Հայ Դատի Պահանջը Համամարդկային Է Եւ Վաղեմութեան Ժամկէտ Չունի․ ԱՀ Նախագահ

Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտնած է, որ Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք կը մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Այս մասին տեղեկացանք Արայիկ Յարութիւնեանի Facebook-ի էջէն։
«Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին այսօր յարգանքի տուրք կը մատուցեմ համահայակական ուխտատեղի դարձած Ծիծեռնակաբերդի մէջ: Ատիկա Արցախի Հանրապետութեան ընտրուած նախագահիս ոչ պաշտօնական, բայց արարողակարգային առաջին ձեռնարկն է, որ կը համարեմ իւրօրինակ ուղերձ:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը քաղաքակիրթ աշխարհի կողմէն միայն իւրայատուկ գնահատական չէ հայ ժողովուրդի կրած անասելի զրկանքներուն կամ յարգանքի տուրք՝ մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակին: Անիկա՝ նախ եւ առաջ՝ Աստուծոյ ու սերունդներու հանդէպ ունեցած պատասխանատւութեան զգացում է, որուն փոխարէն, սակայն, արդէն 105 տարի ականատեսն ենք ժխտողական քաղաքականութեան: Բայց Հայ Դատի պահանջը համամարդկային է եւ վաղեմութեան ժամկէտ չունի:
Մեր ժողովուրդի յարատեւութեան անվերջանալի պայքարը մենք վստահաբար պիտի շարունակենք՝ աւելի ամրապնդելով ու հզօրացնելով մեր միասնական հայրենիքը, ուր քաղաքացին միշտ պիտի ունենայ անվտանգութեան, ինքնիրացման ու ապագայի հանդէպ յուսալիութեան լիարժէք զգացում եւ պայմաններ: Այս է իմ եւ մեր տեսլականը:
Կը յիշենք եւ կը պահանջենք»,- գրած է նորընտիր նախագահը:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

