• London

  • Beirut

  • Moscow

  • Los Angeles

  • Paris

  • Sydney

  • Toronto

Ապրիլ 23-ին 100 Ղօղանջ Պիտի Հնչէ

02.02.2015   16:06

2015-ի Ապրիլ 23-ին, խորհրդանշականօրէն ժամը 19:15-ին, Հայաստանի Ս. Էջմիածին մայրավանքի մէջ, տեղի պիտի ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հաւաքական սրբադասման արարողութիւնը, որմէ ետք Հայաստանի բոլոր եկեղեցիները 100 ղօղանջ պիտի հնչեցնեն:

Նախատեսուած է, որ նոյն ժամուն աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիները եւ այլ յայտնի եկեղեցիներ միանան այս նախաձեռնութեան։ 100-րդ հնչիւնէն ետք, մէկ վայրկեան լռութիւն պիտի տիրէ երկրի մէջ՝ պիտի կասեցուի ամէն ինչ (երթեւեկութիւն, լրատուամիջոցներ եւ այլն…):

Այնուհետեւ Էջմիածնի մէջ՝ երգչախումբի կատարմամբ՝ պիտի հնչէ “Սուրբ սուրբ”-ն ու “Հայր մեր”-ը։ Կը նախատեսուի միաժամանակ նոյն աղօթքները երգչախումբերու կողմէն հնչէ նաեւ աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ։

Նախաձեռնութիւններուն միացող համայնքներու իրականացուցած արարողութիւնները պիտի սփռուին Հայաստանի հեռուստատեսութեամբ։

Share Button

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Լրատուութեան գործընկեր