«Կայ Վարկած, որ Փերմեաքովը Առանձին Չէ Գործած». Յունան Պօղոսեան

Նախաքննութիւնը կը դիտարկէ վարկած, որ Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու սպանութեան մէջ մեղադրուող` ռուսական 102-րդ ռազմակայանի ժամկետային զինծառայող Վալերի Փերմեաքովը միայնակ չէ գործած: Այս մասին ըստ «News.am»ի՝ Յունուար 26-ին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հայաստանի ոստիկանութեան պետի առաջին տեղակալ, ոստիկանութեան գնդապետ Յունան Պօղոսեանը:
Փոխ ոստիկանապետը յայտնած է, որ նախաքննութեան ընթացքին առաջ կը բերուին տարբեր վարկածներ, որոնք կ՛ուսումնասիրուին եւ կամ կը հերքուին, կամ կը հաստատուին:
«Հայ ու ռուս իրաւապահները կ՛աշխատին եւ նախաքննութեան աւարտէն ետք ամէն ինչ պարզ կ՛ըլլայ», ըսած է ան:
Յունան Պօղոսեանը հերքած է նաեւ այն տեղեկութիւնները, թէ ռուսական ռազմակայանէն դէպքին օրը եւս 6 զինծառայող փախուստի դիմած է. «Դէպքի վայր ժամանելէն ետք ես հրաւիրած եմ ռազմակայանի պատասխանատուները, որոնք պարզաբանումներ տուած են մեզի»:
Յիշեցնենք. որ Յունուար 12-ին Գիւմրիի մէջ սպաննուած գտնուած էին Աւետիսեաններու ընտանիքին վեց անդամները, իսկ ընտանիքի ամենակրտսեր անդամը` 6 ամսական Սերիոժա Աւետիսեանը, ծանր վիճակի մէջ տեղափոխուած էր հիւանդանոց, սակայն Յունուար 19-ին փոքրիկը նոյնպէս մահացած էր:
Սպանութեան գործով մեղադրեալը ռուսական ռազմակայանի ժամկետային զինծառայող Վալերի Փերմեաքովն է: Ռուսական կողմը քրէական գործ յարուցած է «դասալքութիւն» եւ «սպանութիւն» յօդուածներով: «Սպանութեան» գործ յարուցուած է նաեւ ՀՀ ՔԿ-ին կողմէ:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

