Հայաստան Իր Իւրայատուկ Տեղը Ունի ՏՃ Համաշխարհային Քարտէզին Վրայ. Սերժ Սարգսեանի Ելոյթը ԱՄԷ-ի Ներդրումային Համաժողովին

Աշխատանքային այցով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցած է Ապու Տապիի մէջ իրականացուող «Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ» ներդրումային համաժողովին: Համաժողովը կազմակերպուած է Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ապու Տապի էﬕրութեան թագաժառանգ, ԱՄԷ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ Շէյխ Մոհամմետ պըն Զայետ Ալ Նահեանի բարձր հովանաւորութեամբ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապի վարչութիւնը:
Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի եւ Ապու Տապիի Առեւտուրի պալատին կազմակերպած համաժողովը նպատակ ունի խթանելու Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու տնտեսական կապերուն աշխուժացումը, գործարարներու միջեւ շփումները, ներկայացնելու Հայաստանի ներդրումային միջավայրը եւ տարբեր ոլորտներու մէջ փոխշահաւէտ ներդրումային նախագիծեր: Համաժողովի շուրջ 300 մասնակիցներուն մէջ են պետական պաշտօնեաներ, հիմնադրամներու ղեկավարներ, վերազգային ընկերութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, Հայաստանի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու յաջող փորձ ունեցող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:
Համաժողովին ԱՄԷ տնտեսութեան նախարար Սուլթան պըն Սայիտ Ալ Մանսուրի ողջոյնի խօսքէն ետք՝ ՀՀ Նախագահը համաժողովի հանդէս եկած է ելոյթով:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

