Ստեփանակերտի Մէջ Պիտի Կայանան ԼՂՀի Հռչակման 24 Ամեակին Նուիրուած Տօնական Հանդիսութիւններ

Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանի նախագահութեամբ, Օգոստոս 24-ին տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի հռչակման 24-րդ տարեդարձին նուիրուած տօնական նախաձեռնութիւններու կազմակերպման եւ համակարգման կառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստը:
Artsakhpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ այս նախաձեռնութիւններուն հետ առնչութիւն ունեցող գերատեսչութիւններու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ քննարկուած են՝ տօնական ձեռնարկներու նախապատրաստութեան առնչուած հարցեր։
Սեպտեմբեր 1-2ին տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններ պիտի կատարուին մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ շրջաններու մէջ: Հանրապետութեան բոլոր կրթական հաստատութիւններուն մէջ նոր ուսումնական տարուան առաջին դասը պիտի տրուի խաղաղութեան նիւթով՝ դասընթացքին կազմակերպման ներգրաւելով պետական պաշտօնեաներ, Արցախեան պատերազմի մասնակիցներ եւ պաշտպանութեան բանակի սպայական կազմի ներկայացուցիչներ: Ստեփանակերտի մէջ պիտի ներկայացուի Ճիուզեբէ Վերտիի «Ռեքվիեմ» ստեղծագործութիւնը:
Սեպտեմբեր 2-ին մայրաքաղաքի եւ շրջաններու փողոցներով պիտի տողանցեն զինուորական զօրասիւներ: Պիտի կազմակերպուին այցելութիւններ յուշահամալիր, պիտի կատարուի ծաղկեպսակի զետեղում, նաեւ այցելութիւն զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակին նուիրուած յուշարձաններ։
Շուշիի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայաստանի ազգային ագրարային համալսարան»ի՝ Ստեփանակերտի մասնաճիւղի նոր շէնքի բացման արարողութիւնը: Տօնական նախաձեռնութիւնները պիտի աւարտին Սեպտեմբեր 2-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ համերգով եւ հրավառութեամբ:
Նիստի աւարտին Արթուր Աղաբեկեան համապատասխան գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն տուած է յանձնարարականներ՝ ձեռնարկները պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու վերաբերեալ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

