Չցանկալով Բանակցութիւններու Միջոցով Լուծել Հակամարտութիւնը` Ազրպէյճան Կը Սպառնայ Սանձազերծելով Հերթական Պատերազմ. ԼՂՀ ԱԳՆ

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Ապրիլեան պատերազմի վերաբերեալ: Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի.
Այսօր կը լրանայ ուղիղ մէկ տարին, երբ աւարտեցաւ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան ուժային լուծման նպատակով Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած յարձակումը: 2016-ի Ապրիլ 1-ի լոյս 2-ի գիշերը, կոպտօրէն խախտելով հրադադարը, ազրպէյճանական զինուած ուժերը սահմանի ողջ երկայնքով նախաձեռնեցին լայնածաւալ յարձակում` օգտագործելով ծանր ռազմամթերք, հրետանի եւ ռազմական օդուժ: Միայն կենդանի ուժի ու ռազմամաթերքի զգալի կորուստներ կրելէ ետք Ազրպէյճան ստիպուած եղաւ 2016-ի Ապրիլ 5-ին Ռուսիոյ միջնորդութեամբ խնդրել ռազմական գործողութիւններու դադրեցում:
Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի բազմաթիւ խախտումներով ու ռազմական յանցագործութիւններով ուղեկցուած ազրպէյճանական յարձակումը լուրջ մարտահրաւէր դարձաւ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան եւ մեծ վնաս հասցուց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու միջնորդական ջանքերով ընթացող ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին:
Ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք, անցեալ մէկ տարուան ընթացքին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները ջանքեր կը գործադրէին բանակցային գործընթացի լիարժէք վերականգնման համար պայմաններ ստեղծելու ուղղութեամբ:
Արցախի Հանրապետութիւնը հետեւողականօրէն աջակցութիւն կը յայտնէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու յայտարարութիւններուն, որոնք կը վերաբերին 1994-ի Մայիս 12-ի հրադադարի մասին համաձայնագրի լիակատար պահպանման, 1995-ի Փետրուար 6-ի հրադադարի ամրապնդման մասին համաձայնագրի դրոյթներու գործնական կիրառման, ինչպէս նաեւ միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմներու ներդրման եւ ԵԱՀԿ Գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի գրասենեակի կարողութիւններու ընդլայնման վերաբերեալ Վիեննայի մէջ (2016-ի Մայիս 16) եւ Ս․Փեթերսպուկի մէջ (2016-ի Յունիս 20) ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրագործման անհրաժեշտութեան:
Ազրպէյճան ոչ միայն կը մերժէ այդ առաջարկները, այլեւ կը տապալէ որեւէ նախաձեռնութիւն, որ ուղղուած է ռազմական գործողութիւններու վերսկսման հնարաւորութեան բացառման: Աւելին, այս ողջ ժամանակահատուածին Ազրպէյճան չի հրաժարիր փորձերէ` տեղափոխել առճակատման տրամաբանութիւնը տնտեսութեան, մշակոյթի եւ նոյնիսկ մարդկային շփումներու բնագաւառներ:
Ցուցադրելով բանակցութիւններու միջոցով հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու ցանկութեան լիակատար բացակայութիւն` ազրպէյճանական իշխանութիւնները հերթական պատերազմ սանձազերծելով կը սպառնան: Հետեւողականօրէն բարձրացնելով լարուածութեան աստիճանը Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ եւ շարունակելով առճակատման ու թշնամանքի քաղաքականութիւնը` Պաքուն նպատակաուղղուած կերպով կը խորացնէ կողմերուն միջեւ անվստահութիւնը եւ կը ձգտի ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացը դարձնել սեփական ապակառուցողական քաղաքականութեան ու առաւելագոյն պահանջներու պատանդը:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

