Եկէք Քիչ Մը Արդար Ըլլանք

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Թուրքիոյ մէջ վերջերս, Միջազգային Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ ահազանգեցին Facebook-ի, WhatsApp-ի, Twitter-ի եւ YouTube-ի արգելափակումը՝ զայն նկատելով պետական մակարդակով խօսքի եւ լրատուական ազատութեան դէմ առնուած քայլ: Այս արգելափակումին նախորդած էին իշխանութեան կողմէ թուրք 11 երեսփոխաններու ձերբակալութիւնները:
Հիմնուելով, վերոյիշեալին վրայ, այսօրուան սիւնակս, սիրելի ընթերցող, կը տրամադրեմ զուգահեռ մը ստեղծելու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ այս ծիրէն ներս տարբերութեան մասին եւ խօսքս կ’ուղղեմ բոլոր այն հայորդիներուն, որոնք իրենց գործը եւ բանը ըրած են գիշեր ցերեկ վարկաբեկելհայրենի իշխանութիւնները Հայրենիքի մէջ, մեղադրելով խօսքի ազատութեան, լրագրութեան կաշկանդումի կամ մետիայի վրայ պետութեան իբր թէ բանեցուցած սահմանափակումները:
Կը յիշէք «Սասնայ Ծռերու» արարքին օրերը: Ո՞վ չի յիշեր: Եկէք արդար ըլլանք եւ յիշենք նաեւ, որ հայրենի իշխանութիւնները ի՞նչ ուժ բանեցուցին արգելափակելու համացանցը կամ անոր միջոցով իշխանութիւններուն դէմ տարածուած լուտանքները…: Ո՛չ մէկ արգելափակում: Ազգային անվտանգութեան սպառնացող այդ ամենադժուար օրերուն ընկերային համացանցի վրայ գրեց ո՞վ ինչ կ’ուզէ: Ո՛չ մէկը ձերբակալուեցաւ: Ո՛չ մէկ համացանցային սպասարկութիւն կամ ծրագիր արգիլուեցաւ երկրին մէջ: Ի՞նչու տակաւին կան անձիք, որոնք երդում ըրած են անդադար քննադատել հայրենիքի մէջ խօսքի ազատութեան իրավիճակը:
Այս պաշտպանողականը,անշուշտ, ո՛չ մէկ ձեւով կը փորձէ հաճոյախօսել իշխանութեան կամ քօղարկել հայրենիքի մէջ գոյութիւն ունեցող ընկերային անարդարութիւնն ու անոր մռայլ իրավիճակը: Սակայն արդարութիւնը կը պահանջէ ըլլալ անաչառ ճշմարտութեան հանդէպ: Իմ կարծիքով ու վկայութեամբ, Հայաստան բաղդատած իր տարածաշրջանի գրեթէ բոլոր երկիրներուն՝ խօսքի եւ արտայայտութեան ազատութեան տեսանկիւնէն, ամենաազատն է եւ նաեւ անհամեմատելիօրէն ազատը՝ բաղդատած սփիւռքի մանաւանդ, արեւելեան երկիրներուն հետ: Ամենահետաքրքրականը այն է, որ մեր կարգ մը սփիւռքահայ հայրենակիցներ՝ ներառեալ սուրիահայերէն շատեր, առանց ամչնալու կը քննադատեն հայրենի իշխանութիւնները՝ գովելով հանդերձ իրենց ծննդավայրի տարիներու բռնապետութիւնը, ինչ կը վերաբերի խօսքի եւ ոչ միայն խօսքի ազատութեան….:
Տամ այլ անձնական օրինակ մը: Հայրենիք կեցութեանս գիշերներէն մէկուն ընթացքին առիթը ունեցայ հանդիսատեսը ըլլալու stand up comedyի մը, որուն դերասանները բեմին վրայ բան չձգեցին չըսին երկրի ղեկավարներուն դէմ…ներառեալ երկրին նախագահին հասցէին՝ կապկելով զինք ու իր ճառերը…: Աւարտին ոչ մէկը ձերբակալուեցաւ…: Ամէն ոք ուրախ իր տեղը գնաց պատրաստուելու յաջորդ ներկայացման: Խօսքս հիմա լիբանանահայերուն է, մանաւանդ անոնց՝ հայրենիքի մէջ խօսքի ազատութեան իբր թէ չգոյութիւնը քննադատող երդուեալներուն: Այսպէս կոչուած արեւելեան Զուիցերիա՝ Լիբանանի մէջ երբեւիցէ կրցա՞ծ ենք հրապարակաւ քննադատել երկրին նախագահը: Անշուշտ ո՛չ: Այդ մէկը ոչ միայն չէ պատահած: Այլ նաեւ օրէնքով ալ արգիլուած է….:
Եկէք քիչ մը արդար ըլլանք:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

