Միջին Արեւելքը Շատ Վտանգաւոր Իրադրութիւններու Յորձանուտին Մէջ
*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Այս վերջին քսանամեակին, առաւել եւս 2014-2016 թ․թ.-ն, Իրաքի եւ ապա Սուրիոյ հարցով ռազմաքաղաքական արիւնալի փոթորիկներ տակն ու վրայ ըրին Միջին եւ Մերձաւոր Արեւելքը։ Միայն հիւլէական թէ ջրածնային ռումբեր չգործածուեցան ու ամէն կարգի հրթիռներ, օդային, ծովային, ցամաքային ռմբահարումներ գետնին հաւասարեցուցին քաղաքներ ու բնակավայրեր՝ բիւրաւոր զոհերով եւ հաշմանդամներով։ Մարդկային տառապանքը աննկարագրելի է եւ դեռ նաւթով ու կազով ստացած գեր շահոյթներով գայթակղած խեղճ եւ անմարդկային մեծ ահաբեկիչները կը շարունակեն իրենց անպատմելի ոճիրները գործել խեղճ ու կրակ ժողովուրդին վրայ։ Դժբախտաբար, ցեղասպան Թուրքիոյ եւ արաբական յետադէմ ու կրօնամոլ պետութիւններուն միացած է Ա․Մ․Ն․-ն ու Եւրոպան, անընդհատ նիւթական օժանդակութիւն ցուցաբերելով՝ մերթ Տաէշը եւ մերթ Ժէպհէթ Ալ-Նուսրան, ինչպէս Սպանիոյ Ալ-Քալա Տէ Հենայէս հնագոյն քաղաքի Կրուափօ Միխօ հզօր կուսակցութեան ղեկավար Ռաֆայէլ Ռիփօլ յայտնեց հեռախօսային զրոյցի ընթացքին՝-«խայտառակութիւն է, երբ միլիոնաւոր քրիտոնեաներու եւ անմեղ քաղաքացիներու արիւնը վաճառքի հանուած է քարիւղի պարարտ շահեր ապահովելու համար…»։
Մինչ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդին մէջ նիստեր կը գումարուին, 1000 տարուան Հալէպի հայկական գաղթօճախը արիւնաքամ կ’ըլլայ ամենօրեայ նահատակներով ու 5000 ամեայ այդ քաղաքը կրնայ ի սպառ երկրի մակերեսէն ջնջուիլ, ինչպէս որ կը յայտնեն մեր ազգային դիտորդները։ Իսկ մարդկային դարաւոր մշակոյթի կեդրոնները, տաճարները, եկեղեցիներն ու մզկիթները, թանգարաններն ու գրադարանները քարուքանդ եղան, հրոյ ճարակ դարձան, այնպիսի ծաւալով, որ պատմութեան բոլոր բարբարոսներուն արշաւանքները չէին կարողացած այսպիսի աւերածութիւն պատճառել։ Մեր օրերու մեծ տէրութեանց «ժողովրդավար» բռնակալներու գործած սարսափելի ոճիրներուն առջեւ գլուխ պիտի խոնարհեն Աթիլլան, Ճէնկիզ Խանը, Լենկթիմուրը, Հիթլերը, Թրումէնը, Պերին եւ ուրիշներ։
Ողբերգա-կատակերգականը այն է, որ վերջին ժամանակներս, անջրպետի գիտնականներ եւ միլիարատէրեր, տարբեր մոլորակներ կը փնտռեն, անյտեղ տեղափոխուելու՝ ապրելու մարմաջով․․․Երեւի բոլոր համատեղութիւններն ալ փոքր պիտի գան մարդկային յարկի ընչաքաղց եւ հարստանալու հիւանդագին բնազդով տառապող աշխարհակալներու համար, որոնք նոյնիսկ 4.000 տարի առաջ, Միջագետքի մէջ բարձրաքանդակի վրայ դրոշմուած արձանագրութեամբ՝ ինքզինք կը կոչէր «Երկինքի ու Երկրի Տիրակալ․․․»։
Իսկ այսօր, ժողովուրդներու գլխուն փորձանք դարձած, «հանրապետական»ի զգեստներով ելոյթ ունեցող հրէշները, զիրենք կը կոչեն նաեւ՝ անջրպետի յաւերժական տէրեր, «աստղային պատերազմ»ներու երեւակայածին, բայց նաեւ կարելի դառնալու ծրագիրներով։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

