Ստեփանակերտի Մէջ Բացուած է «Թումօ» Ստեղծարար Ճարտարագիտութիւններու Կեդրոնը

Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահներ Բակօ Սահակեան եւ Սերժ Սարգսեան, Սեպտեմբեր 2-ին մասնակցած են Ստեփանակերտի մէջ «Թումօ» ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը։
Նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ նման կեդրոնի գործունէութիւնը նոր որակ պիտի հաղորդէ Արցախի մէջ երիտասարդներու մտաւոր ներուժի զարգացման եւ ժամանակակից ճարտարագիտութիւններու կիրառման գործընթացին:
Երկրի ղեկավարը երախտագիտութիւն յայտնած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, «Սիմոնեան» հիմնադրամին եւ «Ղարաբաղ Թելեքոմ» ընկերութեան, հայրենանուէր այս նախաձեռնութիւնը իրականացնելու համար` նշելով, որ ան մեր հանրապետութեան մէջ մարդկային դրամագլուխի զարգացման գործի լաւագոյն ներդրումներէն է: Կեդրոնին մէջ շրջայցի ժամանակ նախագահները ծանօթացած են կրթական այս հաստատութեան պայմաններուն եւ ուսուցման ծրագիրին: Ըստ պատասխանատուներուն ծրագիրը հասանելի պիտի ըլլայ աւելի քան 500 ուսանողի, որոնց իւրաքանչիւրը «Թումօ»ի մէջ շաբաթական երկու օր պիտի սորվի, կեդրոնի չորս հիմնական ոլորտներու` անիմացիայի, ֆիլմերու ստեղծման, կայքերու մշակման եւ խաղերու ստեղծման հիմունքները, ինչպէս նաեւ պիտի ստանայ 21-րդ դարուն բնորոշ այնպիսի հմտութիւններ, ինչպէս 3D ձեւաւորումը, ռոպոթաշինութիւնը, լուսանկարչութիւնը, կրաֆիքական ձեւաւորումը եւ այլն:
Հանդիսութեան մասնակցած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, ԼՂՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, հիւրեր Հայաստանէն եւ արտերկրէն:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

