Ողջունելի Սրբագրութիւն Մը

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Քանի մը շաբաթ առաջ այս սիւնակով անդրադարձած էի Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան վերաբերող՝ վստահաբար ակամայ բացթողումի մը մասին, որ կը վերաբերեր Վահան Թէքէեան Վարժարանի եւ անոր կից գտնուող ազգային այլ հաստատութիւններու փողոցը առաջնորդող ցուցատախտակին վրայ Վահան Թէքէեան Վարժարանի անուան չգոյութեան:
Այդ ժամանակուան անդրադարձս մղուած էր անշուշտ կուսակցական եւ միութենական նախանձախնդրութենէ, նաեւ անշուշտ լրագրական տեսանկիւնէ ազնուութեամբ յուշելու, առ որ անկ է, կատարուած բացթողումը: Վերջերս, սակայն, ուրախութեամբ նշմարեցի, որ քաղաքապետութիւնը արձագանգելով նկատողութեան ազնուութիւնը ունեցած է փափկանկատութեամբ մը սրբագրելու կատարուածը, տուեալ ցուցատախտակին վրայ աւելցնելով Վահան Թէքէեան Վարժարանին անունը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով այս արդար սրբագրութեան համար, այստեղ տեղին է վեր առնել Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նորընտիր խորհուրդին գնահատելի ժրաջան գործունէութիւնը, որ եկաւ շարունակելու իր նախորդին շրջանի զարգացման ծրագիրները՝ բարեզարդելով եւ լուսաւորելով փողոցներն ու հրապարակները:
Այս ծիրէն ներս քանի մը օր առաջ հրապարակած էինք քաղաքապետութեան հաղորդագրութիւնը Նորաշէն թաղամասի վերակառուցման մասին: Շուտով եւ յատուկ ակնարկով մը պիտի անդրադառնանք USAIDի գործակցութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան իրագործած Մարաշ թաղի բարեզարդումին մասին:
Յաջողութիւն Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որուն աշխատանքները օրհնութիւն մըն են շրջանի բնակիչ կամ հոն հաստատութիւն ունեցող հայորդիներուն, ինչպէս նաեւ հպարտութիւնը լիբանանահայ համայնքին յաջս այլ քաղաքապետութիւններու եւ անշուշտ Լիբանանի պետութեան:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

