• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ազրպէյճան Կը Շարունակէ Ապակայունացնել Իրավիճակը Սահմանագիծին Վրայ. Կարէն Միրզոյեան

14.04.2017   11:03

Յունաստան կատարած աշխատանքային այցին ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան հարցազրոյց տուած է CNN Greece հեռուստաալիքին: Այս մասին կը հաղորդէ «Artsakhpress.am»-ը։

Անդրադառնալով արցախեան հակամարտութեան՝ Միրզոյեան նշած է, որ Ազրպէյճանը վերջին շրջանին քայլեր կը ձեռնարկէր սահմանագիծին վրայ լարուածութիւնը հետեւողականօրէն սրելու ուղղութեամբ, որուն գագաթնակէտը եղաւ նախորդ տարուան Ապրիլին՝ սահմանագիծի ողջ երկայնքով Ազրպէյճանի կողմէ ռազմական յարձակման սանձազերծումը, որուն հետեւանքով զոհուեցան ինչպէս զինուորականներ, այնպէս ալ քաղաքացիներ: Անոր խօսքով` ապրիլեան յարձակումը աւելի հրատապ դարձուցած է միջադէպերու հետաքննութեան կառուցակազմի ստեղծման եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի անձնակազմին ընդլայնման վերաբերեալ առաջարկներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը, որ պիտի նպաստէ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու եւ բանակցութիւնները վերսկսելու համար անհրաժեշտ պայմաններու ստեղծման:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր