Գայթակղութիւնը Չափ Սահման Չունի Այլեւս

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Կ’ապրինք երկրի մը մէջ, ուր պետական մակարդակի գայթակղութիւնը չափ ու սահման չունի այլեւս, ուր քաղաքական ղեկավարութեան երեսին ջուրը շատոնց ցամքած է մինչ քաղաքացին՝ կքած իր առօրեայ հոգերուն բեռին տակ, ժամանակ չունի անդրադառնալու պատահած գայթակղութիւններուն, որոնց այս մակարդակի շարունակութիւնը քաղաքական նոր մշակոյթի մը ծնունդ կու տայ, որմէ ձերբազատուիլը, ապագային, գերմարդկային ճիգեր պիտի պահանջէ…:
Բացատրեմ սիրելի ընթերցող, որ միտքիս մէջի վերջին օրինակը ո՞րն է.
Ի տես նոր նախագահի ընտրութեան եւ նոր վարչապետի նշանակումին՝ քաղաքական կարգ մը կողմերու աներեսութիւնը հասած է այն աստիճանի, որ մէկդի դնելով համալիբանանեան ամէն նկատառում, կազմուելիք կառավարութեան մը (որուն անդամները երկրի կառավարման գործընթացին մէջ ունին համահաւասար քուէ) իրենց ներկայացուցած կողմին մասնակցութիւնը պայմանաւորած են տուեալ խումբին ստանձնելիք նախարարական պաշտօններով: Այսինքն այն նախարարութիւնը, որ չի ծառայեր ժողովուրդին վրայ իր ունեցած ազդեցութեան ընդլայնման համապատասխան, հետաքրքրական չէ այլեւս կարգ մը կողմերուն՝ ինչ որ գայթակղութեան համազօր բան է, թէ ի՞նչ կը նշանակէ քաղաքացին իրեն համար:
Այս մարդոց հասկացողութեամբ, իրենք չէ, որ պէտք է ծառայեն քաղաքացիին: Այլ քաղաքացին է, որ հակառակ իրաւասու ըլլալուն գերին կամ սեփականութիւնը պիտի ըլլայ տուեալ կողմին ապագայի քուէներուն եւ այլ հաշիւներուն:
Ամօ՛թ բառը իր նշանակութիւնը շատոնց կորսնցուցած է նման հոգեբանութիւն մը կամ ընթացք մը պախարակելու համար:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

