Անկումը Համաշխարհային Է Եւ Համատարած

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Աւելի քան կէս դար առաջ, ամերիկացի մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպան պատուելի Մարթին Լուտըր Քինկ կրտս. (Martin Luther King Jr.) իր քաղաքացիական իրաւունքներու պայքարի եւ ընդհանրապէս ամերիկեան պատմութեան մէջ կարեւոր տեղ գրաւող եւ հարիւր հազարաւոր մարդոց սիրտն ու միտքը գրաւած իր նշանաւոր ճառին մէջ ըսաւ. «Երազ մը ունիմ» (I have a dream)….:
Քանի մը շաբաթ առաջ, համացանցի վրայ միլիոնաւոր հետեւորդ ունեցող ճափոնցի դերասան Քազուհիքօ Քոսաքա (Kazuhiko Kosaka) «Գրիչ մը ունիմ, Խնձոր մը ունիմ» (I have a pen, I have an apple) ամենամակերերսային երգով, գրաւեց նոյնքան եւ աւելի մարդ, որքան ատենին գրաւած էր վերոյիշեալը…:
Վերի այնքան խորիմաստ ճառը վարի թեթեւսոլիկութեան հետ բաղդատելն անգամ ամօթ է: Սակայն ցաւալի իրականութիւնը այն է, որ այս երգը ամէն երիտասարդի ընկերային համացանցի էջին կամ իր բերնին վրայ է այսօր…:
Երեւոյթ մը, որ նուազագոյնը ցոյց կու տայ արժէքներու ահռելի անկում, որ օր ըստ օրէ աւելի սուր կը դառնայ՝ սպառնալով մարդկային կեանքին եւ սերունդներու մտքին որակին:
Վիճակը աւելի քան ահազանգային է, երբ օրինակի համար պատմութեան ընդմէջէն հորիզոնական մը ստեղծենք ամերիկայի մեծանուն նախագահներուն եւ այսօրուան այդ պաշտօնին երկու թեկնածուներուն միջեւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը գրեթէ հաւասար հաւանականութիւնը ունի ի վերջոյ նախագահ ընտրուելու: Ամէն պարագայի, մէկն ու մէկը պիտի շուտով ընտրուի՝ ղեկավարելու համար մարդկային արդի պատմութեան ամենահզօր եւ ազդեցիկ պետութիւններէն մին…:
Մարդկութեան վիճակը այսօր ողբերգական է, չէ՞, սիրելի ընթերցող: Հապա Լիբանանցիի՞նը…:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

