Օրագրութիւն՝ Օր 10

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*
Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին
Պէյրութ, 3 Յուլիս 2014
Վարսաւիր մը, որ կու տար նոր կերպարանք աղջիկներու, զրոյցի մը առիթով յայտնուեցաւ որպէս յամառ ուխտաւոր մեր դպրութեան ու լեզուին: Ու վարսաւիրն այս ըսաւ.-«Գեղեցկութեան թագուհի աղջիկները չեն միայն, այլ մշակոյթներն աշխարհի որոնց շարքին՝ բանաստեղծները Հայոց: Մենք Հայերս հեռնոց նետել միշտ կրնանք Մեծարենցով, Դուրեանով, ու Տէրեանով վեհապանծ ողջ աշխարհի քերթողներուն ճանչցուած:»
Անոր այս ելոյթը անսպասելի էր ինծի համար: Մեր օրերուն Հայ վարսաւիր մը՝ Հայ քերթութեան սիրահա՞ր, այո՛ սպասելով կը գտնէք նաեւ անսպասելին:
Երբ կը բաժնուէինք իրարմէ, այս երիտասարդը յայտնեց.-«Քանի գրող էք, ես իմ սիրտը ձեզի որպէս թեւեր կը նուիրեմ, որ միջոցը գրաւէք:»
Այսօր ալ երբ ներկայացայ սափրիչիս, ըսի.- Ժամադրութիւն ունիմ կէս ժամ ետք տեղ մը պէտք է հասնիմ:
Սափրիչս պատասխանեց.-«Չէի կարծեր որ այսօր եկած էք աշխատատեղիս զիս պատժելու համար: Կէս ժամ ետք տեղ մը հասած պիտի ըլլաք: Ուրեմն զրոյցի ժամանակ պիտի չունենա՞նք: Պատժեցիր զիս …»
Երբ խուզեց մազերս ոչխար խուզելու պէս, վար իջայ աթոռէն եւ ըսի.- Որպէս սփոփանք քեզի, տուր սա աւելի եւ իմ խուզած ծամերս ես աւլեմ: Փահ-փահը ցնցեց, թրատենց միջոցը:
«Այս զրոյցը» եսայ սափրիչս աշխարհ մը կ’արժէր …
Կը հաւատամ, որ Նոյ Նահապետը երբ իջաւ Արարատի կատարէն ու մեր մայր հողին յանձնեց շիւղ մը որդատունկի եւ միջոց մը ետք ըրաւ առաջին քաղը ողկոյզառատ վազէն չկրցաւ զսպել իր ուրախութիւնը ու կանաչ կեանք մաղթեց մեր երկրին:
Նոյն մաղթանքները չըրին յոյները Օլիմպոսի աստուածները, Հելլատային ձիթենիի ծառ նուիրելով:
Ահա ինչու խաղողով ու ձիթապտուղով հարստացած մեր երկիրները աշխարհին տուին ծաղկուն մշակոյթ, ձիթապտուղի ու գինիի նման արբեցնող:
Ժողովուրդներ աշխարհի, Հոմերոսի, վիրգելեոսի ու մեր Նարեկացիի, Ծնորհալիի երգերը որպէս գինի, բաժակներով թոյլ տուէք խմեմ ձեր կենացը, որպէս ձեզի հաւասարներ:
Յոյն Էվրիբիտէսէն սորվեցայ, որ ծեսերը գիշերներ կը կատարեն, քանզի մութը սուրբ է եւ մարդ արարածները ամէն մութին սրբութենէն կեանքի կը կոչուին: Սորվեցայ նաեւ, որ անլինելի բան չկայ այս աշխարհին մէջ երբ լարենք մեր ուղեղներուն բոլոր կեդրոնները: Նաեւ սորվեցայ, «անմիտ է ան ով տգէտին լուրջ խօսք կ’ըսէ:»
Շնորհալիէն ալ սորվեցայ, որ ճիշդը լոյսը երգելն է.-
-«Արարիչ Լուսոյ, առաջին լոյս …»
Իսկ Ֆրիկէն.-«Մէկին աթլաս ու ղրմզի, այլոց բուրդէ շալ մը չընկնի»:
Անմերձենալի Գրիգոր Նարեկացիէն ալ սորվեցայ, որ .-
Անչափին միտուած հիմն չհասա,
Բարձրագոյններին ձգտելով անդուլ՝
Նախնին տեղիցս էլ գահավիժեցի,
Երկնային ուղղուց անդունդներ ընկայ,
Որքան աւելի շատ զգոյշացայ,
Այնքան աւելի վնաս կրեցի …
Մեծութիւններու երկրպագելը միայն կը հարստացնէ մեզ հոգեւին ու կը դարձնէ մեզ պայծառատես: Մեծութիւններ այնքան ունինք որպէս կաթ, մեղր ու գինի, որ յաճախ չենք ալ ճանչնար ափսո՜ս, մերձենալ անոնց, ճաշակել, որ լաւը, գեղեցկութիւնը, սէրը դառնան շարունակելի:
*************************
Եօթնադարպաս եւ երկաշարք քաղաքներ միայն յոյցնե՞րը ունեցած են: Մենք հայերս ունեցած ենք Անին եօթնադարպաս ու երկշարք պարիսպներով:
Յոյները թիրսոսով կը կռուէին թշնամիներու դէմ, մենք Սասնայ Դաւիթի թուր կայծակով:
Հին յոյները Ք.Ա Օրֆեսը ունէին որպէսզ նուագող ու խմբավար:
Մենք ունեցանք ԿՈՄԻՏԱՍԸ:
Ինչպիսին ըլլալու ենք թշնամիներու դէմ այլեւս, ինչպէս եղան մեր կորիւնները Արցախի մէջ թշնամին մժեղի պէս փախուստի մատնելով.- Փարթամակուած կանգնելով թշնամիին դէմ եւ անոնց բարձրացուցած պատերուն դէմ դառնալու ենք օրհասաբեր ցանց եւ անոնց պատերը անանցանելի չեն մեզի համար: Երբ քաջաբար որպէս հրաշունչ առիւծ եւ բազմագլուխ վիշապ դարձած դէմ ելլենք մեր թշնամիներուն: Կ’աւելցնեմ, որ խելացի մարդուն վայել է սառնարիւն ըլլալ, պայքարը վարելու ընթացքին կամ կռիւի մէջ, զինեալ բախումի ընթացքին:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

