«Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնը Սկսաւ

Ալեքսանտր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ Երեւանեան «Ոսկէ ծիրան» 12-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Փառատօնի բացումին նախորդեց կարմիր գորգի հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան փառատօնի պատուաւոր հիւրեր Օռնելա Մութի եւ Նասթասիա Քինսքին, ինչպէս նաեւ հռչակաւոր բեմադրիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան արուեստի վաստակաւոր գործիչ եւ ժողովրդական արուեստագէտ Արտաւազդ Փելեշեան, բազմաթիւ անուանի արուեստագէտներ, հիւրեր եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
12-րդ «Ոսկէ ծիրան»-ը այս տարի ստացած է աւելի քան 1600 դիմում 105 երկիրներէ: Ընտրուած մօտ 200 ժապաւէնները բաշխուած են 4 մրցութային ու արտամրցութային ծրագիրներու վրայ:
Փառատօնի հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանի փոխանցումով, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով այս տարի մուտք գործած են «Մենք կանք» եւ «Այլեւս երբեք» ծրագիրները:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

