• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Տաւուշի Մարզի Ուղղութեամբ Գնդակոծութիւնները Կրկնակի Դարձած Են Նախարար Ս․ Օհանեան

04.09.2015   23:52

Վերջին օրերուն հակառակորդին կողմէ Հայաստանի, յատկապէս Տաւուշի մարզի գնդակոծութիւնները կրկնակի դարձած են: Այս մասին լրագրողներուն յայտնեց պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Անոր խօսքով Հայաստանի զինուած ուժերը ամեն ինչ կ’ընեն կանխելու այդ անմարդկային գործողութիւնները՝ բնակավայրերու գնդակոծումը: «Մենք ամէն ինչ կ’ընենք զսպելու հակառակորդը: Այս պահուն Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղական ինքնակառավարման մարմիններու հետ կը ճշդէ, թէ ինչ նիւթական կորուստներ ունինք», ըսաւ Օհանեան աւելցնելով, որ միջազգային կառոյցները տեղեկացուած են դէպքի վերաբերեալ:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր