• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հայկական Կողմը Ետ Մղած է Խոտորեցնող Ներթափանցման Փորձը

28.08.2015   18:10

Օգոստոս 28-ին ժամը 01.40-ի մօտ, ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի արեւելեան ուղղութեամբ՝ հակառակորդը ձեռնարկած է հետախուզա-խոտորեցնող ներթափանցման հերթական փորձ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան (ԼՂՀ) Պաշտպանութեան Նախարարութեան (ՊՆ) մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններով, Պաշտպանական Բանակի (ՊԲ) յառաջապահ ստորաբաժանումները ժամանակին հաւաստանշած են՝ ատրպէյճանական զինուժի 20-25 հոգիէ բաղկացած յատուկ ջոկատայիններուն յառաջխաղացումը եւ անոնց կորուստներ պատճառելով` ետ շպրտած իրենց ելման դիրքերը:

Ծաւալած մարտերու ընթացքին հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած: Բացի հետախուզա-խոտորեցնող գործողութենէն, հակառակորդը Օգոստոս 27 լոյս 28-ի գիշերը, տարբեր տրամաչափի հրաձգային եւ հրետանային զինատեսակներէ հրադադարը խախտած է շուրջ 110 անգամ, որուն ընթացքին արձակած է 2000-է աւելի կրակոց:

ՊԲ յառաջապահ ստորաբաժանումներու պատասխան գործողութիւններէն յետոյ, հակառակորդին աշխուժութիւնը ճնշուած է: Առաջնային գիծի ամբողջ երկարութեամբ հայկական ուժերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել՝ իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը:

 

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր