Նախագահ Սերժ Սարգսեան Սահմանադրութեան Բարեփոխութեան Շուրջ Տեսակցութիւններ Կ’ունենայ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ սկսան՝ սահմանադրական բարեփոխումներուն շուրջ քաղաքական ուժերուն հետ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումները: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան ներկայացուցիչները, որոնց հետ քննարկեց սահմանադրական բարեփոխումներու ընդհանուր հոլովոյթը: Անդրադարձ եղաւ նախագահին առընթեր Սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին կողմէ մշակուած՝ սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծին մէջ տեղ գտած առանձին դրոյթներուն: Հանդիպումին մասնակիցները խօսեցան Ազգային ժողովին մէջ աշխոյժ եւ համակողմանի քննարկումներու կարեւորութեան մասին: Սահմանադրական բարեփոխումներու առնչութեամբ քաղաքական ուժերուն հետ խորհրդակցութիւններուն շարքին, նախագահ Սարգսեան հանդիպումներ ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Քննարկուեցաւ սահմանադրական բարեփոխումներու ընդհանուր հոլովոյթը, անդրադարձ կատարուեցաւ սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծին մէջ ամրագրուած մօտեցումներուն եւ նախագիծի առանձին կէտերուն: Խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան հանդիպումի մասին ըսաւ, որ իրենք գոհ են այդ հանդիպումէն: «Մեր տեսակէտները հիմնական բոլոր ուղղութիւններով կը համընկնին», աւելցուց ան: Նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Օրինաց Երկիր կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին մասնակիցները նախագահին ներկայացուցին Հայկական վերածնունդ հասարակական քաղաքական միաւորման մօտեցումները՝ սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծին մէջ տեղ գտած առանձին դրոյթներու վերաբերեալ եւ կարեւոր նկատեցին Ազգային ժողովին մէջ սահմանադրութեան փոփոխութիւններու նախագիծին շուրջ աշխոյժ քննարկումները:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

