ փորող մեքենաներ մուտք կը գործեն հողատարածք, ի՜նչ ինչ ծառեր կը պոկեն, ի՜նչ ինչ միջատներու բոյներ կը քանդուին ու անոնք կը չքանան այդ հսկայ ծրագրին ճամբուն վրայ: Ո՞վ կը հարցնէ կտրտուող բոյսերուն ու ճզմուող միջատներուն մասին… պատկերը նոյն է կարծեմ, սիրելի՛ ընթերցող: Տարբերութիւնը այն է սակայն, որ Սուրիոյ մէջ սպանուող փոքրիկներն ու ջարդուող բնակչութիւնը միջատներ չեն… մարդիկ են անոնք եւ ապագայի սերունդներ, որոնք պիտի ապրէին բնութեան շնորհած արեւին տակ ու այլեւս պիտի չապրին, որպէսզի ապրին անյագ ընկերութիւններն ու այսպէս կոչուած մեծ պետութիւնները…:

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր