Մէկ Տարի Անց Ունինք Աւելի Պաշտպանուած Սահմաններ. Արծրուն Յովհաննիսեան

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանն ու Արցախը զգալի աշխատանք կատարած են սահմանային պաշտպանութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:
«Առաջնագծի վրայ կանգնած զինուորներուն անվտանգութեան տեսանկիւնէն առնուած են զգալի քայլեր, յագեցուած են համապատասխան ճարտարագիտական սարքերով: Եղած են նոր զինատեսակներով համալրումներ, որոնք որոշ առումով կ’երեւին, սակայն, ընդհանուր առմամբ, ամէն ինչ չէ, որ կ’ըսուի: Գործընթացներ կան, որոնք իրենց խօսքը կ’ըսեն յստակ իրավիճակներու ժամանակ: Հաշուի առնելով կատարուած աշխատանքը` այսօր վստահաբար կրնանք ըսել, որ մէկ տարի անց ունենք աւելի պաշտպանուած սահմաններ: Բայց պիտի ուզէի այստեղ ընդգծել, որ բնակաբանար խօսքը միայն պաշտպանութեան մասին չէ: Ինչպէս գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը վերջին ելոյթին ժամանակ նշեց, կան այլ գործառոյթներ, որոնք կանխարգելիչ են, անվտանգութեան համար հեռանկարային են: Հայաստանը ձեռք կը բերէ ճարտարագիտական այնպիսի գերժամանակակից միջոցներ, որոնք թոյլ պիտի տան գործը պաշտպանութեան չհասցնելու»,- ըսած է Արծրուն Յովհաննիսեան:
Անդրադառնալով ապրիլեան պատերազմէն ետք քաղած դասերուն` Արծրուն Յովհաննսիսեան նշած է, որ նոյնիսկ զօրավարժութեան ժամանակ կը կատարուին վերլուծութիւններ, դասեր կը քաղուին, հետեւաբար մարտական գործողութիւններու ժամանակ նոյնպէս կը կատարուին հետեւութիւններ:
«Անշուշտ, զինուորականները ապրիլեան պատերազմէն ետք դասեր քաղած են, հետեւութիւններ կատարած են, բայց անոնք միշտ չէ, որ թափանցիկ ու ընկալելի կրնան ըլլալ, որովհետեւ շատ յաճախ անոնք նեղ մասնագիտական հարցեր են: Բայց ըսեմ, որ կատարուած հետեւութիւններն ու դասերը նաեւ որոշ առումով ակնառու են: Ապրիլէն ետք մարտական գործողութիւններու ժամանակ փոխուած ձեռագիրը արդիւնաւէտութեան առումով երեւցած է, բայց անոնք մէկ մասն են, քայլերը աւելի խորքային են: Ամէնօրեայ աշխատանք կը կատարուի, ամէն օր հետեւութիւններ կ’ըլլան սահմանային պաշտպանութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ»,- աւելցուցած է ՊՆ մամուլի խօսնակը: Ապրիլեան պատերազմէն ետք յատուկ ուշադրութեան կ’արժանանայ ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտը: Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է, որ այդ ոլորտը ընդհանուր պաշտպանութեան մակարդակի բարձրացման գործընթացի առկայ ուղղութիւններէն մէկն է: Ան ընդգծած է, որ այդ ոլորտին մէջ կը կատարուի զգալի աշխատանք, որուն մասին չեն կրնար բարձրաձայել:
Անդրադառնալով ապրիլեան զոհերու ընտանիքներուն աջակցելու գործընթացին՝ Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է, որ այս գործին մէջ բաւարար գնահատական չի կրնար ըլլալ:
«Այս գործընթացը բոլոր ուղղութիւններով ունի մշտական պահանջ: Թէ՛ հասարակութեան, թէ պետութեան կողմէն ապրիլեան գործողութիւններու զոհերուն ընտանիքները աւելի շատ ուշադրութեան արժանացան, քան նախորդ տարիներուն զոհուածներուն ընտանիքները, բայց միեւնոյն է, ատիկա բաւարար չէ: Ատիկա մշտական գործընթաց է»,- ըսած է ան:
Խօսելով 2017 թուականէն սկսեալ մարտական գործողութիւններու ժամանակ զոհուած կամ վիրաւորուած զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար գանձուած 1000 դրամներուն եւ ձեւաւորուած հիմնադրամին մասին` Արծրուն Յովհաննիսեան նշած է, որ արդէն երկու շահառուի մասին տուեալներ եղած են, հիմնադրամի կայքին մէջ պիտի տեղադրուին բոլոր մանրամասները:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

