• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Հայաստանի Մէջ Կը Բացուի Միջազգային Աստղագիտական Միութեան Գրասենեակ

25.08.2015   17:18

Միջազգային աստղագիտական միութեան Աստղագիտութեան զարգացման գրասենեակը, նոր համակարգման բաժիններ հիմնադրած է Հայաստանի, Քոլոմպիոյ, Յորդանանի, Նիկերիայի եւ Փորթուկալի մէջ։

Ըստ News.am-ի Միութեան կայքին վրայ նշուած է, որ նոր երկիրներու հետ գործընկերութիւնը մաս կը կազմէ կազմակերպութեան տասնամեայ ռազմավարական ծրագիրին, որուն թիրախը աստղագիտութեան հասարակական շահի իրացումն է։

Համաձայնագիրը ստորագրուած է Հոնոլուլուի մէջ, կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովին ընթացքին:

Հինգ նոր գրասենեակները պիտի կատարեն երկու կարեւոր գործառնութիւն. շրջանային բաժանմունքները պիտի համակարգեն գործունէութիւնը՝ դրացի երկիրներուն մէջ աստղագիտութեան զարգացման ոլորտին, իսկ լեզուական փորձագիտական կեդրոնները պիտի զբաղին լեզուային եւ մշակութային կողմերով:

Հարաւ-արեւմտեան Ասիոյ շրջանային գրասենեակ պիտի բացուի Հայաստանի մէջ՝ Բիւրականի աստղադիտարանին կից:

 

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր