Դէպի Անմահութիւն. Երուանդ Պապայեան

*ՌԱՖՖԻ ՏՕՆԵՐԵԱՆ*
Սիրելի Ուսուցիչ,
Շիրիմիդ առջեւ խոնարհած, թոյլ տուէք իմ համեստ գրիչով նորոգեմ իմ անկեղծ սէրն ու յարգանքը:
Արտասովոր կսկիծով կը յիշեմ մանկութեան օրերը հին, անմեղ ու անհոգ, երբ «պայծառ միտքով լուսատենչ ու հոգիներով խանդավառ» կը բարձրանայինք միշտ դէպի վեր, դէպի դասարանները մեր:
Կը յիշեմ Ձեր խիստ ու խրոխտ ներկայութիւնը, զոր կ՛անշարժացնէր բոլորս: Տարիներ վերջ միայն զգացի եւ ապրեցայ այդ խստութեան ընդմէջէն վճիտ ցոլացումը հայրական ջերմ գուգուրանքին, օրհնեալ յատկանիշը Ձեր վսեմ էութեան: Այդ գուրգուրանքին, որ ամբողջ դար մը վերջ տակաւին կը ճառագայթէր նոյն ջերմութեամբ:
Չեմ մոռնար բնաւ, երբ կը յաճախէի Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը ամէն տարի Ամանորի շրջանին, հեռաւոր Ամերիկաներէն շնորհաւորական նամակներով կը մաղթէիք լաւագոյնն ու բարին: Հայրական յորդորներով կը սփոփէիք, վանելու համար դառն անցեալի ահաւոր յուշերը, որոնց մանրամասնութիւններուն քաջատեղեակ էիք, ինչպէս հայրս հարազատ: Այժմ արցունքախառն աչքերով կը կարդամ մասունքի նման պահած նամակները Ձեր, նոյն մխիթարանքը ստանալով ընդմիշտ:
Բանաստեղծութեան իշխանը եւ Ուսուցիչս:
Երկու անզուգական տիտաններ հայ ազգի ու հայապահ պանման: Մին անմահացած, միւսն անմահութեան ճամբուն վրայ: Թէքէեանի տողերուն ընդմէջէն կ՛ուրուագծեմ Ձեր անձը:
Ցնո՞րք թէ իրողութիւն:
Արդարեւ սիրեցիք հայ լեզուն մրգաստանի մը նման եւ անոր հիւթեղ բառերով օծեցիք քիմքերը բազմահազար հայորդիներու:
Բարձրացաք եւ Ձեզի հետ բարձրացուցիք շա՜տ շատեր:
Ինչ որ տուիք ուրիշին ահա կը վերադառնայ անուշցած ու զօրացած Ձեր հոգւոյն մէջ մնալու յաւիտեան:
Սիրելի Ուսուցիչ,
Սուրբ շիրիմիդ վրայէն մխացող գուլայ-գուլայ խունկերուն հետ միատեղ կ՛աղօթեմ առ բարձեալն, Թէքէեանի մեծ ընտա նիքին անունով` հոգաբարձութիւն, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ եւ օժանդակ մարմիններ, որ «հայու յոգնած սուրբ հոգիդ» երկնային արքայութեան մէջ լուսաւորէ առյաւէտ:
Թէքէեանի սոյն ,Կտակեով սուրբ յիշատակդ կ՛անմահանայ բոլորիս սրտերուն մէջ.
«Թող ոչ ոքի մահըս չըտայ տխրութիւն,
Ուրախութիւն թող ան ըլլայ ամէնուն,
Թշնամիին, բարեկամին ալ համար…:
Տառապանքիս վերջը եկաւ հուս ուրեմն,
Եւ անցնելով խաւար ու մեծ տունին սեմն
Ես կը հանգչիմ, պիտի հանգչիմ յաւիտեան…»:
Բարի երթ դէպի յաւիտենականութիւն…:
Աշակերտդ`
Ռաֆֆի Տօներեան
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

