• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբաններու Սիս Կատարած Այցելութեան Տեսանիւթը Հրապարակուեցաւ

28.08.2015   18:18

Արամ Ա. կաթողիկոսի թելադրութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2015-ին այցելած էր Սիսի կաթողիկոսարան, ուր կատարուած էր հոգեհանգիստ` 1293-ին Հայոց կաթողիկոսութեան Սիս հաստատուելէն մինչեւ 1915 Սիսի մէջ գահակալած երջանկայիշատակ հայրապետներուն հոգիներուն համար:

Ապա նոյն վայրին մէջ կարդացուած էր Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը: 100 տարի ետք Սիսի կաթողիկոսարանի փլատակներուն մէջ առաջին անգամ կը հնչէր հայրապետական պատգամ` ուղղուած մեր ժողովուրդին:

Այս մասին տեսանիւթը արդէն հրապարակուած է ու զայն  կարելի է դիտել` այցելելով

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր