Նոր Նահատակ Մը Ինկաւ Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանագիծին Վրայ

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ յայտարարած է, որ հակառակորդը լարուած պահած է Տաւուշի շրջանը, ուր փորձած է ներթափանցման փորձ կատարել: Յովհաննիսեան նաեւ ըսած է, որ հայկական կողմը կասեցուցած եւ ետ մղած է թշնամին : Ըստ Յովհաննիսեան անցնող մի քանի օրերուն ազրպէյճանական կողմը տուած է 5 էն-6 զոհ, որոնցմէ երկուքը սպաննուած են կոխելով ականի մը վրայ:
Նոյն ուղղութեամբ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ՀՀ ՊՆ N զօրամասի մարտական յենակէտին մէջ, հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտելու հետեւանքով ստացած հրազէնային վնասուածքներէ զոհուած է պայմանագրային զինծառայող Արման Ուտումեանը:
Ըստ «Արմէնփրես»ի՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արման Ուտումեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Leave a Reply
Լրահոս
-
29.09.2020
Մեր Յաղթանակը Այլընտրանք Չունի. Յայտարարութիւն
-
16.09.2020
Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հանդիպումը Մտաւորական Ընկերներու Հետ
-
11.08.2020
Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ՝ Չարլզ Միշըլի Այցը Հաուըրտ Գարակէօզեան
-
11.08.2020
Հայաստան Հաստատուած Լիբանանահայերուն Ուշադրութեան
-
11.08.2020
Կառավարութիւնը Հրաժարեցաւ. Կը Մնայ Որ Խորհրդարանը Եւս Հրաժարի
-
10.08.2020
Ես Գիտեմ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Վեհափառ
-
10.08.2020
Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Լիբանանի Մէջ. Հանդիպում Մամուլի
-
10.08.2020
Սեւրի Դաշնագրին 100րդ Տարեդարձին Առթիւ
-
10.08.2020
ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ. Սեւրի Դաշնագիր

