«Թող ոչ ոքի մահըս չըտայ տխրութիւն…»
29.08.2014 17:33

*ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ*
Վշտակիր Տիկին Ռոզին Պապայեան եւ թանկագին զաւակունք եւ թոռներ Պապայեան ընտանիքի,
Լոս Անճելըս, Գալիֆ.
Թանկագին հարազատներ,
Որքա՜ն ճիշդ կը հնչեն Թէքէեան բանաստեղծին ԿՏԱԿ քերթուածին առաջին երկտողեակին մէջ արձանագրուած բառերը.
«Թող ոչ ոքի մահըս չըտայ տխրութիւն,
Ուրախութիւն թող ան ըլլայ ամէնուն»…:
Ձեր մեծանուն հայրը, որ լիուլի ըմպած էր մեծ եղեռնի ու տարագրութեան տարիներու Դառնութեան բաժակէն, եւ նոյնքան մեծ սիրով եւ արդար հպարտութեամբ ծառայած էր իբրեւ հայ լեզուի ու պատմութեան Ուսուցիչ ու դաստիարակ, բազմատասնեակ տարիներու ամբողջանուէր տնօրէն եւ մշակութային գործիչ, իր 101-ամեայ կեանքի օրինակով ծունկի բերաւ Դարը եւ անոր պարտադրած ճակատագիրը, եւ իբրեւ յաղթական դաստիարակի ու սերմնացանի դափնեպսակի արժանաւոր հայորդի, ահաւասիկ կը մեկնի այս աշխարհէն, յորդորելով իր բարեկամներուն… որ իր մահը «ոչ ոքի չտայ տխրութիւն»:
Մենք, երբեմնի իր գաղափարակից-գործակիցներս, յարգանքով կը խոնարհինք իր մատուցած անգնահատելի ծառայութիւններուն ընդառաջ, որքա՝ն հայ դպրոցին, նոյնքան եւ մեր ազգակերտումի մեծ գործին:
Մեծ էր ան՝ երբ հողեղէն էր , այժմ՝ ՝ իբրեւ ոգեղէն իմաստ եւ արժէք, ան կը շարունակէ իր յաւերժաերթը մեր կեանքէն ներս՝ իբրեւ Մեծութիւն:
Տառապանքները իր կեանքին՝ կոչուեցան ազնուացնելու մարդկային հոգին երջանկայիշատակ հանգուցեալին, իսկ իր անսպառ Աշխատանքը, Սէրը, Նուիրումն ու Ծառայութիւնը իրեն պարգեւեցին այնպիսի արդար հպարտութիւն մը, որուն յիշատակը ,- յետ մահու,- « իր գլխուն շուրջ կ՝ըլլայ պսակ մը պայծառ..:» ու Ձեզի՝ «Մխիթարանք մը անհուն»(Վ.Թ.):
Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն իր անմեռ հոգիին:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

