Ցեղասպանութեան Ճանաչման Աւանդի Համար Օտար Գործիչները Կրնան Պարգեւատրուիլ Երախտագիտութեան Մետալով

Հայաստանի խումբ մը պատգամաւորներ կ’առաջարկեն Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ցեղասպանութիւններու դատապարտման եւ կանխարգելման, ինչպէս նաեւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի գործին մէջ նշանակալի եւ ծանրակշիռ աւանդ ունեցող օտարերկրեայ քաղաքացիներուն:
Այդ նպատակով կառավարութեան քննարկման ներկայացուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու եւ պատուաւոր կոչումներու մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծը, որն ընդգրկուած է կառավարութեան Փետրուար 12-ի նիստի օրակարգին մէջ:
Ըստ Armenpress.am-ի` գործադիրը նախագիծի վերաբերեալ սկզբունքային առարկութիւններ չունի: Գործող օրէնքի 25-րդ յօդուածին համաձայն` երախտագիտութեան մետալով կը պարգեւատրուին պետական, հասարակական գործիչներ, տնտեսութեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ այլ բնագաւառներու գործիչներ, մինչդեռ կան նաեւ օտարերկրեայ քաղաքացիներ, որոնք իրենց նշանակալի աւանդը ներդրած են Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ցեղասպանութիւններու դատապարտման եւ կանխարգելման, խախտուած իրաւունքներու վերականգնման, ինչպէս նաեւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի գործին մէջ, սակայն մինչ այժմ պարգեւի համապատասխան տեսակով` երախտագիտութեան մետալով չեն պարգեւատրուած:
Օրինակ, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Աննա Էշուն, ծերակուտական Մարք Քըրքը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ատամ Շիֆը, Պրետ Շերմանը, Հովարտ Պերմանը
եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Էտ. Ռոյսը, պետական քաղաքական գործիչ Ճիմ Քարիճիաննիսը (ԳԱՆԱՏԱ), Ճորճ Ռատանովիչը (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), Եւրոպական Խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Անրի Սապը եւ հասարակական, պետական-քաղաքական այլ գործիչներ պարգեւատրուած են Մխիթար Գոշի մետալով, այնինչ` նախագիծի ընդունմամբ հնարաւոր կ’ըլլայ նման գործիչներուն պարգեւատրել Երախտագիտութեան մետալով:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

