ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ՝ Օր 4

*ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ*
Յատուկ «ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼ»-ին
Պէյրութ, 24 Յունիս 2014
Այս առաւօտ վերստին կարդալ սկսայ Էվրիբիտէսի «Բագոսուհիները» թատերգութիւնը որ ողբերգութիւն մըն է Արամ Թօփճեանի հին Յունարէնի բնագիրէն թարգմանուած: Գործին նիւթը կու գայ հին դարէն: Նիւթ մը, որ կը ցուցադրուի Հայաստանի Արտաշատ քաղաքին մէջ Ք.Ա 53 թուին, Հայոց Արտաւազդ թագաւորին օրով որ տարուած էր Հելլէնական մշակոյթով եւ որ գրած էր թատերգութիւններ Յունարէն լեզուով, որոնք մեզի հասած չեն, ոչ իսկ վերնագրերով:
Այս մասին ունինք վկայութիւնը Պլուտարգոս պատմաբանին (46-127):
Արտաշատեան բեմադրութեան ընթացքին երբ դերասանը բեմին վրայ պիտի արտասանէր.-
Մենք լեռներից տուն ենք բերում
Նոր կտրուած այս բաղեղը
Այս աւարը երանելի.
յայտարարութիւնը, Կրասոսը սպաննողը ներս կը մտնէ գոչելով.
-Ո՞վ սպաննեց – Իմն է պատիւը» ու … Կրասոսին գլուխը մէջտեղ կը հանէ: Արտաւազդ թագաւոր ուրախանալով բարձրօրէն կը գնահատէ Պոմաքսադրէսը որ նոյնինքն Կրասոսը գլխատողը կ’ըլլայ:
Պլուտարգոսին գրածն է այս, որ դէպքէն 150 տարի յետոյ հաստատած կ’ըլլայ: Երբ դէպքէն 150 տարի յետոյ կը յիշուի այս դէպքը, կը նշանակէ թէ եղածը իրողութիւնէր եւ չէր մոռցուած:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

