ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբը Բժշկական Պարագաներ Փոխանցած է Հալէպի Հիւանդանոցներուն

Հայաստանի Մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող բժշկական խումբը Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ կը շարունակէ Հալէպի զինուորական հիւանդանոցին եւ այլ բժշկական հաստատութիւններուն փոխանցել բժշկական եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն» ՊՈԱԿ-էն, բժշկական կեդրոններու ղեկավարները հայ մասնագէտներուն յայտնած են իրենց երախտագիտութիւնը` տրամադրուած անհրաժեշտ պարագաներու եւ բժշկական հաստատութիւններու մէջ ամէն օր ցուցաբերուող օժանդակութեան համար:
Հալէպի զինուորական հիւանդանոցի պետ, զօրավար Ֆայէզ Այուպին բարձր գնահատած է հայ եւ սուրիացի բժիշկներու համատեղ ջանքերը, աշխատանքի հանդէպ անմնացորդ նուիրումը եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի մարդասիրական խումբին` մշտական աջակցութեան համար:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

