Հայ Մասնագէտները «Քորոնա»ի Դէմ Պայքարին Համար Պատրաստած Են Օդը Ժահրերէ Մաքրող Սարքեր

Հայաստան կը շարունակէ ջանքեր գործադրել «Քորոնա» ժահրին դէմ սեփական միջոցներով պայքարելու համար: Այս անգամ Ալիխանեանի անուան ազգային գիտական տարրալուծարանի մասնագէտները պատրաստած են օզոնային 20 շարժակներ, որոնք նախատեսուած են փակ տարածքներու, նաեւ բժշկական սարքաւորումներու ախտահանման համար: Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը արդէն ձեռք բերած է զանոնք։ «Արմէնփրէս»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին պատմեց տարրալուծարանի տնօրէն Անի Աբրահամեան:
«Մեր տարրալուծարանը ընդհանուր առմամբ այս գործերով չի զբաղիր, բայց քանի որ “Քորոնա” ժահրի պատճառով ստեղծուած արտակարգ դրութեան անհրաժեշտութիւն կար, մենք որոշեցինք բան մը անելու: Եւ մտածեցինք՝ ամենալաւն այն կ՛ըլլայ, որ կարենանք բան մը ստեղծել, որ կ՛ախտահանէ», պատմեց Աբրահամեան:
Ան օզոնային շարժակի գաղափարը յիշած է սփիւռքահայ բժիշկի մը հետ խօսակցութենէն, փնտռած է այդ մարդը, գտած Հայաստանի մէջ, միասին քննարկած են հարցը, բարեփոխած են ձեւաւորումը եւ սկսած պատրաստութեան գործընթացին: «Օզոնային շարժիչներ շատ կան աշխարհում եւ տարբեր կիրառութիւններ ունեն: Մեզ համար կարեւոր էր մտածել մի բան, որը կ՛ոչնչացնի վիրուսը: Մեր սարքած օզոնային արտադրիչները կարող են 1 ժամուայ մէջ 140 խորանարդ մետր ախտահանել», ըսաւ Ապրահամեան՝ աւելցնելով, որ ժամացոյցներ տեղադրուած են երկու ժամուան համար։
Այս սարքերը կ՛արտադրուին նաեւ Չինաստանի մէջ, սակայն անոնց սակը կը տատանի 100-1000 տոլարի միջեւ: «Մեր սարքածը միջին որակի մի բան եղաւ՝ համեմատելով չինականի հետ: Իւրաքանչիւրի համար նիւթերի ծախսը կազմեց 42 հազար դրամ, գործն անվճար արեցինք», ըսաւ ան աւելցնելով, որ անհրաժեշտութեան պարագային անոնք կրնան վաճառուիլ 60-80 հազար դրամի սահմաններուն մէջ:
Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Ալինա Նիկողոսեան յայտնեց, որ նախարարութեան կողմէ գնուած 20 օզոնային շարժակները տեղադրուած են հիւանդանոցներուն մէջ։
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

