Ապրիլ 24-ին Նոյն Ժամուն Պիտի Հնչեն Բոլոր Եկեղեցիներու Զանգերը, Դռնփակ Պիտի Մատուցուի Սուրբ Պատարագ

Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակութեան օրը` Ապրիլ 24-ին, ժամը 10:30-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ դռնփակ պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ, որու աւարտին պիտի կատարուի Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու բարեխօսական կարգ: Այս մասին կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:
Նոյն օրը ժամը 12:00-ին պիտի հնչեն բոլոր եկեղեցիներու զանգերը` ի ոգեկոչումն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
«Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը հրաւիրէ մեր ժողովուրդի զաւակները` համաճարակի այս դժուարին պայմաններուն մէջ, նուիրական այս օրը իրենց տուներուն մէջ աղօթակից ըլլան հոգեւոր դասին եւ միաբան ու միասիրտ հայցել մեր սուրբ նահատակներու բարեխօսութիւնը առ Աստուած` աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին առողջ ու անվտանգ կեանքին եւ մեր հայրենիքին խաղաղութեան ու բարօրութեան համար»,- ըսած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգի տարածած ծանուցումին մէջ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

