• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ազրպէճան Կ’ուզէ Տապալել Բանակցութեան Գործընթացը

04.09.2015   23:42

Ազրպէյճանի գործողութիւնները բացայայտ կ’ապացուցեն, որ Պաքու կը ձգտի տապալել բանակցային գործընթացը: Այս մասին «News.am»ին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Պալայեան, մեկնաբանելով սահմանամերձ գիւղերու գնդակոծութեան եւ երկու բնակիչներուն վիրաւորուելուն մասին տեղեկութիւնները: «Որքան կեղծաւոր պէտք է ըլլաս, որ խօսիս միջազգային մարդասիրական իրաւունքի մասին, եւ նոյն օրը ականանետերէ կրակես խաղաղ բնակչութեան վրայ: Այս ամէնը անգամ մը եւս կը հաստատեն, որ Ազրպէյճան կը ձգտի սրել իրավիճակը եւ անով տապալել բանակցային գործընթացը», ընդգծեց Պալայեան:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր