• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Տեկորի Հայկական Եկեղեցին Փլուզման Վտանգի Տակ Է

30.07.2015   13:43

Կարս նահանգի Տեկոր գաւառին մէջ գտնուող հայկական հինգ եկեղեցիներէն միակ կանգուն մնացածը՝ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, փլուզման վտանգի տակ է:

Վկայակոչելով թրքական «Միլլիյէթ» թերթը՝ “Ակունք” կը գրէ, թէ եկեղեցին կարճ ժամանակի ընթացքին վերջնականապէս պիտի կործանի՝ միւս չորս եկեղեցիներուն նման:

Ախոռի վերածուած այս եկեղեցւոյ պատերը փլած են, իսկ քարերը՝ փոխադրուած տեղւոյն բնակիչներուն կողմէ, նաեւ եկեղեցւոյ որոշ հատուածները քանդուած են գանձախոյզերու կողմէ:

Տեկորի հինգ եկեղեցիներն են՝ Սուրբ Կարապետ, Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Ստեփանոս, Սուրբ Գրիգոր եւ Սուրբ Սարգիս: Այս եկեղեցիները ընդգրկող վանական համալիրը լքուած է 13րդ դարուն՝ մոնկոլներու արշաւանքներէն ետք:

1878-ին, երբ Կարսի մարզը անցած էր ռուսական տիրապետութեան տակ, վանական համալիրը վերանորոգուած եւ վերաբացուած էր:

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր