Նախագահ Արմէն Սարգսեան Կ՛առաջարկէ Ծիծեռնակաբերդի Տարածքին «Հայ Փարք» (Hye Park) Հիմնել

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան կ՛առաջարկէ Ծիծեռնակաբերդի տարածքին «Հայ Փարք» հիմնել:
ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Արմէն Սարգսեան այդ մասին խօսած է «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի «Կիրակնօրեայ վերլուծական» հաղորդման ընթացքին:
Ան նշած է, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակէն ետք աշխարհը պէտք է վերագնահատէ ինքզինք՝ նկատելով, որ «Քորոնա» ժահրի «յետոն կը սկսուի այսօր»:
«Նոյն այսօր պէտք է մտածենք, թէ ինչպէս պիտի ապրինք «Քորոնա»-էն ետք: Հայաստանի պարագային կարելի է, օրինակ, սկսիլ ամենապարզէն` հանրային առողջութեան ոլորտէն: Այսօր ես իմ տան պատշգամէն անգամ քաղաքի հեռաւոր թաղամասերը կը տեսնեմ, Արարատ լեռը աւելի պարզ կ՛երեւի, ինչ որ առաջ հնարաւոր չէր: Այսինքն, հիմա մեր քաղաքի օդը 2-3 անգամ աւելի մաքուր է, քան «Քորոնա» ժահրէն առաջ: Ուրեմն ինչո՞ւ չմտածել այն մասին, որ մենք մաքուր օդ միշտ ունենանք»:
Նախագահը ըսած է, որ Երեւանի այգիները անոր «թոքեր»ն են, եւ, որպէսզի մեր բնակչութիւնը կարենայ առողջ ապրիլ, պէտք է այգիներ` «հանրային առողջ թոքեր» ունենալ:
Այս ծիրէն ներս նախագահ Սարգսեան ներկայացուցած է Ծիծեռնակաբերդի տարածքին «Հայ Փարք» ստեղծելու իր գաղափարը: «Շուտով մենք պիտի ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, յիշեցնելու աշխարհին, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չճանչնալը կամ պատմութեան դասերը մոռնալը վտանգաւոր է ողջ մարդկութեան համար: Այս առիթով կ՛ուզեմ առաջարկ մը հնչեցնել, որուն մասին դեռ տարիներ առաջ կը մտածէի: Եթէ Եղեռնի յուշարձանէն նայիք մինչեւ «Հրազդան» մարզադաշտը, կը տեսնէք հսկայական տարածութիւն, որ, եթէ չեմ սխալիր, մօտաւորապէս 103 հեքտար է: Այդ տարածքը մշակուած չէ, իսկ մեր քաղաքը մեծ այգիի կարիք ունի: Կ՛առաջարկեմ ստեղծել համազգային այգի, որ կը սկսի Եղեռնի յուշարձանէն անմիջապէս ետք եւ կ՛երկարի այդ 103 հեկտարով»:
Մանրամասնելով այգիի ստեղծման գաղափարը` նախագահը նշած է.
«Տրամաբանութիւնը հետեւեալն է. այգիին առաջին հատուածը կազմուած պիտի ըլլայ մասերէ, որոնք պիտի ներկայացնեն մեր պատմական հայրենիքի շրջանները, օրինակ` Վանը, Էրզրումը եւ այլն:
Երկրորդ շերտը պիտի ներկայացնէ սփիւռքահայութիւնը` ամբողջ աշխարհով ապրող մեր հայ ժողովուրդը, ենթադրենք` Մարսէյլի, Նիւ Եորքի, Մոսկուայի, Նովոսիպիրսքի հայ համայնքները:
Երրորդը` մեր հայրենիքի այսօրուան շրջանները, քաղաքներն ու կառոյցներն, օրինակ` Գիւմրի կամ Երեւանի պետական համալսարանը:
Այս բաժանումը խորհրդանշական է այն իմաստով, որ ամբողջ տարածքը կը բաժանուի առանձին կտորներու եւ ծառեր կը տնկուին:
Գեղեցիկ կ՛ըլլայ, եթէ ծառերուն քանակը ըլլայ մօտաւորապէս 1,5 միլիոն` իւրաքանչիւր զոհի համար մէկ ծառ: Այս այգին կը նկարագրէ մեր պատմական կորուստները եւ, միաժամանակ, այսօրուան հայկական աշխարհը, հայկական պետականութիւնը` Հայաստանով եւ Արցախով: Ի դէպ` այգիին առանձին կտորները բաժնելով եւ անուններ տալով, կրնանք քաջալերել, որ օրինակ` վանեցիները վերցնեն այգիին Վանայ տարածքը եւ մշակեն: Սա կը դառնայ համազգային այգի, հայկական այգի, հայ փարք»:
Արմէն Սարգսեան կարեւոր համարած է, որ այգին մնայ այգի եւ չդառնայ ճաշարաններու շարք: Ան նշած է, որ ժամանակին այս գաղափարը քննարկած է Եւրոպայի ամենայայտնի այգիներու ձեւաւորողներէն մէկուն հետ, որուն գրասենեակը նոյնիսկ ձեւակերպած է գաղափարը:
Նախագահ ըսած է, որ կառավարութեան, վարչապետին եւ քաղաքապետին դիմած է նամակով եւ առաջարկած է քննարկել այս հարցը:
«Եթէ կառավարութիւնը, քաղաքապետարանը հաստատեցին այդ գաղափարը, ես անձամբ, որպէս նախագահական նախաձեռնութիւն կը լծուիմ դրամահաւաքին եւ աշխատանքներու կազմակերպման, որովհետեւ կը կարծեմ, որ սա շատ կարեւոր ներդրում պիտի ըլլայ տարբեր իմաստներով` եւ՛ ազգային միասնութիւն ստեղծելու, եւ՛ մեր պատմութեան նկատմամբ յատուկ վերաբերմունքի, եւ՛ հանրային առողջութեան, եւ՛ ընդհանրապէս»:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

